Յ. Պալեան
Ձմրան ցուրտ կիրակի: Տեղացած ձիւնը կը յամառի մնալ ծառերուն վրայ եւ զերթ տանտիկինին լուացած ու արդուկած սպիտակ սաւան, կը ծածկէ մերկ hողը: Պատուհանէն թափանցող արեւը ջերմութեան խաբկանք կը ստեղծէ: Համակարգիչի պատուհանը կը յիշեցնէ, որ առանձին չեմ, նոյնիսկ երբ դուռը թակող չկայ:
Բոլոր հոգեպէս ընկճուած հայերուն պէս, բացատրութիւններ կը փնտռեմ ազգի անփառունակ վիճակը եւ լքումները հասկնալու համար: Թերեւս ալ զանոնք շրջանցելու: Ճառ խօսողը պիտի ըսէր՝ յաղթելու եւ յաղթահարելու: Հեռուներ չեմ երթար: Ես ինծի հարց կու տամ, թէ մենք Ի՞նչ ըրինք եւ կ’ընենք, որ չըլլանք միջազգային անուժ փարիա, անհայրենիք, միշտ կախեալ ուրիշէն, ուրիշներէն, որոնք քաղաքական շուկային մէջ մեզ կ’առնեն եւ կը ծախեն, կ’ընեն այնպէս, որ հաւատանք թէ խաղին մասնակից ենք, մեզի կը շնորհեն… խոստում, բարեսիրութիւն:
Եթէ մեր հայեացքը, փոխանակ ուղղելու ասդին եւ անդին, մենք մեզ դիտէինք, արեւին տակ մեր տեղը գտնէինք եւ անոր տէր ըլլայինք, տարբեր կ’ըլլար մեր օրը:
Ինչպէ՞ս տեղ ունենալ եւ անոր տէր ըլլալ, երբ մենք մեզի շնորհած ենք անծայր եւ անծիր սնափառութիւններ, չեղած Համաշխարհային Ազգի անգոյ թագեր ու տիտղոսներ:
Եթէ որպէս Տէրունական աղօթք ամէն օր կրկնէինք պատմութեան մտերիմ հասկացողութիւնը ունեցող բանաստեղծ Գէորգ Էմինի հոգեվերլուծական հառաչանքը… կը յեղափոխուէինք:
Մենք գահ ու թագ չե՛նք ունեցել,
Եւ… արքայ է ամէն մի հայ,
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպայ է ամէն մի հայ.
Ամէն մի հայ` լերան մի ծերպ,
Ամէն մի հայ` ուրոյն մի կերպ,
Ամէն մի հայ` մի Հայաստան
Բաժան-բաժան,
Անմիաբան,
Զատուա՜ծ, հատուա՜ծ,
Եւ սակայն` մի`
Երբ սպառնում է թշնամին
Մեր դարաւոր անմահ երթին
Եւ այս ժայռին թառած բերդին,
Որ Հայրենիք ենք անուանում…
Գէորգ Էմին կարծէք չ’ուզեր ընդունիլ եւ հաւատալ, որ ախտաւոր անմիաբաններ ենք, եւ յուսահատ բանաստեղծը միաբանութիւն «ՄԻ»ի բարոյախօսութիւն կ’ընէ: Ո՞վ եւ ո՞ւր տեսած է, բանաստեղծի « ՄԻ»ն…
Բանաստեղծին խօսքը կը յուզէ, տաք տեղ նստած կրնանք ծափահարել: Յետո՞յ:
Ուրիշ ժողովուրդներ ունեցած են իմաստուններ, որոնք «ՄԻաբանութեան պատճառները ուզած են հասկնալ, ունեցած են ՄԻ»ի եւ «ՄԻԱՑՄԱՆ» ճառագայթող հզօր գիտակցութիւն ունեցող առաջնորդներ, որոնք իրենց ժողովուրդը անցուցած են Կարմիր Ծովէն, ինչպէս՝ Մովսէսը, կամ մեզի գրեթէ ժամանակակից իր ժողովուրդի պարտութիւնը մերժած եւ զայն յաղթանակի առաջնորդած՝ ֆրանսացի զօրավար Շարլ տը Կոլը, որ կը մնայ անժխտելի ազգային-քաղաքական հեղինակութիւն եւ չի մաշիր:
Եթէ կարելի ըլլար, հայութիւնը կրծած եւ կրծող ախտերուն տեսակ մը ռատիոսքոփին ընել եւ անոնց պատճառը հասկնալ, թերեւս, դարման կը գտնէինք: Այլ հարց է թէ կ’ուզե՞նք դարմանել եւ դարմանուիլ:
Դարերու վրայ տարածուող չար պատմութիւնը խորշակահար ըրած է մեզ եւ յանձնած փոթորիկներու քմայքին, եւ մենք մեր վրանները զարկած ենք նախահայրերու հողէն հեռու, անծանօթ եւ բազմանուն ափեր, վարժուած ենք այդպէս ապրելու: Հայրենիք կորսնցուցած ենք, հաշտուած ենք օտարի, հասկնալ՝թշնամիի իշխանութեան տակ ապրելու, գոհացած ենք գաղութներով եւ համայնքներով, ուր երեւակայական թագ ու գահի տէր ուզած ենք ըլլալ: Յակոբ Պարոնեանի հերոս՝ մեծ ու պզտիկ Աբիսողոմներ:
Ամէն մի հայ մի արքայ…
Ըսի՝ ռատիոսքոբի:
Չենք անհանգստանար, որ հակառակ մեր առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը ըլլալու սնափառութեան, զոր չենք վարանիր բարձրաձայնելու աստ եւ անդ, հաւկուրութենէ կը տառապինք եւ չենք տեսներ, որ ափ մը ժողովուրդ ենք երկրի երեսին, բայց քանի մը տեսակ քրիստոնեայ ենք, բազմագլուխ հայ քրիստոնեաներ. Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական: Գումարեցէ՛ք այլ երկինքներու տակ բուսած եւ մեր մէջ ներածուած աղանդները:
Ափ մը ժողովուրդ ենք եւ ունինք երկու աշխարհաբար լեզու եւ կը գրենք երկու տարբեր ուղղագրութեամբ:
Ո՞վ արգիլած է եւ կ’արգիլէ ՄԷԿ ըլլալ: Հարցուցէ՛ք բանաստեղծին: Պարտուելու համար թշնամիի պէտք չունինք:
Փորձել անհեթեթը բացատրել եւ արդարացնե՝լ անհեթեթութիւն է: Եթէ Քրիստոսի համեստութիւնը դոյզն չափով ունենայինք, հաւատայինք եւ ըստ այնմ գործէինք, տեսակաւոր եւ բազմագլուխ հայ քրիստոնեաներ չէինք ըլլար:
Ափ մը ժողովուրդ ենք, ունինք աղէտներէ փրկուած միայն հողակտոր հայրենիք մը, զոր դեռ կ’ուզեն փոքրացնել, փոքրացուցած են:
Պատմութեան առջեւ՝ Գէորգ Էմինի դատաստանը. Եւ… սպայ է ամէն մի հայ…
Յիշե՛լ մեր պատմութեան նախարարական, տոհմերը, այսօր կ’ըսենք՝ կուսակցութիւնները՝ որոնք իրարու դէմ կռուած են եւ կը կռուին, թշնամիի ածուին ջուր կը բերերեն, տարբեր ուղղութիւններով կը տանին ազգը, ներսը եւ դուրսը, հայրենիքը՝ ինչ որ մնացած է անկէ: ԵՍերու հանդէս, ցուցահանդէս: Պատմահայրը աւելի ճիշդ տեսած է եւ ըսած՝ Ողբ : Ոչ ոք կ’անհանգստանայ՛ երբ խօսափողի առջեւ ուրիշի խօսքը եւ գիրը թութակի պէս կրկնելու համար շորորացողներ ըլլան, կամ՝ այսահարներ:
Եւ կը բազմապատկուին կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները, միութիւնները, իրենց նախագահներով եւ անոնց լուսապսակէն շող մը ունենալու ակնկալութիւն ունեցող՝ ծափահարողներով, սպաներու ետեւէն քալելու պատրաստ՝ հետեւակներ, ռազմի եւ հերոսութեան նոր դաշտին վրայ, որ արհեստագիտութեան շնորհած անպարիսպ եւ անդուռ համացանցն է, ուր ամէն բան եւ հակառակը ըսելու կռիւ կը մղուի, սպայի ուսադիրներով սոնքացողներու եւ անոնց հետեւակներուն միջեւ:
Այսպէս ենք՝ ներսը եւ դուրսը: Մղուող պայքարներէն, ի հարկէ միշտ յոգնակի, բացակայ են հայրենիք, ազգ եւ ինքնութիւն, շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն եւ ՄԱՐԴը: Փոխարինուած են կրկէսի խաղերով, որոնց համար անցեալի ըմբռնում, պատմութիւն, մշակոյթ, լեզու, ժառանգութիւն, ինքնութիւն, ազգ, արժէք, հնութիւն են, անհրաժեշտ չեն, անոնք տարբերութիւններ են, որոնք կը թշնամացնեն եւ կը խափանեն լաւ ապրելու իրաւունքը: Այսպէս ենք՝ ներսը եւ դուրսը:
Պիտի գա՞յ հրաշքի պահը, կամ ՝ Մարդը, որ «կատուին կատու» ըսէ եւ ներշնչէ յանձնառութեան առաջնորդող իմաստութիւն, որպէսզի իր գլխուն վրայ կանգնած հտպիտը, որ կը խաղայ, բայց չի կրնար քալել եւ վազել, ոտքերուն վրայ կանգնի:
Ազգը եւ անոր պատմութիւնը կրկէս չեն: Ազգը իր ոտքերուն վրայ պէտք է կանգնեցնել, որպէսզի ան քալէ, եւ վերջ գտնէ տիկնիկային կամ կրկէսի այլեւս չզուարճացնող խաղը:
Լսել բանաստեղծը.
«Եւ… սպայ է ամէն մի հայ
Ամէն մի հայ` լերան մի ծերպ,
Ամէն մի հայ` ուրոյն մի կերպ,
Ամէն մի հայ` մի Հայաստան»
………….
Վերականգնումը սկսիլ այսօր, նոյնիսկ գիտակցելով որ կան եւ պիտի ըլլան խոչնդոտներ:
Ոտքի կանգնիլ եւ քալե՛լ: Հին Չինաստանի մեծ իմաստուն Կոմփիւկիոս ըսած է, թէ «փոյթ չէ եթէ դանդաղ յառաջանաք՝ այնքան ատեն որ կանգ չէք առներ»:
Ձիւնը դադրած է եւ արեւ կայ: Ոտքերու վրայ կանգնիլ եւ քալել, ինչպէս ըսած է ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սէնթ»’Էկզուփերի, «առնել առաջին քայլը, ապա երկրորդ առաջին քայլը»,եւ շարունակել…
Այդպէս կ’իրականանան իտէալները եւ յաջողութիւնները: Ո՛չ փախուստով: Ո՛չ ալ ֆրանսացի առակագիր Լաֆոնթէնի հոլանտական խոշոր պանիրի մը մէջ ծուարելով, ինչպէս աշխարհէ ձեռք քաշած առնէտը:
Մեր հիացումին արժանացած աստղանաւորդները գիտէին, որ կրնային անհետ կորսուիլ տիեզերքի անհունին մէջ, բայց արեւ եւ լուսին երգելով չմնացին հոն ուր որ էին, ինչպէս մենք երգեցինք եւ ծափ տալով կ’երգենք Սեւան եւ Գետաշէն: Մեր յետնորդները, որպէս աստղանաւորդ կամ հեռուներէ եկած զբօսաշրջիկ, պիտի գան ու երթան Վան, Անի, Տիգրանակերտ, Ստեփանակերտ, Շուշի… եւ հասցէները վաղը կրնան բազմանալ…
Եթէ հոլանտական պանիրով երջանկացող առնէտի վիճակը ազգային իտէալ համարենք:
Միշ՛տ՝ ներսը եւ դուրսը:
Ինչո՞ւ, ներսը եւ դուրսը, յանդգնութիւն չունինք՝ հայրենադարձութեամբ վերակագնումի քայլը առնելու եւ կ’ապաստանինք առնէտի հոլանտական պանիրին մէջ, հրաժարելով ՄԵՆՔ ՄԵՆՔ ըլլալէ:
Պիտի ունենա՞նք արտագաղթի դէմ եւ հայրենադարձութեան իր անուան արժանի ազգային իրաւ քաղաքականութիւն, որ պատեհապաշտութենէ հեռու, շնչէ հայրենատիրութեան արեւով:
Կրկին եւ կրկին ընթերցել Էմինը…
ԵՒ ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ բանաստեղծին եւ ԻՄԱՆԱԼ… եթէ լաւ «ապրելու իրաւունք», չեղած թագ ու գահ, չեն բթացուցած համաշխարհայնացող ազգի հոգին:
Մի ոմն իմաստուն պիտի ըսէ՝ «պոֆ», պոլսահայը պիտի ըսէ՝ «պոշ վեր», Աւետեաց Երկրին մէջ կ’ըսեն »պուլ շիթ»… Եւ պիտի շարունակենք ըլլալ զբօսաշրջիկ-տուրիստ, եթէ աթոռամարտերով չզուարճանանք:
Մտածուա՞ծ է Գէորգ Էմինի երգիծանքի հերոսներով բեմադրել՝ «արդի հայու զաւեշտ»ը, խաւաքարտէ միլիոն սպաներով եւ արքաներով: