Հայաստանի Ահաւոր Երկրաշարժը․․․35 Տարի Առաջ

1 0
Read Time:49 Second

1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժէն 35 տարիներ անցած են։ Հիւսիսային Հայաստանի այս քաղաքը հիմնայատակ կործանող երկրաշարժը նաեւ մեծ վնասներ հասցուց Գիւմրիին), Վանաձորին, Ստեփանաւանին եւ այլ վայրերու։ Ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու, առնուազն 25 հազար զոհեր արձանագրուեցան, ներառեալ մեծաթիւ դպրոցական երեխաներ։

Երկրաշարժին կեդրոնը Սպիտակի մօտակայ Նալպանտ գիւղն էր, որուն բնակչութեան մեծ մասը զոհուեցաւ: Սպիտակի 18,500 բնակիչներէն` 4 հազար, իսկ Գիւմրիի 230 հազար բնակիչներէն 17 հազարը զոհուեցան:

Երկրաշարժէն կրած կորուստները Հայաստանի համար անդառնալի էին: Երկրաշարժը խլեց շուրջ 25 հազար մարդու կեանք եւ հաշմանդամ դարձուց աւելի քան 50 հազար հոգի: Աւելի քան կէս միլիոն մարդ մէկ օրուան մէջ անօթեւան դարձան: Երկրաշարժը մեծ հարուած հասցուց երկրի տնտեսութեան` աւերելով արդիւնաբերական 157 ձեռնարկութիւն, ուր կ՛աշխատէր 82 հազար հոգի:

Երկրաշարժի առաջին օրերուն իրավիճակը ահաւոր էր: Մարդիկ կը փորձէին ամէն գնով փրկել կամ գոնէ գտնել հարազատներու մարմինները:

Այս ողբերգութիւնը համաշխարհային օգնութեան եւ կարեկցութեան արշաւ մը շղթայազերծեց, թէեւ անոր հետեւանքներուն յաղթահարումը տասնամեակներ տեւեց։ Այսօր, հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Գիւմրի վերագտած է իր երբեմնի աշխուժութիւնը իբրեւ Հայաստանի տեղակատուական արհետագիտութեան կեդրոն։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles