Ինչպէ՞ս Կը Դիմակալենք Մեր Տառապանքը

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

     

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

            Տառապանքը մարդկային կեանքի անբաժան ընկերն է: Ինչո՞ւ կը տառապինք: Այս դասական հարցումը անժամանակ դարերէ ի վեր մարդոց միտքը զբաղցուցած է, որուն որպէս պատասխան կարգ մը հաստատումներ եւ տեսակէտներ առաջադրուած են կարգ մը իմաստուն մարդոց կողմէ:  Ոմանք կը պնդեն թէ տառապանքը արդիւնք է մարդոց կողմէ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, գործուած մեղքերուն, զանցառութիւններուն, անուշադրութիւններուն եւ յանցանքներուն: Այս տեսութիւնը ոչ բոլորովին, բայց մասամբ շիտակ է: Որոշապէս, կան ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան տառապանքներ որոնք մեղքի արդիւնք են: Սակայն անհրաժեշտ է դիտել տալ, թէ ամէն տառապանք անպայմանօրէն մեղքի մը հետեւանքը չէ: Տառապանք կայ, որ արդիւնք է բիրտ, անգութ, վայրենաբարոյ մարդոց գործած չարիքներուն, անարդարութեան եւ անխղճութեանց:

            Տառապանք ալ կայ, որուն պատճառը անհասկնալի է մարդ արարածին, ինչպէս անակնկալ հիւանդութիւններ, բնութենէ եկած աղէտներ, վաղահաս եւ անակնկալ մահեր:

            Բայց յաճախ հարց կը ծագի մարդոց մտքերուն մէջ, թէ ինչո՞ւ արդար մարդը տառապելու է… եւ երբեմն մեղաւորէն ալ աւելի:  Այս պարագան ալ կարգ մը բարոյագէտներ կ’աշխատին բացատրել հետեւեալ ձեւով: Արդար մարդոց տառապանքը կը ծնի այն իրողութենէն, որ անոնց կեանքի բարոյական եւ հոգեւոր սկզբունքները տրամագծօրէն հակոտնեայ են աշխարհիկ սկզբունքներուն եւ կենցաղին: Այդ պատճառով անոնք երբեմն կ’անարգուին, կը հալածուին եւ կը տառապին: Մեղաւոր մարդիկ, որոնք «լայն ճամբուն» մէջ են չեն սիրեր «նեղ ճամբա»յէն քալողները եւ զանոնք թիրախ կը դարձնեն իրենց հալածանքին: Այս պատճառով է որ ամէն դարու մէջ ապրող մարգարէները, առաքեալներն ու բարեկարգիչները տառապանքի ենթարկուած են:  Վստահաբար, անոնք արժանի չէին իրենց տրուած չարչարանքներուն, այսուհանդերձ տառապանքը դարձած է իրենց կեանքի բաժինը: Մտածա՞ծ էք երբեք, թէ այս աշխարհի մէջ եթէ մէկը կար, որ պէտք չէր հալածուէր, չարչարուէր եւ տառապէր՝ անիկա արդարութեան, սիրոյ եւ սրբութեան մարմնացում եղող Յիսուս Ինքն էր, սակայն Ան Եսայի մարգարէին խօսքով, «Վիշտերու տէր եւ ցաւերու տեղեակ եղաւ» (Եսայի 53.3):

            Այո՜, երբ տառապանքի մասին կը խորհրդածենք, շատ «ինչո՞ւ»ներ կը ծագին մեր մտքերուն մէջ, որոնց լիակատար պատասխաններ չունինք: Օր մը երբ Աստուծոյ քով երթանք, մեր հարցումներուն պատասխանը պիտի ստանանք:

            Դարձեալ, տառապանքի մասին խորհած ատեն, կարգ մը մարդիկ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն տառապանքի «ինչո՞ւ»ին վրայ, որուն տրամաբանական պատասխան մը չգտնելով՝ իրենց մտքերը աւելի կը շփոթին եւ իրենց կեանքը աւելի կը դառնանայ:

            Կան ուրիշներ, որոնք տառապանքէն ազատագրուելու համար իրենց կեանքը անտարբերութեամբ ապրիլը ազդու դարման կը նկատեն: Եւ դեռ կան ուրիշներ, որոնք կը դիմակալեն տառապանքը տարբեր աշխարհահայեացքով: Ոմանց համար տառապանքը օրհնութիւն կրնայ ըլլալ, ուրիշներու համար անէծք: Օրինակի համար.-

  1. Տառապանքը կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ կը մօտեցնէ, իսկ ուրիշներ Աստուծմէ կը հեռացնէ:  Այս երկու տարբեր աշխարհահայեացքներու պերճախօս օրինակը կը տեսնենք Գողգոթայի բլուրին վրայ Յիսուսի հետ խաչուող երկու աւազակներու դիրքաւորումին մէջ: Աւազակներէն մէկը կը հաւատայ, իսկ միւսը կը հայհոյէ: Մէկը կը զղջայ, իսկ միւսը կը խստանայ. մէկը կը փրկուի, իսկ միւսը կը կորսուի: Տառապանքը կրակի պէս է, կրնայ ոսկին հալեցնել եւ այդ ոսկիէն փառաւոր զարդեր շինել, կրնայ նաեւ կակուղ կաւը կարծրացնել:
  2. Տառապանքը կրնայ դաստիարակել կամ վատթարացնել: Վիշտն ու ցաւը կրնան յղկել, դաստիարակել եւ ազնուացնել կարգ մը մարդիկ: Հակադարձաբար, ցաւն ու տառապանքը կրնան դառնացնել եւ վատթարացնել ուրիշ մարդոց կեանքը: Տառապանքը արեւի պէս է. ան կարող է աճեցնել շատ բոյսեր, կրնայ նաեւ խամրել ու չորցնել ուրիշ բոյսեր:
  3. Տառապանքը կրնայ կարգ մը մարդոց մէջ ստեղծել սիրոյ եւ կարեկցութեան ոգի, ուրիշներու մէջ՝ ոխի եւ ատելութեան ոգի: Կարգ մը տառապող մարդիկ աւելի զգայուն կը դառնան ուրիշներու տառապանքին՝ սէր, գութ եւ կարեկցութիւն ցոյց տալով. կան ուրիշ տառապող մարդիկ, որոնք կը բթացնեն իրենց զգացումները՝ «սատիզմ»ի ոգիով գոհունակութիւն կը զգան իրենց նմաններուն տառապանքովը:

            Քրիստոնէական դարերու փորձառութիւնը կը յայտնաբերէ այն ճշմարտութիւնը, թէ անոնք որոնք իրենց տառապանքին մէջ զԱստուած գտած են, եւ զգացած են Քրիստոսի սիրոյն զօրութիւնը՝ անոնք են, որ աւելի զօրացած են հնոցի մէջ ջրդեղուած երկաթի պէս ու դարձած են պողպատ: Այս տեսակները կը նմանին այն հաստաբուն ծառերուն, որոնք թէեւ կը հարուածուին կեանքի հովերէն ու փոթորիկներէն, բայց իրենց հաւատքի արմատները աւելի կը զօրանան եւ կ’ամրանան:

            Տառապած այս ընտիր մարդիկը, հաւատքով իրենց կեանքի արցունքներէն ծիածաններ կը շինեն, իրենց կեանքի փուշերէն՝ փառաց պսակներ. ոստրէներու պէս իրենց կողը խրուող աւազահատիկներէն մարգարիտներ կ’արտադրեն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles