Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ

Հայաստանի ազգային նուագախումբը կ՛այցելէ Հիւսիսային Ամերիկա, նշելու համար Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։

Ղեկավարութեամբ՝ Եդուարդ Թոփճեանի, նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Նոյեմբեր 15-ին Նիւ Եորքի «Քարնըկի Հոլ» սրահին մէջ, ապա յաջորդաբար Նոյեմբեր 17-ին Թորոնթոյի «Ռոյ Թոմսոն», Նոյեմբեր 19-ին Մոնրէալի «Լա Մէզոն Սեմֆոնիք» եւ Նոյեմբեր 21-ին Պոսթընի «Սիմֆընի» սրահներուն մէջ։ Ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան (Նիւ Եորք, Թորոնթօ եւ Մոնրէալ) եւ դաշնակահար Սերգէյ Պապայեան (Պոսթըն) պիտի ընկերակցին նուագախումբին։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button