Լրահոս

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ

Կիրակի, Յունուար 7-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ Սուրբ Վարդանանց(Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակագիրը՝ 2024 թուականը յայտարարելով Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց 12 առաքեալներու սրբապատկերու օծումը։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button