Նոյեմբեր 20-21 շաբաթավերջին Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թ.Մ.Մ. »Մհեր Մկրտչեան« թատերախումբր այս տարի երկորդ բեմադրութեամբ ներկայացաւ թատերասէր հասարակութեան ներկայացնելով անմահանուն Յակոբ Պարոնեանի »Շողոքորթը« կատակերգութիւնը: Բեմադրութիւնը՝ Գագիկ Կարապետեանի եւ երաժշտութիւնը՝ Ստեփան Լուսիկեանի: Երգախառն այս ներկայացումը տեղի ունեցաւ Օրատէլի Էլեմենթրի վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, լեցուն հանդիսականներու ներկայութեան:
Թատերախումբի վաստակաշատ դերասանները մասնակցեցան այս խաղին, որ նուիրուած էր Գրիգոր Սաթամեանի թատերական ծառայութեան 50ամեակին: Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան մեծ շուքով Թէքէեանը նշեց անոր յիսնամեայ վաստակը Թենեֆլայի Գլինթըն Ինն պանդոկին մէջ:
Թատերախումբի յանձնախումբի հիմնադիր ատենապետը, այս առթիւ հրատարակուած գրքոյկին մէջ կը գրէր. »Որքան Շողոքորթը եւ հեղինակին միւս գործերը կը պատկերէին 19րդ դարու աւարտէն անցեալ դարու սկիզբի հայկական Պոլսոյ ընկերային ու ընտանեկան կեանքը, այսօր ալ անոր ստեղծագործութիւնները, մերօրեայ կեանքէն ներս, կը մնան նոյնքան հարազատ, նոյնքան այժմէական: Այսպիսով Յակոբ Պարոնեանի մեծութիւնը կը շարունակէ մնալ այսօր եւս«: Իրապէս ալ հանդիսատեսը այս ներկայացմամբ տեսաւ այսօրուան պատկերը մեր ընկերային կեանքին ի°ր կեանքին:
Նոր դէմք մը չէ Գագիկը մեր թատերախումբէն ներս: Ան տեսաւ բոլոր ներկայացումները թատերախումբին ու գործակցեցաւ մեր բեմադրիչներուն հետ, սկսած՝ առաջինին՝ Թամար Յովհաննիսեանի հետ: Նոր ճաշակ մը կու գար աւելցնելու Գագիկը այս ներկայացմամբ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ:
Պէտք ենք անպայմանօրէն գրել դերասաններուն մասին: Յարութ Չաթմաճեան Պապիկի (Շողոքորթի) դերով: Նոր Յարութ մը կարծես կը ներկայանար զինք սիրողներուն: Որքան ճկուն այնքան պարտադրող անհատականութիւն մը բեմին վրայ, կրցաւ առանցքը դառնալ խաղի ընթացքին: Միսաք Պօղոսեան (Յովսէփի դերով): Ան եւս որպէս նոր Միսաք մը բարձրացաւ այդ գիշեր: Ան՝ հիմնադիրներէն այս թատերախումբին կը շարունակէ մնալ մկրտչեանականներու վաստակաւոր դերասանը եւ իր ներկայութեամբ կը խրախուսէ երիտասարդ ոյժերու մասնակցութիւնը մեր թատերախումբէն ներս: Թադէի դերով Շմաւոն Ադամեան, անգամ մը եւս եկաւ ապացուցանելու որ իր տաղանդով արդէն սիրողական դերասանէ անդին … արհեստավարժ դերասան որպէս կը բարձրանայ բեմ: Մելինէ Խիկոյեան, Երեւանի Թատերական Ինստիտուտէն շրջանաւարտ ու թատրոնի սէրը ստացած Հայ Բեմի մեծ վարպետէն Հրաչեայ Ղաբլանեանի կը մնայ թատերախումբի մնայուն ոյժերէն, որ կրցաւ լաւագոյնս մարմնաւորել Թերեզայի դերը՝ Թադէի քոյրը որպէս:
Դալար Զօքեան՝ Սոֆիի դերով (Յովսէփի դուստրը) անգամ մը եւս կու գայ ցոյց տալու իր բեմական եզակի տաղանդը: Ու այս քանիերորդ անգամը ըլլալով: Դալար թատերախումբի երիտասարդ այն ոյժերէն է որ անպայմանօրէն պիտի մնայ պատնէշի վրան:
Երկու ծառաները՝ Յարութ Թագւորեան (Բարթեմ) եւ Խաչիկ Սարը Մինասեան (Գէորգ) թատերասէրներու ուշադրութիւնը հրաւիրեցին իրենց վրայ իրենց խաղարկութեամբ: Երկուքն ալ բնատուր տաղանդովը արդէն շահեցան հանդիսատեսին ուշադրութեան:
Նոյ ոյժը որ կու գար միանալու թատերախումբին Յարութ Պարսումեանն էր, Արշակի դերով: Հարստացաւ թատերախումբը Պարսումեանով: Սպասելի է որ շուտով ան առաւել եւս ինքզինք պարտադրէ յառաջիկայ ներկայացումներով: Բախտաւոր է Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը իր մէջ ունենալու Պարսումեանը՝ բազմատաղանդ այս երիտասարդը: Իսկ առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանար Միքայէլ Խիկոյեանի Տիգրանի դերով: Ամերիկածին՝ սակայն հայ բեմը սիրող նոր ոյժ մը անկասկած:
Դիւրին չէ անշուշտ սիրողական թատերախումբի մը համար տալ երկու ներկայացում մէկ տարուան մէջ: Մկրտչեանականները, սակայն միւս կողմէն գիտեն թատրոնի համար կատարել զոհողութիւն: Ահա այդ ոգիով ալ թելադրուած Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի թատերասէր հասարակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ այս երկու օրերու ներկայացման: Թէքէեանի գործունէութիւնը այս մեծ ոստանի մէջ մնայուն գնահատողներու շարքին կը մնան ՄԱԿի մօտ Հ.Հ. մնայուն ներկայացուցիչ դեսպանը՝ պարոն Կարէն Նազարեանն ու տիկինը՝ Նանան, որոնք միշտ ներկայ են Թ.Մ.Մ.ի կազմակերպած ձեռնարկներուն:
Գնահատանքով արձանագրելու ենք բեմին ետեւը աշխատող տասնեակ մը տղոց ու աղջիկներու լուռ մասնակցութիւնը ինչպէս նաեւ թատերական յանձնախումբի անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ ատենապետին Յակոբ Վարդիվառեանին: Ահա 14րդ տարին ըլլալով 16րդ ներկայացումն է որ կը հրամցնեն անոնք:
Մկրտչեանականներ այսպիսով արդարացուցած կ’ըլլան իրենց անունը որ սերտօրէն կը մնայ կապուած Ֆրունզիկին՝ Մհեր Մկրտչեանին: Երա¯նի իրենց:
ԳԱՌՆԻ