0 0
Read Time:2 Minute, 25 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Թիւն ու տառերը տարբեր բաներ են, թէեւ տառերով գրուած թիւ մը տարբեր չէ թուանշանով տրուածէն, օրինակ՝ հարիւրքսանհինգ եւ 125։ Նոյն հասկացութիւնն է:
Թիւերը այլապէս խորունկ իմաստ չունին։ Անոնք ցոյց կու տան հաշիւներ, մրցումներու արդիւնքներ, քուէներ եւայլն։
Քով քովի դրուած թիւեր կրնան հրճուանք կամ տխրութիւն պատճառել հաշուապահին, գանձապահին կամ մասնագէտ տնտեսագէտին։
Թիւերը, սակայն, երբեմն խորք ու հմայիչ իմաստ կը ստանան: Որքա՜ն տպաւորիչ է ֆրանսացի բանաստեղծ Ժաք Փրեւերի մէկ գործին՝ «Գրութեան էջ»-ին («Page d’écriture») մէջ տեղ գտած՝ թուաբանութեան սկսնակ բազմապատկութիւնները։ Իսկ պոլսահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ Զահրատի «Զերօ»-ն՝ որքա՜ն բարձր ու անհասանելի է:
125… Այս ալ թիւ մըն է։ Խորքային իմա՞ստը, նշանակութի՞ւնը։
Երեք թուանշանով կազմուած այս թիւը կը լիցքաւորուի, եթէ նշենք, որ 2024-ին պիտի տօնենք մեր թերթին 125-ամեակը՝ «Հայրենիք»-ին 125-ամեակը։
Դժբախտաբար զանազան եւ զարմանազան ամեակներ, յատկապէս հայորդիին համար, թէեւ երբեմն կ’ըլլան աննշան, սակայն անոնց կը հագցուի ոտքէն աւելի մեծ կօշիկ, տարողութիւնները կը չափազանցուին, հասնելով ծայրայեղութեան սահմանը։
Մենք, ամենայն համեստութեամբ եւ հաւատքով կը շեշտենք, թէ «Հայրենիք»-ի պարագային եզակի է կացութիւնը։
1899-ին չկային արագ փոխադրամիջոց, լրատուամիջոց եւ այլ դիւրութիւններ։ Յատկապէս Արեւմտահայաստանէն ժամանած պանդուխտներ կը փորձէին համեստ միջոցներով կապ հաստատել իրարու հետ, նամակցիլ եւ տեղեկութիւններ ստանալ իրենց ծննդավայրէն։ Մասամբ մը․․․ Այդ օրերէն աւելի քան դար մը առաջ, 1794-ին հայկական առաջին տպագիր պարբերականին՝ «Ազդարար»-ին կեանքի ձեւն էր, որ կը կրկնուէր, այն տարբերութեամբ, որ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի թերթը լոյս տեսաւ հեռաւոր Հնդկաստանի Մատրաս (այժմ Չեննայ) քաղաքին մէջ եւ նպատակներէն մէկն էր շրջանի հայ մեծաւ մասամբ մեծահարուստ վաճառականներուն միջեւ կապ մը ստեղծել, մինչդեռ «Հայրենիք»-ի պարագային, վայրը Նոր Աշխարհն էր, իսկ կարդացողը՝ Ուստըրի, Փրովիտենսի կամ Նիւ Եորքի համեմատաբար աշխատաւոր (blue-collar) դասակարգը, որ կ՛ուզէր տեղեկանալ իր ծննդավայր Վանի, Խարբերդի կամ Մարաշի մասին եւ կապ հաստատել ազգականին, դրացիին կամ դասընկերոջ մը հետ։
Հպարտանք եւ հրճուանք սփռող լուրին կողքին, Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան շրջանի պաշտօնաթերթին համար յաճախ դժուար եղաւ հաղորդել գուժական ու դաժան տեղեկութիւններ, որոնցմէ նորագոյնը՝ դեռ անցեալ  Սեպտեմբեր 19-ին պատահածն էր՝ արցախահայութեան տեղահանումը եւ մի՛շտ հայութեան պատկանած այդ տարածքին խլումը՝ թշնամիին կողմէ։ Դեռ թարմ են 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան բօթն ու հայրենի անփոյթ ղեկավարութեան գործելաձեւը։ Միւս կողմէ, «Հայրենիք»-ն ալ, ողջ հայութեան հետ, ապրեցաւ պանծալի փուլեր, ինչպէս՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ անկախութեան վերականգնումն ու Արցախեան պատրերազմներուն շահուած յաղթանակները, որոնք նոյն ձախաւերներուն գործելաձեւին հետեւանքով այսօր նսեմացումի կ’ենթարկուին…
«Հայրենիք»-ի ծննդեան օրերուն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չէր պատահած, սակայն Համիտեան ջարդերուն «կարմիր լուրեր»-ը տագնապի մատնած էին հայութիւնը: Եթէ շարունակենք հետեւիլ պատմութեան հետքերուն՝ 1899-ին ո՛չ Սարդարապատի հերոսամարտ, ո՛չ Հայաստանի անկախութիւն ․․․
Ահաւասիկ 125 տարիներ․․․
Բազմաթիւ անուանի գրողներ, սակայն նաեւ համեստ ու լուսարձակներ չխլած հայորդիներ կերտեցին «Հայրենիք»-ն ու անոր անցած ուղին: Հոն կայ այլապէս երկար եւ իւրայատուկ պատմութիւն…
Եւ այսպէս, կարելի եղաւ քայլ պահել արդիականացման, ժամանակակից եղափոխութեան հետ։ Տպագրական արդի դրութիւններ, համակարգիչի օգտագործում, կայքէջ, առցանց դրութիւն, դիմատետր եւ դեռ գործը կը շարունակուի։
«Հայրենիք»-ի 125-ամեակի սեմին, հաստատութիւնը պատրաստ է ընդլայնելու լսատեսողական դրութիւնը՝ «Հայրենիք-մետիա»-ն, ուր կարելի պիտի ըլլայ միաժամանակ ունկնդրել եւ ակնդրել տեղեկութիւնները, վերլուծումները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles