Զգոյշ Ակնարկ Մը․ Գիրքը Տպաւորիչ Է Առաջին Հայեացքով

0 0
Read Time:10 Minute, 33 Second

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ» – Հոկտեմբեր 2023

Խօսքս կողքին մասին չէ, իհարկէ, որ ժուժկալ ըլլալով հանդերձ, իր գոյներով ու տառաչափերով աչք կը գրաւէ։ Խօսքս բովանդակութեան կը վերաբերի, այդ պատճառաւ ալ կ՚ուզեմ ընթերցողին փոխանցել գրքին միտք բանին։ Ի՞նչ գիրք է այս, ուրեմն։

LA FIN DU NÉO-LIBERALISME («Նորազատականութեան վերջը»), հեղինակը՝ Claude Vaillancourt (Գլոտ Վայանգուր), հրատարակիչը՝ écosociété, լոյս տեսած 2023-ի առաջին եռամսեակին, Մոնրէալ, 200 էջ։ Հետաքրքրական է ինչ-որ նշուած է տիտղոսին ներքեւ փոքր տառերով. Regard sur un virage discret, որ թարգմանի «Ակնարկ՝ զգոյշ շրջադարձի մը վրայ»։

Մի՛ մոռնաք այս երկու բառերը՝ «զգոյշ» եւ «շրջադարձ»։

Իսկ ո՞վ է հեղինակը։

Վայանգուր վիպագիր մըն է, փորձագիր մը եւ այլաշխարհի զինուորեալ մը (militant altermondialiste)։ Ան À bâbord ընկերային-քաղաքական եռամսեայ հանդէսի խմբագրութեան անդամ է։ Այս անկախ հանդէսը, որ նոյնպէս Մոնրէալ լոյս կը տեսնէ, կը հրատարակուի «մարտնչողներու, անկախ լրագրողներու, փրոֆեսորներու, ուսանողներու եւ աշխատաւորներու կողմէ՝ ամեն տեսակ ըմբոստներու, որոնք կ՚առաջադրեն յեղափոխել մեր ընկերութիւնը՝ այրերու եւ կիներու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ բնութեան հետ մեր առնչութիւններուն առումով»,— ինչպէս կը նշուի հանդէսի կայքէջին վրայ։ Ան նաեւ նախագահն է միջազգային կազմակերութեան մը տեղական՝ Attac-Québec մասնաճիւղին, որ կը հետապնդէ ժողովրդավարական հակակշիռ ստեղծել ելեւմտական գործառնութիւններուն եւ անոնց հաստատութիւններուն վրայ։ Այսքանը գաղափար մը կու տայ հեղինակի գաղափարական կողմնորոշումներուն մասին։

Գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ, ունի յառաջաբան մը եւ եզրափակում մը։ Այդ երեք մասերու եւ իրենց ենթամասերու վերնագրերը խօսուն են իրենք-իրենց.

– Առաջին մաս՝ Ժամանակաշրջանի մը վերջը (Յետնորազատականութիւնը / Մեծ ինքնաժխտումը / Տկարացած համակարգ մը / Հնացած համախոհութիւն մը / Ձախորդութեան մարգարէները)։

– Երկրորդ մաս՝ Յետնորազատական աշխարհը (Անյուսալի կամ պատահական aléatoires – համոզումներու եւ ճշմարտութիւններու վերջը / Կեդրոնի տեղափոխումը դէպի ձախ / Անբարդոյթ ու ռազմատենչ ծայրայեղ աջը / Ինքնութիւններու պարահանդէսը / Սովորական ջղագարութիւնը / Նոր արհեստավարութիւնը / Միացեալ Նահանգներու մշակութային տիրապետութիւնը / միջավայրը՝ պատճառներու պատճառը)։

– Երրորդ մաս՝ Շփոթի ժամանակաշրջանը եւ դրամատիրութեան տեւականութիւնը / Անշարժականութեան ուժերը / Քեպէգի պարագան)։

Նման ամսագրային յօդուածի մը մէջ կարելի չէ այս բոլորին մասին բերել հեղինակի արտայայտած մտքերու ամբողջական պատկերը։ Պիտի ջանամ, սակայն, ներկայացնել կարգ մը նշումներ կամ հաստատումներ, որոնք կը վերաբերին բոլորին, պէտք է մտահոգեն բոլորը, անոնց կարգին նաեւ մեզ, քանի որ մենք ալ կ՚ապրինք նոյն այս մոլորող մոլորակին վրայ եւ մեր բնակած երկիրներն ու մեր հայրենիքը նոյնպէս ենթակայ են միեւնոյն ազդեցութիւններուն։

Ասկէ ետք արտայայտուած մտքերը՝ չակերտուած կամ ոչ, առնուած են գիրքէն. փակագիծի մէջ նշուած են անոնց էջաթիւերը։

—–

Մարդկութեան վերապրումը ապահովելու համար պարտաւոր ենք յարմարիլ բնապահպանման նոր իրավիճակներուն, սակայն չյարմարելու գլխաւոր ազդակը մեր տնտեսական դրոյթն է (համակարգը), որ ընդդիմանալու անհաւատալի ուժ մը ունի։ Խորհրդային կարգերու անկումէն ետք ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, jh շուկայի տնտեսութիւնը հաստատուած է ընդմիշտ՝ առանց որեւէ այլընտրանքի։ Պահպանողականութեան նոյն այս տպաւորութիւնը կը զգացուի նաեւ ձախին կողմէ, որ սակայն պիտի չուզէր համակերպիլ անոր (11)։

Բայց եւ այնպէս անցնող քսանամեակին, յատկապէս Գովիտ-19 համաճարակէն ետք տեղի ունեցան որոշ ձեւափոխութիւններ, որոնք մեծ փոփոխութիւններ կրնան յառաջացուցած չըլլալ, սակայն կը հանդիսանան զգոյշ շրջադարձ մը (13)։

«Կը մտնենք դրամատիրութեան մէկ նոր փուլը՝ շփոթի, հակամարտութիւններու, ծայրայեղութիւններու՝ կառավարութիւններով, որոնք երբ բռնապետական չեն, յստակօրէն կ՚անջատեն խօսքը գործքէն։  Ուստի կարեւոր է գծել ուրուագիծը այս նոր աշխարհի, այս յետնորազատականութեան եւ հասկնալ հեռանկարները, որ ան կը մատուցէ  մեզի» (16)։

Կրնայ ինքնին հակասական թուիլ «յետնորազատականութիւն» եզրը, —կ՚ըսէ հեղինակը, —սակայն ան կրնայ լաւագոյնը բնութագրել այն անորոշութիւնները, որոնց դէմ-յանդիման կը գտնուինք. պատմութեան շրջան մը, երբ «հինը կը մերժէ մեռնիլ, եւ նորը դժուարութեամբ ձեւ կը ստանայ» (21)։

Նորազատականութիւնը յառաջ եկաւ՝ ժխտելով իր գոյութիւնն իսկ։ Ի՞նչ իմաստ ունի ազատականութեան մասին խօսիլ, երբ այլընտրանքի իրաւունք չես ընդունիր։ Ան «պտուղն էր ընկերութեան օրգանական եւ բնական զարգացման», ժամանակամիջոցի մը, երբ որպէս մարդկային ոգիի խեղճ կառոյցներ փուլ կու գային գաղափարաբանութիւնները՝ մարքսիզմը, հոգեվերլուծումը, կառուցապաշտութիւնը, եւ կը հասկնայինք, թէ աւելի լաւ կ՚ըլլար, որ «ընտելացնէինք բանականութեան մեր ըղձանքը, եւ գործնականապաշտութիւնը յաղթէր մեծ մտաւորական կառուցումներուն» (22-23)։

Դէպի յետնորազատականութիւն անցքը անխուսափելի դարձուցին չորս ազդակներ՝ արդիւնքներու բացակայութիւնը, 2007-2008-ի տնտեսական Մեծ անկումը (Grande Récession), կլիմայական ջերմացումը եւ Գովիտ-19 համավարակը (27)։

Նորազատականութեան ապարդիւն ըլլալու մասին կը յիշուի Ժոզեֆ Ստիկլիծ (Joseph Stiglitz) անուանի տնտեսագէտին 2002-ին տուած վճիռը․ «Այսօր համաշխարհայնացումը չի գործեր։ Չի գործեր աշխարհի աղքատներուն համար։ Չի գործեր միջավայրին (բնապահպանման) համար։ Չի գործեր համաշխարհային տնտեսական կայունութեան համար» (27)։

Նորազատականութեան նկատմամբ ակնկալութիւնները հիմնուած էին սխալ ենթադրութիւններու վրայ։ Օրէնքներն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնները նուազագոյնի իջեցնելով եւ հարուստներու տուրքերը անհամեմատօրէն ցած պահելով՝ կը կարծուէր, թէ շատ նոր շահարկումներ պիտի ըլլային, ապրանքներու գիները ցած պիտի մնային, շահոյթը վերէն վար պիտի կաթկթէր ու ամեն մարդ պիտի օգտուէր։ Մինչդեռ գիտենք, որ այդպէս չեղաւ (28)։

Այդ միջոցառումներու հետեւանք էր Մեծ անկումը, եւ պետութիւնը դրամատուներուն օգնեց, որպէսզի անոնց հասոյթները (եւ փայատէրերու հարստութիւնը) կայուն պահէ՝ փոխանակ օգնելու վնասուող հասարակ քաղաքացիներուն (29)։

Գալով կլիմայական ջերմացման՝ փաստուեցաւ, որ անոր դէմ պայքարը ունեւորներու հաշուոյն չի գար եւ միայն տնտեսական տարբեր համակարգի մը տակ կարելի է լուրջ միջոցառումներու դիմել (31)։

Ամենէն աւելի, սակայն, պսակաժահրի համավարակն էր, որ բացայայտեց նորազատական կարգերու անկարողութիւնը կամ ապիկարութիւնը՝ դիմագրաւելու համար նման խոշոր սպառնալիքներ՝ առանց բնութեան պաշտպանութեան եւ առանց պետական միջամտութեան։ Նաեւ երեւան եկաւ կարեւորութիւնը տեղական տնտեսութեան զարգացման (ի դէմս համաշխարհայնացման)։ Մանաւանդ ակներեւ դարձաւ ունեւոր եւ չունեւոր երկիրներու տարբերութիւնը՝ վարակին զոհ գացողներու քանակին առումով (33)։

Հիմա նորազատականութեան ամենէն ջերմ պաշպաններէն ոմանք ալ դարձած են անոր քննադատները։ Մէկը Քլաուս Շուապն է (Klaus Shwab), որ հիմնադիրն է Տաւոսի տարեկան տնտեսական հաւաքին (54)։

Ան համահեղինակ տնտեսագէտ ու պատմաբան Թիեռի Մալըրէի (Thierry Malleret) հետ իր վերջին գիրքին մէջ (COVID-19, la grande réinitialisation – ԳՈՎԻՏ-19, մեծ վերաիմացութիւնը) կը գրէ. «ԳՈՎԻՏ-19-ը ազդարարեց, թէ վերջ գտաւ նորազատականութիւնը, որ հաւաքածոյ մըն է գաղափարներու եւ քաղաքականութիւններու, որ հանգիստ կրնանք ըսել, թէ կը քաջալերէ մրցակցութիւնն ընդդէմ միասնականութեան, ստեղծագործ քանդումն ընդդէմ պետական միջամտութեան եւ տնտեսական աճն ընդդէմ ընկերային բարօրութեան»։ Եւ կ՚աւելցնէ. ««Գերհամաշխարհայնացումը» կորսնցուցած է իր ամբողջ քաղաքական ու ընկերային դրամագլուխը, եւ քաղաքականապէս անկարելի է ըլլալ անոր ջատագովը» (55)։

Շուապի կը ձայնակցի, կարծէք, Փաթրիք Արթիւս (Patrick Artus)՝ Նաթիքսիս, դրամատունէն։ Ըստ անոր՝ կան նորազատական դրամատիրութեան վերջը բերող չորս պատճառներ. 1) Կը վերադառնանք ազգային եւ ոչ համաշխարհային արժէքներու շղթաներու, 2) Մնայուն աճ մը  պիտի ըլլայ հասարակական ծախսերու, 3) Պետութիւնը պէտք է միջամտէ սահմանելու եւ զարգացնելու համար ռազմավարական ճարտարարուեստները, 4) Հիմա այլեւս (նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ) ընդունուած է, որ ամբողջ բնակչութիւնը պէտք է վայելէ ընկերային պատշաճ պաշտպանութիւն մը» (56-57)։

Կը նկատուի հետեւեալ երեւոյթը. ներկայ յետնորազատականութեան այս դարուն կեդրոնը կը հակի քիչ մը աւելի դէպի ձախ բոլոր մարզերուն մէջ։ «Այս անվճռական պատասխան մըն է այն անորոշութիւններուն, որոնք ի յայտ կու գան նորազատականութեան վերջաւորութեան, ձեւ մը՝ հակադարձելու այս համակարգի քննադատութիւններուն եւ համաշխարհայնացման զոհ դարձած ժողովուրդներու հիասթափութեան՝ առանց խորունկ յեղաշրջումներու»։ Հակառակ կուսակցութիւններու բազմապատկումին՝ հազուագիւտ են համակարգային փոփոխութիւններու առաջարկները։ «Ինչ որ կրնար նկատուիլ կարեւոր յառաջացում մը փճացուած է թէ՛ իշխանութիւններու վրայ գտնուողներու քաղաքական կամքի պակասին իրենց գեղեցիկ խօսքերուն հետեւանք տալու տեսակէտէն, թէ՛ ալ  ճնշումներուն անբարդոյթ ծայրայեղ աջին, որ կը ջատագովէ հիմնական յետդարձներ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու առումով եւ որ կը թուի այս ժամանակին մէջ որպէս հաւանական կամ համոզիչ այլընտրանքը, որ կը վայելէ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասին քուէն» (81)։

Հեղինակը կը նշէ բազմաթիւ երկիրներ, որոնք ժողովրդավարութեան դիմակին տակ այդ է, որ կը ջանան կատարել, ինչպէս Թրամփի ԱՄՆ-ը, Պոլսոնարոյի Պրազիլիան, Էրտողանի Թուրքիան, Օրպանի Հունգարիան, Տուտայի Լեհաստանը կամ Տիւթերթի ապա եւ Մարկոս Կրտսերի Ֆիլիպինները (84)։

Վայանգուր, սակայն, դրական կը նկատէ այն անհանդուրժողութիւնը, որ կը ձեւաւորուի ընդդէմ այլազանութեան մերժումին՝ ցեղային, կրօնական,  թէ այլ, ընդդէմ կիներու նուաստացման ու նսեմացման, ընդդէմ գաղթատիրութեան՝ յատկապէս բնիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, ընդդէմ չունեւորներու ուսման սահմանափակումներուն եւ այլն (96…)։

Հեղինակը կ՚արծարծէ նաեւ թուայնացած տնտեսութեան հարցերը։ Այսօրուան արհեստագիտութեան զարգացումները, կարծէք, յաւելեալ միջոցներ կը ստեղծեն տուրքերէ խուսափումի, աշխատանքային պայմաններու վատթարացումի, բանուորական իրաւունքներու կրճատման, բնութեան յաւելեալ վնասումի եւ աստղաբաշխային հարստութիւններու կուտակման համար՝ հակառակ շատ օգտակար գիւտերու եւ ճարտարարուեստական կարելիութիւններու։ Առցանց հաղորդակցական հարթակներու եւ միջոցներու տէրերը «թուային բարբարոսներ» կը կոչէ լրագրող Ալէն Սոլնիէ (Alain Saulnier), եւ անոնց ներխուժումը բազմաթիւ ոլորտներէ ներս կը նկատէ․ «ամենէն բուռն յարձակումը  ազգային գերիշխանութեան վրայ, որուն ենթարկուած է Միացեալ Նահանգները այս նոր հազարամեակին» (129-130)։

 

Հակառակ վերջին տասնամեակներու բոլոր վերիվայրումներուն քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ՝ տակաւին «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը պահէ ոչ զանցառելի առաւելութիւն մը՝ գրաւը դրած ըլլալով մշակոյթին վրայ եւ օգտուելով Բրիտանական կայսրութեան տարիներու տիրապետութեան արդիւնքներէն (retombées)՝ աշխարհի վրայ ամենուրեք անգլերէնը պարտադրած ըլլալով»։ Ըստ Անթոնիօ Կրամիսգիի (Antonio Gramisci)՝ պուրժուա մշակոյթի տիրական դիրքը արգելք կը հանդիսանայ աշխատաւորական կազմակերպութիւններուն, որ ջատագովեն այնպիսի արժէքներ, որոնք պիտի նպաստեն աշխատաւոր դասակարգի ամբողջական ազատագրումին։

«Միացեալ Նահանգներու մշակութային գերագահութիւնը շատ հասութաբեր է իր համար, իր բազմազգ ընկերութիւններէն շատեր (GAFAM եւ մշակութային ճարտարարուեստը) կը դնէ շուկայի գրեթէ ամբողջական հակակշիռը իրենց ձեռքը պահելու կացութեան մէջ, իր տարածքը կը ներքաշէ բոլոր գիտութիւններու հետազօտողները եւ կը յառաջացնէ հիացում մը, որ ի նպաստ իրեն կը դարձնէ միջազգային հանրային կարծիքը»։

Ասոր ալ հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ հետզհետէ ուրիշ ժողովուրդներ կամաց-կամաց կը հրաժարին իրենց սեփական մշակոյթներէն (140-141)։

Ակներեւ է, որ մշակոյթի ճամբով է, աւելի քան իր զինական ուժով, որ ԱՄՆ-ը կը տարածէ իր համաշխարհային տիրապետութիւնը (145-147)։

Գալով կլիմայական ջերմացման վտանգին՝ ան գիտցուած էր երկար ատեն ի վեր, սակայն առկայ տնտեսական դրութեան նպաստաւոր չէին անոր սրբագրութեան լուծումները։ «Էքսոն մոպիլ» քարիւղի ընկերութիւնը, որ այդ ուղղութեամբ հետազօտութիւններ ալ ֆինանսաւորած էր, 1990-էն սկսեալ 16 միլիոն տոլար յատկացուցած է առնուազն 43 կազմակերպութիւններու, որ կասկածի ենթարկեն կլիմայական փոփոխութիւնները։ Բնութեան պահպանութեան հարցը արգելք կը հանդիսանար ազատ առեւտուրին ու մեծ ընկերութիւններու խոշոր եկամուտներուն։

Այսօր քիչեր կը համարձակին ժխտել կլիմայական փոփոխութեանց իրականութիւնը, սակայն այնքան ալ դիւրին չէ, դիւրին չէ ջերմուժի բրածոյ աղբիւրները (ածուխը, քարիւղը, բնական կազը) փոխարինել կայուն աղբիւրներով՝ արեւային ու հողմային։  Կը պահանջուի նաեւ «համակարգային փոփոխութիւն մը՝ փոխանցում մը դէպի կայունութեան վրայ հիմնուած տնտեսութիւն մը, սպառումի նուազում մը, աղբիւրներու պահպանման նպատակադրում մը, ջերմուժի շատ աւելի սահմանափակ գործածութիւն մը եւ գրեթէ ամբողջական հրաժարում մը բրածոյ ջերմուժէն»։

«Վերջին քանի մը տարիներուն այդ ուղղութեամբ զգոյշ թեքումը անբաւարար կ՚երեւի լուծելու համար հարցը, որ թերեւս ամենէն դժուարինն է, որուն դէմ-յանդիման կը գտնուինք» (148-156)։

Կ՚ապրինք «շփոթի ու դրամատիրութեան տեւականութեան ժամանակաշրջան մը»։ «Ձեռնարկութիւններու, ինչպէս նաեւ հանրային սպասարկութիւններու կառավարման մէջ կը շարունակենք կիրարկել նորազատականութենէն ուղղակի ներածուած մեթոտներ՝ արդիւնաւէտութեան, հաշուետւութեան, յաճախորդի հանդէպ մօտեցումի, ղեկավարման թեքնիքներու, օրինակ՝ խնայողական կառավարմամբ կամ «նոր հանրային ղեկավարման» սկզբունքով»։

Բայց նոյն ձեւով կը շարունակուին նաեւ ընկերային մեծ անհաւասարութիւնները, նիւթապաշտութիւնն ու շահու անյագ հետապնդումը։

Յետնորազատականութեան ներկայ դրութիւնը, որ գաղափարաբանական ոչ մէկ հիմք ունի, իրապէս, խոցելի է։ Դժուար է անուն մը տալ անոր։ «Բայց այս նոր դրամատիրութեան ուժը իր ինքնաբերաբար գործելուն մէջն է, դէմ-յանդիման եւ ընդդէմ բոլորին, ինքզինք պահպանելու կարողութեան մէջն է այս պահուն, հակառակ որ ամեն ինչ կրնայ փուլ գալ։ Ահա թէ ի՛նչ է, որ կը վհատեցնէ անոր ընդդիմադիր անձերը» (159-163)։

Երբ այնքան յստակ են աշխարհի սպառնացող մեծ վտանգները՝ Մեծ անկումը, կլիմայական ջերմացումը եւ Գովիտ-19-ը, ինչո՞ւ պետութիւնները վճռական քայլեր չեն առներ։ Ըստ հեղինակին՝ կան բազում եւ բարդ պատճառներ, բայց երեք գլխաւոր պատճառները կը հանդիսանան «կառավարման հին սովորութիւնները եւ նորազատական մտածողութիւնը, որ կը շարունակէ ազդել մեր հոգեկանին վրայ՝ հակառակ ամենայնի», ծայրայեղ աջի վերելքը, բայց մանաւանդ անշարժականութիւնը անդրազգային մեծ ձեռնարկութիւններու, «որոնք, հասկնալի պատճառներով ամենէն մեծ զոհերը պիտի ըլլան համաշխարհային վերադասաւորման մը եւ որոնք կը յամառին իրենց ունեցած վիթխարի միջոցներով պահպանել իրավիճակն ինչպէս որ է, այսինքն՝ մեծապէս իրենց ի նպաստ»։  Անոնց ազդեցութեամբ է, որ կառավարութիւնները կը շարժին, որքան ալ ուզեն երեւիլ յառաջդիմական եւ բարեփոխութիւններու կողմնակից։ Լոպիիզմը դարձած է այն կենսական գործիքը, որով այդ ընկերութիւններն իրենց կամքը կը պարտադրեն կառավարութիւններուն։ «Լոպիիսթները կը կազմեն ստուերային բանակ մը, որ յարատեւ, յամառ եւ խիստ համոզկեր պայքար կը մղէ՝ հրապուրելով, սպառնալով ու կաշառելով՝ համաձայն լաւ հաշուած չափաքանակներու, արդիւնաւէտօրէն անցնելու համար օրէնքներ, որոնք նպաստաւոր պիտի ըլլան իրենց յաճախորդներուն ու սահմանափակեն այն փոփոխութիւնները, որոնք կրնան ըլլալ ի վնաս անոնց» (164-167)։

Ներկայ կացութիւնը սրբագրելու համար ամենէն իմաստուն կառավարութիւններն անգամ կը խուսափին յախուռն քայլեր առնելէ։ Կեդրոն-ձախ կամ կեդրոն-աջ հակող բազմաթիւ երկիրներ փոքր քայլերով կ՚ուզեն յառաջանալ՝ առանց վտանգելու դրամատիրութիւնը։ Այս՝ մասնաւորաբար բնապահպանման հարցերու առնչութեամբ, նոյնպէս ընկերային անհաւասարութիւններու։ «Անոնք ցաւերու ախտանշաններուն կը հարուածեն՝ փոխանակ խնդիրներու արմատներուն երթալու» (189)։

Հարցն այն է, որ արմատական լուծումները կը պահանջեն աւելի մեծ փոփոխութիւններ եւ նկատառելի ճիգեր, ինչպէս՝ «դիմագրաւել գերսպառողութիւնը, ուղղակի հակադրուիլ  անդրազգային մեծ ընկերութիւններուն, արմատապէս սահմանափակել շահարկումները կամ չարաշահումները, պարտադրել տնտեսութիւն մը, որ հիմնուած է ձեռնարկութիւններու տեսականիի այլազանութեան վրայ (ընկերային տնտեսութիւն, համագործակցականներ, հանրային սպասարկութիւններ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ), հաստատել աճող հարկային համակարգ մը՝ առանց խուսափուղիներու ամենէն հարուստներուն համար  եւ այլն»։ Իսկ այս լուծումները կիրարկելը անյաղթահարելի վախեր կը յառաջացնեն ելեւմտական ընտրանիին մէջ (190)։

Պետութիւններու վարանումներուն եւ ձախողութիւններուն դիմաց, ինչպէս դիտել տուած է Նաոմի Քլայն (Naomi Klein)․ «Միայն ընկերային մեծածաւալ շարժումները պիտի կարենան փրկել մարդկութիւնը» (195)։

Ըստ Վայանգուրի՝ բնութեան պահպանութեան հարցն է, որ ի վերջոյ վճռական ազդակը պիտի հանդիսանայ ընկերութեան փոփոխութեան։ «Մեր մոլորակին վրայ կեանքի պահպանման համար պայքարը ինքզինք կը պարտադրէ իր անխուսափելի անհրաժեշտութեամբ»։ Կլիմայական ջերուցման դէմ արդիւնաւէտ չ՚ըլլար պայքարը՝ առանց փոխելու տնտեսութեան տեսակը, որ մերն է եղած տարիներէ ի վեր (196)։

Գլխապտոյտ կը պատճառէ յետնորազատական աշխարհը՝ մեզ այնքան մխրճելով անորոշութիւններու մէջ եւ այնքան ձգտելով բեւեռացումներու, որոնք անհամար մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն եւ խրամատներ կը ստեղծեն անհատներուն միջեւ։ Բան մը չընելու, ինքն իր մէջ քաշուելու կամ համակերպուիլու փորձութեան ենթարկուիլը կրնայ ունենալ աղէտալի հետեւանքներ։ […] բայց վերջապէս ընթացքին մէջն ենք՝ ձերբազատելու  վտանգաւոր, ամբարտաւան եւ քանդիչ գաղափարաբանութենէ մը, որ երկար տարիներէ ի վեր գրեթէ ամենուրեք պարտադրած էր ինքզինք։ Նոր հեռանկարեր կը բացուին այն պայքարներուն առջեւ, որ պէտք է մղենք։ Աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու յանդուգն գաղափարները ասկէ ետք աւելի դիւրաւ կրնան տարածուիլ. անոնք կենսական են աւելի, քան երբէք։ Բայց պէտք է զանոնք պաշտպանենք եռանդով եւ հետեւողականութեամբ» (197)։

Ահա այսպէս կ՚աւարտէ Գլոտ Վայանգուր իր այս երկը, որ հաւանաբար կրնանք նկատել համապարփակ, բայց զգոյշ ակնարկ մը՝ «զգոյշ շրջադարձի» մը վրայ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles