Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի «Զաւարեան» Միօրեայ Վարժարանի Ամանորեայ Հանդէսը

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նովայի գրադարանի ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիթրոյթի Հ․Օ․Մ․-ի «Զաւարեան» միօրեայ վարժարանի ամանորեայ հանդէսը։

Աւանդութիւն դարձած այս հանդիսութիւնը կը խմբէ աշակերտները ծնողներն ու հանդիսականները՝ ստեղծելով ամանորեան տաքուկ մթնոլորտ եւ հրամցնելով նոր տարուան նուիրուած ոտանաւորներու եւ երգերու ծաղկաքաղ մը։

    Բարի գալուստի բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան աշակերտները եւ յայտագրի մեկնարկը սկսան Կոմիտասեան «Հայր մեր»-ի՝ մանկական աղօթքի երգեցողութեամբ։ Մանուկներու շրթներով, անպաճոյճ բառերով առ Աստուած յղուած այս բաղձանք-մաղթանքը յօրինուած է Յուլիս 12, 1915-ի ցեղասպանութեան օրերուն, երբ Կոմիտաս վերադարձած էր աքսորէն եւ ապաւինած մանկական անեղծ շրթներուն՝ անասելի արհաւիրքէն ահաբեկ…։ Երկը յայտնաբերուած է Կոմիտասի արխիւէն եւ հրատարակուած Միացեալ Նահանգներու մէջ իր աշակերտներէն Միհրան Թումաճեանի ջանքերով։

Մուշեղ Իշխանի «Նամակ կաղանդ պապային» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն հատուածներ ներկայացուցին երրորդ կարգի աշակերտներ՝ Պերճ Ուրլեան, Նաթալի Մանուկեան, Գարին Մանուկեան, Միւռոն Տօնիկեան եւ Էլօ Տօնիկեան։ Երկրորդ կարգի աշակերտներէն Միլա Պասմաճեանն ու Սագօ Պարտաքճեանը եւս ներկայացուցին կաղանդի նուիրուած տողեր։

       Երաժշտական բաժնով հանդէս եկան Գարին Մանուկեանն ու Էլօ Տօնիկեանը, որոնք ջութակով կատարեցին «Լուռ գիշեր»-ն ու «Զանգակներ»-ը։

Այնուհետեւ վարժարանի երեք կարգերու աշակերտները ամանորեայ երգերու ծաղկաքաղով մը դիմաւորեցին կաղանդ պապան, ստացան Հ․Օ․Մ․-ի միջ-վարչութեան կողմէ պատրաստուած նուէրները, խանդավառուեցան ու խանդավառեցին հանդիսատեսը։

Հ․Օ․Մ․-ի Միջ-վարչութեան խօսքը փոխանցեց Անի Աթթար, որ յորդորեց ներկաները թեւ ու թիկունք կանգնելու դպրոցին՝ հայապահպանման իր առաքելութեան մէջ։

Արժանապատիւ տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան անդրադարձաւ մայրենի լեզուի կարեւորութեան եւ պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը։

Աւարտին ներկաները համտեսեցին ծնողներուն կողմէ պատրաստուած համադամ աղանդերներն ու հրաժեշտ տուին իրարու, յաջորդ տարի հանդիպելու ակնկալիքով…:

  Թղթակից

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles