ԳԱՅԼԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ, ՀԱՒՈՒՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

 

 

Զննելէ ետք չորս կողմը

Մտաւ Գայլը հաւնոցը։

Միւս գայլերը միակտուր

Գնա՛ ըսին, այդ հաւնոցը մեզի տուր։

Գայլը տեսաւ՝ թէ՛ կասկածոտ

Թէ՝ հիացած հաւեր շուտով եկան իր մօտ։

«Մի վախնաք, ես գայլ եմ, բայց

Կուտամ ձեզի առատ հաց,

Ալ չէք զգար կաշկանդուած

Ու կը քալէք գլխաբաց։»

 

Հաւերը զուարթ կչկչալո՜վ

պար բռնեցին գովերգեցին.

«Մեր այս անտէր աշխարհի մէջ

իրաւ փրկիչ ունինք» ըսին։

Հաւնոցին մէկ անկիւնը

մշակ հաւեր ծառ ու կորեկ ցանեցին,

Միւս հաւերը նոր օր ու երգ ցանեցին։

Առտու մըն ալ տեսան որ

քննադատող հաւը չկար,

մեր խելքը չի հասնիր, ըսին

Շատ կը խօսէր, ի՞նչ ըսաւ։

Յետոյ դատի կանչուեցաւ

Գայլին խեթխեթ նայող հաւը։

Օր ցերեկով պատժուեցաւ

Ան որ «Գայլը սո՜ւտ է» ըսաւ։

Խումբ խումբ հաւեր միանգամայն

Դուռը բացին ու դուրս փախան։

 

Գայլը բնաւ չկատղեցաւ

«Անոնց տեղը հոս չէր» ըսաւ։

Հաւնոց բերաւ ուրիշ գայլեր

Է՜ գայլ էին, հայհոյեցին խարանեցին

Սերունդսերունդ այնտեղ ապրող հաւերուն

Դուք իրաւունք չունիք այստեղ, գացէ՛ք ըսին։ 

Հաւաստանին մայրը լացուցին։

 

Պապանձած ու սահմռկած,

իրենց ցեղը, տունն ու տեղը պաշտպանող

հաւիկները մտամոլոր մէկտեղուեցան

փորփրեցին պատմութիւնը, զրահուեցան անվարան

Իսկ մարտունակ հաւերը բողոքեցին բարձրաձայն։

Գայլին քիթը հոտ առաւ՝ ծրագիրը ջուրը կ՚իյնար.

 

«Ինձմէ զատ դուք բարեկամ չունի՛ք

Ե՛ս կը պաշտպանեմ ձեզի, լուր չունիք.

Մեր երկու կողմի հարեւանները

Այո գայլ են, սակայն չար չե՜ն.

Բայց եթէ հաւնոցին կէսը չառնեն

Ձեզ բոլորդ պիտի մաքրեն։»

Եւ իրաւ ալ այդ գայլերը

լափեցին մօտակայ հաւերը։

Հաւնոցին կէսը գնաց

Հաւերուն կէսը մնաց։

«Մեծ վտանգ կայ մեր գլխուն

Խաղաղ ապրինք օրն ի բուն,

Այս մեր տունն է պապենական

Ո՞վ կրնայ զրկել մեր հողէն հազարամեայ։»

 

Հասկցաւ Գայլը թէ մեծ գայլերը

Պիտի հումհում ուտեն զինքը

Եթէ չկատարէ ակնկալուածը։

Այլեւս առանց չափչփելու՝ հաւնոցէն մաս առ մաս

կտրեց տուաւ հաւատեացներուն։ 

Անոնք ուզեցի՜ն, ինք տուա՜ւ։

 

Անտէր անտիրական հաւի ցեղը,

այլեւս չմտածեր թէ գայլը ինչպէ՛ս խաբեց զինքը։

Գացողը գնաց ,մայր հաւերը սգացին

Կռուողը մորթուեցաւ

Ճուտիկները որբ մնացին

Հաւնոցին ցանցաթելերը երերացին։

Երբ իրաւատէր հաւեր բողոք բարձրացուցին

Աղուէսները իրենց ձեռքերը լուացին,

Բորենիները գլուխնին տարուբերելով

Ասիկա արդար չէ ձեզի համար հաւե՛ր, ըսին

գլուխնին ետ ծակը մտցուցին։

Երախազօր Գայլերը գոռգոռացին սպառնացին,

փրթփնթացող մեծ աղուէսը հեռու կեցաւ ու քրքջաց։

 

Հաւաստանը տակնուվրա՛յ,

խելամիտը կը ցնծայ

իմաստունը կը սգայ։

ճշմարտութիւնը կծկուած հանգոյց՝ 

կը կարծրանայ։ Բանակ չկայ։

 

Աղէտը արշաւեց բանակբանակ,

եկաւ լրտեսը, եկաւ չտեսը

եկաւ հաւասէրը, եկաւ հաւատեացը

ծափ զարկին ու յոխորտացին յագեցած։

Վրէժն եղաւ օրակարգ, բռնութիւնը՝ անաստուած,

Այսպիսով Գայլը պահապա՜ն մնաց։

 

Իսկ պատմութիւնը կ՚աւարտի այսպէս՝

Կա՜ր ու չկար, հաւնոց մը կար։

 

Վեհանոյշ Թեքեան

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles