ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝ Հ.Հ. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 36 Second

Երեւան (»Երկիր« եւ »Ազատութիւն«). Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Դեկտեմբեր 14ին, Երեւանի մէջ սկսաւ ցեղասպանութեան վերաբերող երկօրեայ միջազգային գիտաժողովը: Բացումը կատարելով »Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, կանխարգիլում, դատապարտում եւ հետեւանքներու վերացում« խորագիրը կրող գիտաժողովին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց.

»Այսօր« առաւել քան երբեւէ« ցեղասպանութիւնների կանխարգիլման համար լուրջ նախաձեռնութիւններ իրականացնելու եւ գործուն մեխանիզմներ մշակելու անհրաժեշտութիւն է առաջացել: Եւ այսօր« առաւել քան երբեւէ« ակնյայտ է« որ նախկինում իրագործուած ցեղասպանութիւններու համար քաղաքական տարբեր վարչակազմերի ու պետութիւնների անպատիժ մնալու« միջազգային հանրութեան կողմից չդատապարտուելու« կանխարգիլման համապատասխան եւ համարժէք մեխանիզմների բացակայութեան կամ անկատարութեան հանգամանքները յանգեցրել են նրան« որ մարդկութիւնը« ի թիւս այլ լրջագոյն մարտահրաւէրների« դեռ եւս բախւում է նոր ցեղասպանութիւնների իրականացման սպառնալիքի հետ: Հայոց Ցեղասպանութեան դասերը« մարդկութեան պատմութեան ու յիշողութեան մէջ չմնացին որպէս անցեալի լոկ յուշեր. դրանց լրացնելու եկան Հոլոքոստի սարսափները« Ռուանտայի« Տարֆուրի եւ բազմաթիւ այլ ողբերգութիւններ: Ցաւօք« ժխտողականութիւնն ու ցեղասպանութեան ուրացումը դեռ եւս շարունակում են տեղ գտնել աշխարհում: Քաղաքական նպատակայարմարութիւնն ու կարճատես պատեհապաշտութիւնը յաճախ գերակշռում են առողջ« խելամիտ որոշումների ընդունման ու քայլերի իրականացման ընթացքում«:

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ հակառակ անոր որ 20րդ դարու երկրորդ կիսուն միջազգային հանրութիւնը որոշ յառաջընթաց արձանագրեց ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման առումով, սակայն ցեղասպանութեան կամ անոր սպառնալիքի կրկնութիւնը շրջուած էջ մը չէ մարդկութեան համար:

Նախարար Նալպանտեան շեշտեց, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը եւ անպատժելիութիւնը ճամբայ կը հարթեն մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կրկնութեան համար: Ըստ անոր, անկախ աշխարհաքաղաքական կամ այլ շահերէ, միջազգային հանրութիւնը պէտք է միասնական ըլլայ ցեղասպանութեան դատապարտման, կանխարգիլման գործին մէջ: Այս միասնականութեան բացակայութեան պատճառով մարդկութիւնը ականատես կը դառնայ ցեղասպանութեան իրականացման նոր փորձերու:

Թուրք պատմաբան, ընկերաբան Թաներ Աքչամ, որ Թուրքիան լքած է տակաւին 1970ական թուականներուն քաղաքական եւ դատական հետապնդումներու պատճառով եւ ներկայիս կը դասախօսէ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգին »Քլարք« համալսարանին մէջ, յայտնեց, որ Թուրքիա անցում մը կը կատարէ բռնապետական դրութենէն դէպի աւելի բաց՝ ժողովրդավարական համակարգ, եւ ինք փոփոխութիւն կþակնկալէ նաեւ պատմութիւնը ընդունելու առումով: Աքչամվճռականօրէն կոչ ուղղեց ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որով Թուրքիոյ կարելիութիւնը՝ հերքելու ցեղասպանութեան փաստը, պիտի անհետանայ: »Այս պարագային ես չեմ խօսիր միայն Թուրքիոյ մասին, մենք պէտք չէ թոյլ տանք պետութիւններուն եւ կառավարութիւններուն ժխտելու պատմական յանցանքները: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ այն երկիրները, որոնք կը հերքեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ որեւէ այլ ցեղասպանութիւն, միջազգային հրապարակին վրայ դերակատար ըլլան: Ասիկա կարեւոր կը նկատուի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման առումով«, ընդգծեց Աքչամ:

Փիթըր Պալաքեան ըսաւ թէ պատահական չեն ընտրուած  վայրն ու խորագիրը. »Երեւանի մէջ, այսպիսի խորհրդաժողով, ունի իր կարեւորութիւնը«:

Երուսաղէմի մէջ գտնուող Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Իսրայէլ Չառնի ընդգծեց, որ Իսրայէլ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ »երկրին մէկ մասը բարոյական է, սակայն միւս հատուածը հաշուենկատ է եւ կը ձգտի հասնիլ իր քաղաքական նպատակներուն:Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը որեւէ նախապայման պէտք չէ ունենայ, եւ այս մօտեցումով ես մինակ չեմ: Ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ մշակութային առումով մենք ճակատամարտը յաղթած ենք: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջ խորութեամբ եւ լայնօրէն ճանչցուած է իսրայէլացիներուն կողմէ: Ես չեմ կրնար ըսել, որ իսրայէլեան թերթերուն, հանդէսներուն, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն եւ շարժապատկերներուն մէջ գոյութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութեան լուրջ հերքում: Մշակութային առումով մենք յաղթած ենք, սակայն քաղաքական առումով մենք տակաւին ճամբայ ունինք հարթելիք«, հաստատեց Չառնի:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան »Ազատութիւն« ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հայթրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին ձախողութենէն ետք պաշտօնական Երեւանը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի միջազգային ճանաչման գործին մէջ փոխեց իր մօտեցումը եւ աւելի վճռական դարձաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles