Տերեւաթափ․- ՏՈՔԹ․ ԺԱՆԷԹ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ․ Բժշկուհին, Գիտնականը, Մարդը, Մշակը եւ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

2 0
Read Time:5 Minute, 24 Second

 

Մարդ արարածը կեանքի ճամբորդ է։ Կը ծնի, ֆիզիքապէս կ՛աճի: Կեանքի փորձառութիւններ կ՛ամբարէ։ Գիտակցական համոզումներով ընտրութիւններ կ՛ընէ, ապա, եւ միայն ապա՝ մտայնապէս եւ հոգեպէս կը կազմուի։ Կը դառնայ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Այլ բնորոշումով՝ ԱՆՁՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ․ Այսինքն ա՛յն, որուն կը տեսնենք եւ որուն հետ կը հաղորդակցինք։

Ժանէթ, այսպէս ճանչուած էր։

Ծնած էր Սեպտեմբեր 20, 1938-ին Մուսուլ (Իրաք)։ Կրտսեր դուստրն էր եղեռնէն ճողոպրած Տիգրանակերտի Սաթուգեղցի Աբրահամ Մուրատեանի եւ Տիգրանակերտցի Թալիա Տուլիսանեանի։

Նախնական ուսումը ստացած էր Մուսուլի Հայկական Ազգային նախակրթարանին մէջ։ Հիւծախտով տառապած հայրը կորսնցուց փոքր տարիքին։ Քրոջը՝ Ալիսի ամուսնութենէն ետք, մօրը հետ փոխադրուեցան Սուլէմանիյէ քաղաքը, ապա` Քէրքուք:

Հիւսիսային Իրաքի երկրոդական վարժարաններու պաքալորեայի առաջնութիւնը շահած է 1955ին։ Նոյն տարին, տասնըեօթը տարեկանին, ընդունուած է Պաղտատի Բժշկական համալսարանը, որը աւարտած է 1961-ին համալսարանին առաջնութեան արժանանալով։

Իրաքի բժշկական համալսարանի պատմութեան մէջ, Ժանէթ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆՆ է, որ այդ կոչումին արժանացած է։

Բազմակողմանի յատկութիւններով օժտուած էր Ժանէթ-

ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԷՐ ԵՒ ԲԺՇԿՈՒՀԻ։

1964-ին, Միացեալ Նահանգներու Քորնէլի բժշկական Համալսարանի մէջ մասնագիտացաւ վիրա-հատութեան ախտորոշման՝ (surgical pathology) քաղցգեղի, երիկամներու եւ Էյտս մարզերուն մէջ: Իր մասնագիտութեան մէջ արժանացաւ Միացեալ Նահանգներու րաձրագոյն Պորտ վկայականի:

Քորնէլ Բժշկական Համալսարանը այսպէս կը բնորոշէ համաշխարհային ճանաչում վայելող Ժանէթի 36 տարիներու գործունէութիւնը։ «Գերազանցապէս յարգուած դասախօս էր բժշկական համալսարանին մէջ․ դաստիարակն էր Միացեալ Նահանգներու կարգ մը նշանաւոր ախտաճանաչական բժշկական մասնագէտներու։ Տոքթ․ Մուրատեան խանդավառող եւ երեւակայող ուսուցողն էր, յատկապէս շնորհուած էր իր խանդավառութիւնը փոխանցելու իր ուսանողներուն։ Առ այդ, ան կրկնակի առիթներով «լաւագոյն դաստիարակի» կոչումը ստացաւ համալսարանին մէջ։ Համաշխարհային ճանաչում վայելող Տր․ Մուրատեան մեծապէս յարգուած եւ գնահատուած էր իր համակարգին մէջ գործող մասնագէտներուն կողմէ իր բազմաթիւ գիտական յետազօտական եւ գիրքերու մասնագիտական յօդուածներու հրատարակութիւններուն համար։ Տարիներով ան Քորնէլ Բժշկական Համալսարանի ախտաճանաչման բաժանմունքի տնօրէնն էր։ Իր նուիրումը, մասնագիտութիւնը միշտ պիտի յիշուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք առիթը ունեցած են գործակցելու անոր հետ։»

Ան ստացաւ համալսարանի բարձրագոյն պատուաւոր Emerita Professor-ի կոչումը։

Համաշխարհային ճանաչում վայելեց։ Հեղինակն է աւելի քան յիսուն գիտական յետազօտական աշխատասիրութիւններու: Մասնակցած է թէ՛ ԱՄՆի, թէ՛ համաշխարհային բազմաթիւ բժշկական գիտաժողովներու։ Բազմաթիւ տեղական եւ համաշխարհային բժշկական դասախօսութիւններ ներկայացուցած է։ Հրաւիրուած էր արտասահմանեան երկիրներ դաստիարակելու տեղւոյն ախտաճանական գիտաշխատողներ։

Համալսարանէն դուրս, Ժանէթ իր մասնագիտական բժշկական խորհուրդներով օժանդակեց բազմաթիւ անհատներու։ Փափկանկատ բժշկուհին, իրեն դիմողներուն հիւանդութիւնները գաղտնապահութեան սահմաններուն մէջ պահեց։

Գիտական եւ բժշկական մարզին զուգահեռ, Տոքթոր Մուրատեան բացառապէս գերզգայուն ՄԱՐԴ էր, բառին յատկութիւններու խորագոյն եզրերով։

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ համաշխարհային եւ յատկապէս Հայ Գրականութեան սիրահար էր։ Տրցակներ կը պահէր իր սիրած գրական երկերէն։

Իր յատկութիւններու գերագոյն արժանիքը իր ԱՆԽԱԽՏ ՀԱՅ ըլլալն էր։

Հայաստանն ու Հայութիւնը իր կեանքի առանցքն էին։ Անքակտելի եւ անքննելի։

Իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ Ապրիլի 20-ին։ Անունի փնտռտուք չեղաւ։ ԿԱՄՔ․․․ Հայ ժողովուրդի ապրելու եւ յարատեւելու ուժը մարմնաւորող անունը ծնաւ։ Դուստրը պիտի ծնէր Նոյեմբեր 29-ին, առաջին անկախ Հայաստանի փլուզումի թուականին, նորէն պրպտումի հարկ չկար․․․ անկախանալու ԵՐԱԶը պիտի պահուէր։ Կամք եւ Երազ ահա իր հոգեհատոր զաւակները։

Ժանէթ իր գրական, մշակութային, թատերական շնորհքներու հարազատ վայրը պիտի գտնէր նախ Պաղտատի Հ․Մ․Ը․Մ․-ին մէջ, ուր գրական յանձնախումբի անդամ էր։ Սակայն իր նուիրուածութիւնը, ծաւալումը, բառին իսկական առումով ծաւալման դաշտը պիտի ըլլար Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը։

Հիմնադիր անդամ էր Համազգայինի մասնաճիւղին։ Անդամ էր մասնաճիւղի «Մենք» պարբերականի խմբագրական կազմին։ Անդամ էր երգչախումբին։

Հիմնադիրն էր մասնաճիւղի՝ թէ՛ «Գրական Գոհարներ եւ Գինի», թէ՛ «Աշակերտական Գիտելիքներու» միջվարժարանային հրապարակային ձեռնարկներուն։ Ժամեր, օրեր կը յատկացնէր գրական երկերու ընտրութիւններ կատարելով։ Կապ կը հաստատէր բոլոր մասնակցողներուն հետ անոնց առոգանութեան ուղղութիւններ, միտքերու բացատրութիւններ տալով։ Իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ ցուցադրական միջոցներու վրայ կ՛աշխատէր։ Գոհունակութեամբ եւ անսահման սիրով կ՛ողջագուրէր մասնակցողները։

Ժանէթ իր բծախնդիր, ճշդապահ, խոր կարողութիւնները տրամադրեց նաեւ Նիւ Եորքի Համազգայինի թատերախումբի գործունէութեան։

Թատերախումբի 56 տարիներու գործունէութեան ընթացքին ան եղաւ թատերախումբի բեմական կատարողութեան գործադիրը- stage manager-ը։ Այսօր առանց դոյզն վարանումի կարելի է հաստատել, որ առանց Ժանէթի բծախնիր մօտեցման, Համազգայինի Նիւ Եորքի ներկայացումները պիտի չ՛արժանանային այն իւրայատուկ գերազանց պատիւին զոր կը վայելեն այսօր։

Ժանէթ իր գիտական արհեստավարժ կարողութիւնները դրսեւորեց Սուրբ Նարեկացիի ծննդեան հազար ամեակի տօնակատարութեան առթիւ։ Երեկոն գիտական սիմփոզյոմի  բնոյթ ստացաւ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորք Համալսարանին մէջ մասնակցութեամբ գիտաշխատողներու՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։

Ժանէթ անդամ էր Հ.Օ.Մ.-ին։ Ան վարեց Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետի պաշտօնը։ Եղաւ Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Անսահման սիրով եւ ակնածանքով կը նշէր որ ինք, իր հօր մահէն ետք, Մուսուլ, եղած էր Հ.Օ.Մ.-ի սան։ Բազմիցս դասախօսած քաջալերած եւ դաստիարակած է նորագիր Հ.Օ.Մ.-ուհիները։

Ժանէթ անդամակացած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 1957-ին։ Հայ Դատի անխախտ զօրավիգ, յարատեւ նուիրումով ան մասնակցեցաւ Դաշնակցութեան հրապարակային, պահանջատիրական ելոյթներուն։

Ժանէթ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Վարժարանի ամենօրեայ վարժարանին խնամակալ մարմնի քարտուղարութիւնը վարեց։

«Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ, բազմաթիւ յօդուածներով նկարագրած է տեղական ձեռնարկներ, Արեւմտեան Հայաստանի այցելութիւնը, Հ.Օ.Մ.-ի կատարած աշխատանքի հիմնական կարեւորութիւնը: Երբէք իր անունը չըստորագրեց․․․ Խորիմաստ «Ներկայ» կ՛ըստորագրէր․․․

Հայաստան իւրայատուկ, անգերազանցելի տեղ կը գրաւէր Ժանէթի գիտակցութեան մէջ։

Հայաստանի իր առաջին այցելութիւնը 1990-ի Ապրիլին էր, իր ամուսնութեան 35-ամեակին։ Այդ թուականէն ի վեր, գրէթէ ամէն տարի Հայաստան այցելեց։

Երեւանի մէջ Ժանէթի ժամադրավայրը Սայաթ Նովա պողոտային վրայ Հ.Օ.Մ.-ի գրասենեակն էր։ Հոն ընկերուհիներուն հետ կը ծանօթանար Հ.Օ.Մ.-ի մտահոգութիւններուն եւ գործունէութեան:

Այդ խթան եղաւ որ Ժանէթ իր ուժերը կեդրոնացնէ Հայաստանի օժանդակութեան կարօտ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներու պահանջներուն վրայ։ Եւ այդպէս  վերջին տասը տարիներուն, ձեռնարկեց օժանդակութիւն հասցնել անոնց։ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ եւ օտար ծանօթներու օժանդակութեամբ Ժանէթ կարողացաւ պատկառելի նպաստ տանիլ դպրոցներուն՝ գրասեղաններ, գիրքեր, նորոգութիւններ կատարել տալ։ Խստապահանջ իր կեցուածքով, ամէն նպաստողի պաշտօնական ստացականներ կը բերեր Հայաստանէն։

Ժանէթ պսակուեցաւ Հրանդ Մարգարեանին հետ Յունիս 6, 1965-ին Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պսակադրութեամբ Գուրգէն Քհնյ․ Եարալեանի։ Բախտաւորուեցան երկու զաւակներով՝ Կամք եւ Երազ։

Ան հպարտ էր իր զաւակներուն կրթական վերելքներով։ Կամք յաճախեցաւ Հարվըրտ Համալսարան ապա Շիքակոյի համալսաւանէն ստացաւ փաստաբանական իր տոքթոռան։ Երազ յաճախեցաւ Քոլոմպիա համալսարանի Պարնարտ Քոլէյճ ապա Ֆօրտըմ համալսարանէն տոքթոռայի վկայականով վկայուեցաւ հոգեբանութեան մէջ։

Անսահմանօրէն համեստ, խոհուն, նուիրեալ, oգնող անսպառ եռանդով, Ժանէթ իր մահկանացուն կնքեց Փետրուար 25-ին գիշերուան ժամը 12:12-ին, իր տանը մէջ շրջապատուած ամուսինով, զաւակներով եւ հարազատներով։

Իր տոկուն, յոգնիլ չգիտցող, բացարձակ օգնող, հոգին կը սաւառնի այսօր եւ կը խորհինք Քելթիկ սա եղերերգի տողերով կը դիմէ մեզի՝

Մի՛ սգաք․․․

Ոչ ալ արցունքով խօսեցէք իմ մասին․․․

Խնդացէք այնպէս, ինչպէս որ պիտի խնդայիք երբ ձեր կողքին ըլլայի։

Սիրեցի ձեզ

Դրախտ էր ձեր հետ ըլլալը:

 

Սգակիրներ՝ Հրանդ, Կամք եւ Երազ

եւ թոռներ՝ Մատթէոս եւ Սարին

***

ԳՈՅԺ

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Հ․Օ․Մ․-ի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն վաստակաշատ ընկերուհի՝  Ժանէթ Մարգարեանի (ծնեալ՝ Մուսուլ (Իրաք), 1938-ին) մահը, որ պատահեցաւ Փետրուար 25-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Խորին ցաւակցութիւններ՝ հարազատներուն եւ Հ․Օ․Մ․-ի բոլոր անդամներուն։

***

ՄԱՀԱԶԴ

«Հայրենիք»-ը, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի «Համազգային»-ն ու Հ․Մ․Ը․Մ․-ը եւ Նիւ Եորքի Հ․Յ․Դ․ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւնը կը գուժեն մահը՝

Ժանէթ Մարգարեանի,

որ պատահեցաւ Կիրակի Փետրուար 25-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles