Լոյս Տեսաւ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի «Ուղղահայեաց Եւ Հորիզոնական Յարաբերութիւններ» Հատորը

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

ԴՈԿՏ. ԱՐԻ ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ

Բազմավաստակ հովիւ, դաստիարակ եւ հեղինակ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի «Ուղղահայեաց Եւ Հորիզոնական Յարաբերութիւններ» խորագրեալ 49րդ հատորը նախորդներէն կը տարբերի։ Անգլերէն թէ հայերէն բաժիններուն մէջ, կրօնական եւ ազգային տօներու յիշատակումէն բացի՝ անոնց վերաբերող հարցեր աւելի մօտէն կը քննուին։ Անգլերէն բաժինին մէջ խորհրդածութիւններ կը գտնենք Միացեալ Նահանգներու յատուկ տօներու մասին, ինչպէս նաեւ թելադրութիւններ՝ հոգեւորապէս աճելու եւ հասուննալու համար։ Մտորումներ ալ առաջարկուած են եկեղեցական կեանքին եւ չորս Աւետարաններու յատկանշական տարբերութիւններուն վերաբերեալ։

Ինչպէս գիրքին վերտառութիւնը կռահել կու տայ՝ աստուածային ու մարդկային յարաբերութիւնները քննարկուած են անոր մէջ եւ շեշտուած է թէ զանոնք պահելու համար անհրաժեշտ է որ մարդիկ ընդունին Քրիստոսը իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ։ Ա՛յդ է որ ըրին Վարդանանք, եւ անոնց «իմացեալ մահուան» շնորհիւ քրիստոնէութիւնը խոր ազդեցութիւն ձգեց մեր ազգային, քաղաքական ու մշակութային կեանքին վրայ եւ սատարեց հայ ազգի վերելքին: Անոնց քաջութեան աղբիւրը՝ քրիստոնէական հաւատքն էր, որ կը բխէր Յիսուսի մարմինը օծելու գացած «իւղաբեր կանանց» տրուած պատգամէն. «Մի՛ վախնաք»։

Ուշագրաւ է վեր. Թութիկեանի վերլուծութիւնը «Հայ Դատի Ոդիսական»ին առնչութեամբ։ «Պահանջուածը հայկական բռնագրաւուած հողերու վերադարձն է իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին: Հայ Դատի նկատմամբ բաւական ճամբայ կտրած ենք, բայց դեռ բաւական ճամբայ ունինք կտրելիք: Կը մնայ մեզի իրագործել ազգային հաւաքական կազմակերպումի էական հրամայականը։ Անհրաժեշտ է, որ Հայաստան եւ Սփիւռք իրարու հետ սերտօրէն գործակցին եւ համակարգեն իրենց ճիգերը թէ՛ ներազգային եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Բոլորս ալ՝ միակամ եւ միաճակատ՝ դառնալու ենք հաւաքական ուժ», կը գրէ ան։

Հեղինակը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Հայ Մամուլին, որ «մեր ազգային գործունէութեանց հիմնաքարերէն մէկն է. հզօր ազդակ մըն է հայ մշակոյթի վերելքին»։ Սակայն անիկա կրնայ նսեմացնել ազգն ու հայրենիքը, եթէ հատուածական, կուսակցական եւ յարանուանական շահերը գերադասէ հայ ժողովուրդի ընդհանրական եւ հաւաքական շահերէն։

Հայ Դպրոցին դերն ալ կենսական է՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար նոր սերունդին։ Սակայն անոր գլխաւոր նեցուկ ըլլալու է հայ ընտանիքը: Հետեւաբար, ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է Հայ Դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, ինչ որ կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական զոհողութիւններու:

Այս հատորին 29 անգլերէն եւ 14 հայերէն յօդուածները հանրութեան մատուցանելով՝ վեր. Թութիկեան կը յուսայ «սփիւռքահայ գրականութեան հետզհետէ մթագնող երկնակամարին վրայ փոքրիկ լոյս մը» վառած ըլլալ։

Կը մաղթենք որ Աստուծոյ օգնութեամբ ան շարունակէ առաջնորդել մեզ իր երկարամեայ փորձառութենէն բխած շահեկան գրութիւններով, եւ առիթը ունենանք զանոնք կարդալու իր յառաջիկայ՝ 50-րդ գիրքին մէջ, շատ մօտիկ ապագային։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles