ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ Դ. ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 7 Second

Րոտ Այ­լըն­տի Ուոր­ուիք շրջա­նի »Քրաուն Փլա­զա« պան­դո­կին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պած մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւնը, աւե­լի քան եր­կու հա­րիւր ներ­կա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Ներ­կա­ներ հա­մախմբ­ուած էին այս ձեռ­նար­կին, որուն պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քի երե­կո­յէն առաջ, կա­տար­ուե­ցաւ աճուրդ: Այս առ­թիւ, գո­յա­ցաւ կո­կիկ գու­մար մը: Նա­եւ կա­տար­ուե­ցան նուի­րա­տուու­թիւն­ներ, որոնք  փո­խանց­ուե­ցան Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ան­ձեռնմ­խե­լի հիմ­նադ­րա­մին: Պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք-մե­ծա­րան­քի ձեռ­նար­կը բաց­ուած յայ­տա­րա­րեց, օր­ուան հան­դի­սա­վար՝ Սթե­ֆը­նի Քիլ­եան, որ հրա­ւի­րեց Ռոտ Այ­լըն­տի պա­տաս­խա­նա­տու դա­տա­խազ՝ Հայ­կա­նուշ Պետ­րոս­եա­նը՝ պաշ­տօ­նա­պէս բաց­ուած յայ­տա­րա­րե­լու երե­կոն: Պետ­րոս­եան, հպար­տօ­րէն իբ­րեւ հայ եւ Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն բա­րե­կամ, խօսք առ­նե­լով շեշ­տեց թէ հե­տե­ւո­ղա­կան եւ անա­չառ աշ­խա­տանքն է, որ դուռ կը բա­նայ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու: Նա­եւ, ան հպար­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ թէ, Րոտ Այ­լըն­տի մէջ, որ­քան հա­մակ­րանք եւ յար­գանք պար­տադ­րած է տեղ­ւոյն հայ գա­ղու­թը: Ապա, խօս­քը տրուե­ցաւ Ուոր­ուի­քի քա­ղա­քա­պետ Սքաթ Աւե­տիս­եա­նին, որ իր կար­գին, յայտ­նեց թէ երախ­տա­պարտ է իր հա­յու­թեամբ եւ միշտ ալ ամ­րօ­րէն, կառ­չած պի­տի մնայ իր ար­մատ­նե­րուն, դառ­նա­լով տի­պար ամե­րի­կա­հայ մը:

»Հա­ւա­քա­բար միշտ պի­տի գոր­ծակ­ցինք, ի շահ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն եւ ի շահ հա­յու­թեան: Հպարտ ենք ամե­րի­կա­հայ ըլ­լա­լով եւ մի°շտ հպարտ՝ Հայ Դա­տի եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար աշ­խա­տանք տա­նե­լու…«, ըսաւ Աւե­տիս­եան, որուն խօս­քէն ետք, բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Տի­կին Տե­պը­րահ Բճոճ­եա­նը, մե­ներ­գե­լու Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը:

Ձախէն աջ՝ Սթիւ Մեսրոպեան, ծերակուտական՝ Շելտըն Ուայթհաուզ եւ Անի Հարոյեան

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Քէն Խա­չիկ­եան, խօսք առ­նե­լով, յայտ­նեց թէ Հայ Դա­տի հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը իրա­գոր­ծե­լու հա­մար, կա­րի­քը կայ ամէն հա­յու մաս­նակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ՝ բո­լոր անոնց, որոնք ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան կողմ­նա­կից են: Այդ անար­դա­րու­թիւնը կա­րե­լի չէ եւ պէտք չէ շա­րու­նակ­ուի: Մենք պէտք է ընենք ամէն բան մեր կա­րո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու ար­դա­րու­թիւնը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար: Խա­չիկ­եան ըսաւ թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ հայ­րե­նի­քի կո­րուս­տը տա­րի­ներ շա­րու­նակ անն­կատ ան­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին կող­մէ, մին­չեւ որ հայ ժո­ղո­վուր­դը, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն առաջ­նոր­դու­թեամբ, բարձ­րա­ցաւ բնաջն­ջու­մի եւ պար­տու­թեան ար­հա­ւիր­քէն եւ պայ­քա­րե­ցաւ վե­րա­տի­րա­նա­լու հա­մար իր իրա­ւունք­նե­րուն:

»Ասոր ան­մի­ջա­կան ար­դիւնք՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ճանչց­ուած իրա­դար­ձու­թիւն մըն է եւ եր­բեք՝ մոռց­ուած պատ­մու­թիւն…« եզ­րա­կա­ցուց ան:

Քոնկրէսական Տէյվիտ Սէսիլին

Ապա, օր­ուան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն. Առաջ­նոր­դա­րա­նը ներ­կա­յաց­նող քհնյ. Պետ­րոս Շի­թիլ­եա­նը (Սփրինկ­ֆիլ­տի »Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ« եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ): Ան յայտ­նեց թէ Հայ Դա­տի հա­մար գոր­ծե­լու եւ աշ­խա­տան­քը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար կա­րի­քը կայ ամէն հա­յորդիի մաս­նակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ՝ բո­լոր անոնց, որոնք ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան կողմ­նա­կից են: Ապա, անոր աղօթ­քէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթ­րի­քը, որուն ըն­թաց­քին ցու­ցադր­ուե­ցաւ տե­սա­ե­րիզ մը, անց­նող տա­րեշր­ջա­նի կա­տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն առն­չու­թեամբ: Այս տար­ուան »Վա­հան Քար­տաշ­եան շքան­շան«ը, ստա­ցաւ, տա­րի­ներ շա­րու­նակ Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն, թէ ազ­գա­յին այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, աշ­խա­տանք տա­րած Թա­թուլ Սո­նենց Փա­փազ­եան:

Նախ­քան, շքան­շա­նը փո­խանց­ուի­լը, Դոկտ. Տիգ­րան Խա­լիկ­եան ներ­կա­յա­ցուց Սո­նենց Փա­փազ­եան մար­դը եւ վեր առաւ անոր կա­տա­րած ներդ­րու­մը, տասն­եակ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, սկսե­լով իր ծննդա­վայր՝ Եգիպ­տո­սէն մին­չեւ Նոր Աշ­խարհ՝ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ: »19 տա­րե­կա­նիս երբ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Հ.Յ.Դ.-ի շար­քե­րէն ներս մուտք գոր­ծե­ցի, զիս դաստ­ի­ա­րա­կած էին թէ կեան­քիս մէջ միայն պի­տի տամ եւ եր­բեք չառ­նեմ:…Ահա­ւա­սիկ 82 տա­րե­կա­նիս, կը շա­րու­նա­կեմ տալ, առանց առ­նե­լու: Այս­պէս է մեր դաստի­ա­րա­կու­թիւնը«, ըսաւ Սո­նենց Փա­փազ­եան, հան­դար­տօ­րէն փո­խան­ցե­լով իր պարզ ու յստակ ապ­րում­նե­րը: Եր­կար եւ յոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րէ ետք միայն, ան հե­ռա­ցաւ բե­մա­հար­թա­կէն, դարձ­եալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով:

Կոմիտաս Ա. քհնյ.Պաղսարեան (ձախին) եւ Պետրոս քհնյ.Շիթիլեան (աջին) տէր եւ տիկին Թաթուլ Սոնենց Փափազեան

Վա­հան Քար­տաշ­եան (1883-1934) եղած է փաս­տա­բան մը, որ շատ սուղ վճա­րած է Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կան­խար­գի­լե­լու իր փոր­ձե­րուն գի­նը:

Ձախէն աջ՝ Ստեփան Տիւլկէրեան, Քեննէթ Պարոնեան եւ Ճօ Տաղտիկեան

Ար­դա­րեւ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­ցի Քար­տաշ­եան 1908 թուա­կա­նէն մին­չեւ իր մա­հը (1934) պայ­քա­րած է մարդ­կու­թիւնը յու­զող հիմ­նա­կան հար­ցե­րով: Քար­տաշ­եան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ինը ամիս առաջ նա­մակ մը յղած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու պա­տե­րազ­մի նա­խա­րար Լինտ­սէյ Կե­րի­սը­նին՝ ըսե­լով, թէ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նի, եւ թէ՝ թուր­քե­րը կրնան շատ մեծ վնաս­ներ հասց­նել Օս­ման­եան կայս­րու­թեան քրիս­տոն­եայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, եթէ ար­տա­քին հզօր ուժ մը չմի­ջամ­տէ. սա­կայն Կե­րի­սըն օրին կա­րե­ւո­րու­թիւն չէ ըն­ծա­յած Քար­տաշ­եա­նի ազ­դա­րա­րու­թեան:

Րոտ Այլընտի պատասխանատու դատախազ՝ Հայկանուշ Պետրոսեան

Նա­եւ պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ հա­յա­սէր ծե­րա­կու­տա­կան եւ տա­րի­ներ շա­րու­նակ Հայ Դա­տին ի նպաստ պայ­քար մղած Թէտ Քէնէ­տի (յետ մա­հու): Ան տասն­եակ տա­րի­ներ շա­րու­նակ թի­կունք կանգ­նած էր Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ճիգ թա­փած, որ պատ­շա­ճօ­րէն ճանչց­ուի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Այս առ­թիւ, Քէն­էտիի զա­ւա­կը՝ Փէթ­րի­քը, որ անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով, ստի­պո­ղա­բար այլ ձեռ­նար­կի մը պի­տի մաս­նակ­ցէր, յա­տուկ նա­մակ մը յղած էր Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով, յետ մա­հու  »Ազա­տու­թեան Շքան­շան«ով պատ­ուե­լու, Հա­յոց Եղեռ­նի հար­ցը ար­ծար­ծած եւ պաշտ­պա­նած՝ ծե­րա­կու­տա­կան Քէն­էտին:

Ծերակուտական Շելտըն Ուայթհաուզ, տէր եւ տիկին Ճորճ Աղճայեան

Նա­եւ ներ­կայ էին քոն­կրէ­սա­կան Տէյ­վիտ Սէ­սի­լին (Դե­մոկ­րա­տա­կան, Ռոտ Այ­լընտ) եւ ծե­րա­կու­տա­կան Շել­տըն Ուայթ­հաուզ (Դե­մոկ­րա­տա­կան, Ռոտ Այ­լընտ): Այս վեր­ջի­նը ստա­ցաւ Թէտ Քէն­էտիի ի յի­շա­տակ յու­շան­ուէ­րը: Ան իր խօս­քին մէջ ըսաւ.-

»46 տա­րի շա­րու­նակ Թէտ Քէնէ­տի պայ­քա­րե­ցաւ ի նպաստ Հայ Դա­տին, սկսե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մին­չեւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը«:

Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի անու­նով խօսք առաւ Ճորճ Աղ­ճայ­եան, որ առա­ջին հեր­թին յայտ­նեց թէ Րոտ Այ­լընտն ու Փրո­վի­տեն­սը իրեն հա­մար հա­ճե­լի յի­շա­տակ­ներ կը յի­շեց­նեն, ապա ան անդ­րա­դար­ձաւ Հայ Դա­տի գծով կա­տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ստեղծ­ուած գոր­ծե­լա­ո­ճին, կա­տար­ուած եւ կա­տար­ուե­լիք գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին:

Արեւել. Ա.Մ.Ն. Կ.Կ.-ի խօսքը կը փոխանցէ Ճորճ Աղճայեան

Շատ աւե­լի ման­րա­մասն զե­կու­ցեց Փրո­վի­տեն­սի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծիչ­նե­րէն՝ Սթիւ Մես­րոպ­եան, որ ըսաւ թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս աշ­խար­հաս­փիւռ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու ծա­ւա­լուն ու ան­խոնջ պայ­քա­րը, նշա­նա­կա­լի հանգր­ուան մը բո­լո­րած է Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ, հա­կա­ռակ ամե­րիկ­եան եւ արեւմտ­եան աշ­խար­հի կա­ռա­վա­րու­թեանց, ցարդ որ­դեգ­րած խու­սա­փո­ղա­կան եւ ու համ­ո­զիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Ան նա­եւ յայտ­նեց թէ որ­քան տա­րի­նե­րը կը թա­ւա­լին, այն­քան կը ծան­րա­նայ աշ­խա­տանքն ու աշ­խա­տե­լա­ձե­ւը: Մես­րոպ­եան նկա­տի առ­նել տուաւ թէ, պայ­ման­նե­րու բեր­մամբ կարգ մը նա­հանգ­նե­րէ ներս տկա­րա­ցած են գա­ղութ­նե­րը, իսկ փո­խա­րէն այլ գա­ղութ­ներ ներս, որոնց կար­գին՝  Ֆլո­րի­տա, մեծ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ար­ձա­նագ­րած, ուր պէտք է որ աշ­խա­տանք տար­ուի:

Ձեռ­նար­կը աւար­տե­ցաւ տէրու­նա­կան աղօթ­քով, որուն մա­տու­ցու­մը կա­տա­րեց տեղ­ւոյն հո­վիւ Աւագ քհնյ. Կո­մի­տաս Պաղ­սար­եան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles