«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒ՞Կ», ԹԷ՞ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 40 Second

Ա.Ա.

Հայաստանը հարաւային կովկասեան տարածաշրջանին մէջ շրջանային կեդրոնական կապուղիի մը վերածելու Երեւանի իշխանութիւններուն յաւակնոտ ծրագիրը դուռ բացած է տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ վերածուած է իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ յաւելեալ անհասկացողութիւններու եւ տարակարծութիւններու նիւթի, որովհետեւ իշխանութիւնները ունին իրենց մեկնաբանութիւնները եւ ակնկալութիւնները, իսկ ընդդիմութիւնը՝ իր լուրջ եւ պատճառաբանուած մտավախութիւնները։
Նախ՝ «խաղաղութեան խաչմերուկ» անուանուած ծրագրին մասին։
Խօսքը կը վերաբերի հաղորդակցութիւններու միջոցներու մասին՝ մայրուղիներ, երկաթուղիներ, մայր ելեկտրալարեր եւ խողովակաշարեր, որոնց կառուցման եւ արդէն իսկ կառուցուած միջոցներու վերանորոգման եւ վերագործածութեան միջոցով, կարելի պիտի ըլլայ հիւսիսը հարաւին եւ արեւելքը արեւմուտքին կապել՝ Հայաստանի վրայով։ Բոլոր միջոցներն ալ պիտի անցնին կամ արդէն իսկ կ՛անցնին շրջանին բոլոր երկիրներէն՝ Հայաստանէն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին հիմնական թիրախներէն մին է տնտեսական բաւական նկատառելի կարելիութիւններ ունեցող Պարսից եւ Օմանի ծոցերուն ու Սեւ ծովուն միջեւ ըլլալ միջազգային ուղի մը,ինչպէս նաեւ՝ Միջերկրականեան ծովը կապել Կասպից ծովուն եւ կենդանացնել Հիւսիս- Հարաւ ցամաքային միջանցքը։ Ծրագիրը նաեւ նկատի առած է Մեղրիի երկաթուղին, որ հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան համալրող միջոց մը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ։ Վերաբանեցման պարագային Մեղրիի երկաթուղին նաեւ կարեւոր կապ մը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հարաւ- արեւմտեան շրջանները պիտի կապէ Նախիջեւանի հետ։ Կարեւոր է նշել նաեւ Մեղրիի երկաթուղիին մէկ այլ առանձնայատկութիւնը։Անիկա Հայաստանի հարաւային եւ հիւսիսային- արեւմտեան շրջաններուն միջեւ տնտեսական եւ փոխադրութեան կարեւոր միջոց մը պիտի ըլլայ։Այս ծիրին մէջ պէտք է առանձնացնել Գիւմրի- Կարս երկաթուղին, որ տնտեսական առումով կարեւոր կապ մը պիտի ըլլայ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ իրանի համար։ Վերջապէս «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը Իրանը եւ Հնդկաստանը իրարու կապող կարեւոր նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլայ, մասնաւորաբար Հնդկաստանի Չապահար նաւահանգիստին միջոցով,որուն իւրայատկութիւնը կը կայանայ իր կարգին խաչմերուկային կապ մը ըլլալու իր կարելիութիւններուն մէջ։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին համար օգտագործելի բոլոր ուղիները, անոնք ըլլան ցամաքային ճանապարհներ, երկաթուղիներ, ելեկտրալարեր թէ խողովակաշարեր, տարածուած եւ երկարած պիտի ըլլան դէպի տարբեր երկիրներ, որոնց լիազօրութիւններուն եւ հսկողութեան տակ պիտի ըլլան տուեալ միջոցին այն բաժինը, որ կ՛անցնի համապատասխան երկրին հողամասերէն։ Ասիկա բնականաբար կ՛ենթադրէ յատուկ ծառայութիւններ, մաքսավարչական դրութիւն եւ հսկողութիւն։Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութեան անդամ, դաշնակցական պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեանի համաձայն, ընդհանուր դրութեան վերոյիշեալ բաժնին ապահովական վտանգները լաւապէս հաշուարկուած չեն եւ ասիկա որոշ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ՝ ընդհանուր դրութեան հեզասահ աշխատանքին կապակցաբար։
Այս ծրագիրը համաթուրանականութեան նախագիծ մը համարելով՝ Խաչատրեան նկատել կու տայ, որ անիկա պարտադրուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, որպէսզի թրքախօս եւ թրքացեղ ժողովուրդները Եգէականէն մինչեւ Չինաստանի արեւմտեան շրջանները ցամաքային միջոցներով իրարու կապուին։ Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել,որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ատրպէյճանի հետ սահմաններուն վրայ հինգ անցակէտեր բանալու։ Տաւուշի մարզի Կայան, Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Սիւնիքի մարզի Քարահունչ եւ Անգեղակոթ, իսկ Արարատի մարզի Երասխ համայնքներուն մէջ։ Նաեւ՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ երկու անցակէտ, Ախուրիկի եւ Մարգարայի մէջ։Հայաստանի իշխանութիւնները նաեւ կը ծրագրեն վերաբանալ եւ վերաբանեցնել երկաթուղիի չորս կայաններ՝ Ագարակ- Նռնաձոր եւ Երասխէն Նախիջեւան հատուածներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Գիւմրիէն դէպի Թուրքիա եւ Հրազդանէն դէպի Տաւուշի մարզի Կայան համայնք։Խաչատրեան կը բացատրէ, որ ատրպէյճանցիները կրնան որեւէ պահու փակել ուղիները՝ ահաբեկչական սադրանքներ կազմակերպելէ ետք։Ապա, պատճառաբանելով,որ իրենց հողամասերուն վրայ ահաբեկչական յարձակումներ կատարուած են, կրնան զօրամիաւորումներ Սիւնիք առաքել եւ հայկական հողեր թափանցել։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին իսկական դրական եւ ժխտական կողմերը ժամանակի ընթացքին երեւան պիտի գան, եթէ անշուշտ անոր գործադրութիւնը իրականութիւն դառնայ։Բայց արեւելք- արեւմուտք կապ մը ըլլալու անոր յաւակնութիւնը համաթուրանականութեան իսկական վտանգի մը ահազանգը կրնայ հնչեցնել։Ասիկա ալ առաւել յստակ պիտի դառնայ ժամանակի ընթացքին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles