96 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ԿՏԱԿ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

0 0
Read Time:1 Minute, 7 Second

Կիրակի, Յունուար 28-ին, տէր եւ տիկին Կրէկըրի եւ Փօլէթ Ռոպըրց (Ֆայէթվիլ, Ճորճիա) եւ իրենց բարեկամները՝ Ճուտիթ եւ Էտ Ֆուլըր, այցելեցին Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին, որուն 96 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին՝ յանուն հանգուցեալ Թելմա Կիւլամէրեանի (1933-2021)։

Կիւլամէրեան ծնած էր Նիւ Եորք, 1933-ին, եւ մկրտուած՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, 26 Դեկտեմբեր, 1948-ին, օրուան հոգեւոր հովիւ՝ լուսահոգի Արժպ. Տ.Արսէն Աւագ Քհն. Սիմէոնեանցի կողմէ։ Հօր մահէն ետք, փոխադրուած էր Աթլանթա (Ճորճիա) իր մօր՝ Աստղիկ Կիւլամէրեանի եւ քրոջ՝ Քլէրի հետ, հոն տեղափոխուած ու ամուսնացած միւս քրոջ՝ Սեդայի մօտ ըլլալու համար։ Թելմա Կիւլամէրեան երկարամեայ վարձակալ եղած է Կրէկըրի Ռոպըրցի, որուն հետ բարեկամական կապեր մշակած է։ Անոր յայտնած է իր ցանկութիւնը՝ ունեցուածքը Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կտակելու, հակառակ անոր, որ երկար տարիներ Նիւ Եորքէն հեռու մնացած էր։ Ռոպըրց սիրայօժար կերպով ստանձնած էր կտակատարութիւնը եւ գործադրած՝ Թելմա Կիւլամէրեանի ցանկութիւնը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Կիւլամէրեան ընտանիքին ի յիշատակ, որմէ ետք յատուկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Երգչուհի Յասմիկ Մէյխանէճեանի հայկական երգերու կատարումէն ետք, Կրէկըրի Ռոպըրց ներկայացուց Թելմա Կիւլամէրեանի կենսագրութիւնը եւ արտայայտուեցաւ իրենց բարեկամութեան մասին։ Եկեղեցւոյ ծխականներէն Քրիսթոֆըր Փառնակեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Արմէն Մորեան խօսեցան Մայր Եկեղեցւոյ զգացական կարեւորութեան մասին ամերիկահայութեան իրերայաջորդ սերունդներու կեանքին մէջ, որոնց շարքին էր հանգուցեալ Թելմա Կիւլամէրեան։ Յայտագրի աւարտին, Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան այցելուներուն յուշանուէրներ յանձնեց ի նշան երախտագիտութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles