ԻՆՉԵ՜Ր ՊԷՏՔ է ՅՈՒՇԷ  «ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՏԱՐԻ»-Ն

0 0
Read Time:6 Minute, 13 Second

Յ. Պալեան

«Մեր ճակատագրին վրայ ազդելու  պատասխանատուութիւնը ունինք:»

 Հաննա Արէնթ

 

            ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ վեհափառ Հայրապետը, ԱՐԱՄ Ա, աւագ դէտ  եւ դերակատար ներազգային կեանքի, մտահոգ էր Սփիւռքով, որ, ընդհանուր գնահատումով, ազգի թուական մեծամասնութիւնն է: Վերստին ընթերցել ինչ որ ըսած էր, երբ 2023ը յայտարարեց Սփիւռքի Տարի: Շատեր խօսեցան այդ մասին: Այս տարի եւս, Վեհափառը  հրաւիրած է իր հօտը՝ մտածելու մարդուժի մասին, որ ընդհանրապէս ազգին, մանաւանդ՝ սփիւռքեան զանգուածներուն համար էական է, որպէսզի համրանքը ինքզինք արժեւորէ եւ կազմակերպէ որպէս ընկերաքաղաքական, հոգեբարոյական եւ մշակութային ուժ, ըլլալու եւ մնալու համար իր ազգային ինքնուրոյնութեամբ հաւաքականութիւն, եւ դիմադրէ իր միութեան տեւաբար ապառնացող շրջապատի հակասական եւ բացասական բազմաբնոյթ ազդեցութիւններուն, որոնց հետեւանքով ազգի հատուած Սփիւռքը պիտի դադրի շարունակութիւն ըլլալէ:

            Նախ խօսինք Սփիւռքի մասին:

            Ի հարկէ ան համրանք է: Բայց  իրապէս ի՞նչ գիտենք այդ համրանքի մասին, ո՞ւր է ան,  ի՞նչպէս կը հաշուենք զայն, ո՞ր չափանիշներով եւ ո՞ր նպատակներու համար: Ի՞նչ են զայն որպէս իւրայատկութիւն իմաստաւորող  կառոյցնե՞րը եւ անոնց գործունէութիւնը. երկրագործութի՞ւն, ճարտարարուե՞ստ, շինարարութի՞ւն, կրթական գո՞րծ, եկեղեցի՞, մշակո՞յթ: Կարելի է երկարել շարքը, նկատի ունենալով ընդհանրապէս ազգի մը համապարփակ ընկերային կեանքը: Անոնք կ’ենթադրեն սեփական իրականութիւն-տարածք-հայրենիք ենթահող, զոր սփիւռքը չունի, ունի որպէս տեսութիւն կամ զգացականութիւն: Հետեւաբար Սփիւռքի եւ անոր եղած կամ ցանկալի մարդուժի մասին  խօսելէ առաջ պէտք է ճշդել, թէ ի՞նչ է Սփիւռքը որպէս իրաւ համրանք, կարողականութիւն եւ հայկական որակ եւ ինչո՞ւ ան մարդուժ պէտք է ունենայ, ի՞նչ ընելու, եւ ո՞ր նպատակին համար:

            Յաճախ կ’ըսուի եւ զանազան   ձեւերով կը կրկնուի, որ ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԷՏՔ է ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԶՕՐԱՑՆԵԼ, բայց ոչ ոք յստակութեամբ կ’ըսէ թէ՝ ինչո՞ւ այդ պէտք է ընել: Հարցումին կը կարծենք պատասխանած ըլլալ թաղային կարեւոր եւ նուազ կարեւոր կղզեակային նախաձեռնութիւններով, դպրոց, մամուլ, միութիւններ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, կուսակցութիւններ, բայց ոչ ոք բացորոշ կերպով կը պատասխանէ հարցումին: Ինչպէ՞ս պատասխանել, երբ Սփիւռքը ո՛չ հայրենիք է, ո՛չ պետութիւն, ինչ որ ալ ըսեն ամբոխավարական սոփեստութիւնները:         

             Սփիւռքը ինքնանպատակ ընկերային կացութի՞ւն մըն է, կը հպատակի՞ խորքային մէկ եւ նոյն գաղափարի մը, թէ՞ անորոշութեան մէջ ցանցուած մարդոց համայնքային ըլլալ մըն է, պատմաքաղաքական արկածի մը հետեւանք գաղթականութեան շարունակութիւն:

            Շարունակութիւն՝ ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ, մինչեւ ե՞րբ: Այսօր ան անորոշ շրջագիծով եւ զանազան երկինքներու տակ, իր ծագման արմատներէն հեռացող եւ ինքզինք կոտորակելով բազմապատկուող համայնքներու տեսական պատկերացում մըն է, հետզհետէ աւելի շեշտուող՝ ծագումով հայերու իրարմէ այնքան տարբեր խմբաւորումներ, որոնք կը միտին, կամ կարծեն, նոյն ըլլալ: Այս է Սփիւռքը: Իսկ ի՞նչ է անոր ուղեգիծը եւ հասնումի կէտը, ապագան:

             Մարդուժ ստեղծե՛լ նպատակի մը եւ ընկերութեան մը համար: Լուռ համախոհութեամբ, նոյնութիւն չունեցող այդ բազմաբնոյթ, բազմամշակոյթ, կոտորակուած ընկերութիւնը կոչած ենք ՍՓԻՒՌՔ: Զգացականութեամբ՝ զայն համարած ենք ազգ, պետութիւն, ճիգ  ընելով անտեսելու տարբերութիւները, խորթացումները, այլացումները: Իրատեսութիւն պէտք է ճիշդ գնահատելու համար ներկան եւ նախատեսելու գալիքը, առանց ցանկութիւնները իրականութիւն համարելու միամտութեան:

            Անկասկած, հաւաքականութիւն մը ղեկավարելու համար անոր պէտք է տալ միացնող նպատակ: Այդ ընելու համար պատասխանատուներ պէտք են, ըստ ընկերութիւնը գոյացնող մարզերու: Առանց իրենց պաշտօնը կատարելու ունակ անձերու, հաւաքականութիւնը կը մնայ ամբոխի վիճակին մէջ: Կառապանը յարգելի է, եթէ լաւ կը կատարէ իր աշխատանքը, բայց կարելի չէ անոր վստահիլ օդանաւին ղեկը: Այս յարաբերակցութեամբ պէտք է դիմաւորել մարդուժի, անոր պատրաստութեան եւ դերի խնդիրը:

            Սփիւռք(ներ)ը այլազան է, միակտուր հաւաքականութիւն չէ, պետութիւն չէ: Բախտաւոր պարագային անորոշ եւ անորոշացող դիմագիծով անհատներու եւ խումբերու ենթադրական պատկերացում է, սովորութիւն ունինք զայն մէկ համարելու, կ’ըսենք՝ ՍՓԻՒՌՔ, համախոհութեամբ ոստում մըն ալ կը կատարենք եւ այդ կը համարենք ԱԶԳ, կամ ԱԶԳԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ,  անտեսելով այն իրողութիւնը, որ այդ ըլլալու համար  ստորոգելիները եւ կառյցները չկան: Կը  մնայ հասարակ յայտարար պատկանելութեան յիշողական գիտակցութիւն մը, աւելի ճիշդ՝ զգացողութիւն մը, գիւղի, քաղաքի, ընտանիքի, ծագման, լեզուի, կրօնի, զոր իւրաքանչիւր հայ կը սահմանէ ըստ իր հայեցողութեան, շրջապատէն ստացուած ըմբռնումներու եւ ենթակայական արժեւորումներու: Միացած եւ մէկ ըլլալու երազանքը եթէ իրականութիւն չհամարենք, ՍՓԻՒՌՔը ՅՈԳՆԱԿԻ Է, անհատներու եւ խմբաւորումներու անդէմ գումար, մարդիկ՝ որոնք,  բախտաւոր պարագային, կազմած են եւ կը շարունակեն կազմել նոր համայնքներ, շրջապատն ալ, բարիկամեցողութեամբ, զիրենք կ’ընդունի որպէս այդպիսին, ի միջի այլոց տարբեր ծագում ունեցողներէն մին, «ethnique groupe»ներու մէջ:

            Այս բազմաբնոյթ ընկերութիւնը, զոր կը սահմանենք որպէս ՍՓԻՒՌՔ, իր հայկական նկարագրով եւ որպէս ԱԶԳի ՀԱՏՈՒԱԾ պահելու եւ պաշտպանելու համար, հարկ է ունենալ համապատասխան ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ ԱՊՐԵՑՆՈՂ-ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՄԱՐԴՈՒԺ:

            Գաղթականը եւ գաղթականութիւնները ստիպուած եղած են ապրելու յաջորդական անհատական եւ հաւաքական պատշաճեցումներով: Անոնք նախկինի նոյնիսկ մասնակի  շարունակութիւն ըլլալու համար, պէտք է ունենան անմիջականէն անդին նայող  հեռանկարային կազմակերպութիւն:

            Պէտք է խօսիլ ՄԱՐԴՈՒԺի պատրաստութեան, որակի, անոր ընտրութեան , հայկական ընկերութեան մէջ անոր տեղին, նպատակին եւ դերին մասին:

            Յյոյսը սնուցելու համար պէտք է խիզախել գիտնալ, ինչպէս այդ կը թելադրէ նախորդ դարու մեծ իմաստսէր Հաննա Արէնթ:

            Միշտ պէտք յիշել որ ՍՓԻՒՌՔը ո՛չ պետութիւն է, ո՛չ ազգ, չունի անոնց ստորոգելիները, կառոյցները եւ միջոցները, այսինքն ան  ընդլայնուած թաղային այլազան ընկերութիւններու տեսական գումար մըն է: Հայը ինք ուզած է զայն տեսնել տեսակ մը մէկութեան պատկերով, շարունակելու համար ազգի զգացողութիւնը, երազելու եւ տոկալու-տեւելու պայքարի կռուան փնտռելով: Այսպէս ենք, անհատներ, երբեմն բազմապատկուած:

            Սփիւռքի մէջ մարդուժի ստեղծումը առաջադրանքներու հիմնաւորում պէտք է ունենայ: Ուստի նախ պէտք է ճշդել թէ ան ի՞նչ  կը ներկայացնէ Սփիւռքը որպէս համրանք, որպէս լայն առումով մշակութային իւրայատուկ ազգային նկարագիր(ներ): Այս ընելու համար չափանիշներ պէտք է ճշդել:

            Տուեալ հայկական հաւաքականութեան մը համար մարդուժ յառաջացնելու համար, պէտք է գիտնալ պարզ բաներ. անոր ո՞ր տոկոսը  իր լեզուն պահած է, ո՞ր տոկոսը ինքզինք համայնքին անդամ կը համարէ, այդ համայնքը հայ ազգի հատուած կը համարէ՞, ինքզինք հայրենահանուած  եւ գաղթական կը համարէ,՞ ունի՞ բռնագրաւուած իր հայրենիքին կրկին տէր ըլլալու եւ հոն վերադառնալու հաւատք եւ անոր տէր ըլլալու ցանկութիւն:

            Առանց Սփիւռքի որպէս իւրայատուկ ընկերային կացութիւն ճանաչման, ի՞նչ կրնայ ընել լաւագոյն պատրաստութեամբ եւ բարեացակամութեամբ օժտուած մարդուժը, որ պէտք է գիտնայ, թէ՝ որո՞ւ եւ որո՞նց հետ, որո՞նց համար եւ զանոնք ո՞ւր առաջնորդելու համար պիտի աշխատի, ապա միայն կը ճշդուի, թէ ինչպէ՞ս պիտի աշխատի:

            Սփիւռքի ցարդ ունեցած մարդուժի, անոր որակի եւ օգտագործման հարցերը անհաճոյակատար գնահատման պէտք է արժանացնել: Սփիւռքի ունեցած լաւ կամ նուազ լաւ մարդուժը ինչպէ՞ս օգտագործուած է, այդ եղա՞ծ է նպատակայարմար եղանակով, թէ՞ շեղած է եւ ծառայած, ինչպէս կ’ըսեն, այլազան հաշիւներու:  Օրինակ, Ինչպէ՞ս դպրոցի տնօրէն եղած են մարդիկ, երբ նոյն այդ դպրոցի վերի կարգերուն աշակերտ չէին կրնար ըլլալ: Առողջ եւ օգտակար մարդուժ ունենալու համար, ընկերութիւնը հայաստանեան ասելաձեւով, պէտք է բուժուած ըլլայ ԽՆԱՄԻ-ԾԱՆՕԹ-ԲԱՐԵԿԱՄի (ԽԾԲ) եւ ՔՈՄՊԻՆԱՑԻԱյի ախտէն: Այս ըսել աւելի հեշտ է քան ընել:

            Հոս կը սկսի ընդունուած եւ տուն-տեղ եղած էսթէպլիշմընթ-ջոջականութիւնը փոխարինելու եւ առաջնորդութիւն յռառաջացնելու ազգաշէն մտաւորականութեան դերը: Ան նախ ինքզինք ազատագրած պէտք ըլլայ նոյն այդ էսթէպլիշմընթին խօսափողը ըլլալու դերէն եւ մերժէ այլապէս յարգելի կառապանը տեսնել օդանաւի ղեկին:

            Ազգին ծառայելու կոչուած ատակ, ունակ եւ որակեալ մարդուժ ստեղծելու համար պէտք է սկսիլ դռներու շեմերը մաքրող անհաճոյակատար առաքինի քննադատութեամբ: Առաքինի բառին հռոմէական իմաստով՝ որ հակա-էսթէպլիշմընթային հոգեկան ուժ է:

          Մարդուժ՝ որոնց համար,որոնցմով, ի՞նչ ընելու համար եւ ինչո՞ւ:

            Իմաստասէր ըսած է, որ հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները:

            ՍՓԻՒՌՔ անուանուած տասնեակներով միլիոնները ինչպէ՞ս վերադարձնել ազգին, որ անոնք ըլլան տէր իրենց ժառանգութեան, ինքնութեան եւ իրաւունքին:          

            Ըլլան ներկայ եւ ոչ անողնայար հանդիսատես:

            Այս կ’ըլլայ Հայկական Մարդուժի դերը, եթէ մեծ բառերը կը սիրէք՝ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ:

            Չըլլան սոսկ աթոռ եւ լրատուամիջոց զբաղեցնողներ:

            Այս մտորումնեերը վերջացնել կամ վերսկսիլ Ի դարու մեծ իմաստասէր Հաննա Արէնթի գերանցումի եւ խիզախութեան յոյսի հրաւէրով: Ան ըսած է.

            «Խիզախութեան յոյսը: Ահա ինչ որ լաւագոյնն է ամերիկեան ոգիին մէջ, ունենալ խիզախութիւն՝  ընդդէմ  ամէն կարգի ցուցումներու, հակառակ ամէն բանի՝ հաւատալու խիզախութիւն, որ կրնայինք հաստատել համայնքայինի իմաստը՝ պառակտուած ազգի մը մէջ, հաւատալու խիզախութիւն (ընդծում՝ Յ.Պ.), որ հակառակ անհատական ձախողութիւններու, աշխատանքի կորուստի, հիւանդի, կամ թշուառութեան մատնուած ընտանիքի մը, միշտ մեր ճակատագրին վրայ ազդելու պատասխանատուութիւնը ունէինք»: Կը խնդրուի շարունակել Հաննա Արէնթի միտքերը, զանոնք փոխադրելով «Հայաշխարհ», եթէ կը հաւատանք, որ այդպէս բան մը կայ, որուն մէջ ենք, որուն հանդիսատեսը չենք:

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles