«Բագին» Հաստատուն Կռուաններ Ունի, Երկար Տարիներու Ճանապարհ Կտրելու Համար

0 0
Read Time:9 Minute, 58 Second

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Յապաւումով

(Խօսք՝ «Բագին»-»-ի 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին առթիւ, Երեւանի մէջ, Սեպտեմբեր 18-ին)

1962-ի սկիզբը լոյս տեսաւ «Բագին»-ի առաջին թիւը` օրուայ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ: Իր ատենին հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատուած այդ քայլին նշելի դէմքերը հանդիսացան Կարօ Սասունին, Բաբգէն Փափազեանը, Յարութիւն Գազանճեանը (Գեղարդ), Տիգրան Ոսկունին, Վահէ Օշականը, Եդուարդ Պոյաճեանը եւ Պօղոս Սնապեանը: Վերջին երկուքը նկատի առնուած էին իբրեւ գրական նոր հանդէսի խմբագիրներ. հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք, Եդուարդ Պոյաճեանի մահով, “Բագին»-ի խմբագիր դարձաւ Պօղոս Սնապեան. իր անունը շուտով դարձաւ «Բագին»-ի հոմանիշ: Ան իր աւելի քան քառասնամեայ ներկայութեամբ, իր նուիրումով, մտաւորական երբեմն չափազանցեալ բծախնդրութեամբ, գրականի կողքին նաեւ ազգային-հասարակական հակումներով, իր անժամանցելի կնիքը դրաւ ամսագրի պարունակութեան եւ համբաւին վրայ:

Պօղոս Սնապեանով «Բագին»-»-ը մուտք գործեց 21-րդ դար, շուտով ջահը փոխանցելով Յակոբ Պալեանին, իբրեւ օգնական խմբագիր ունենալով Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեանը, որ երկար բացակայութենէ մը ետք, Յակոբ Պալեանի հանգստեան կոչուելով, վերադարձաւ «Բագին»-»՝ այս անգամ որպէս անոր խմբագիրը:

Այսպէս՝ վեց տասնամեակի ընթացքին միայն երեք խմբագիր ունեցած ըլլալը հանդէսի կայունութեան, ամրութեան ու հետեւողականութեան փաստերէն մէկն է: Շուրջ երեսուն տարի առաջ «Բագին»-ը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի կողմէ փոխանցուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խնամքին:

«Բագին»-ի ծնունդը զուգադիպեցաւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ տեղի ունեցած սերնդափոխութեան. ջախջախիչ մեծամասնութեամբ արեւմտահայ տարագիր սերունդը անհետանալու վրայ էր, իսկ հասունցած էր արդէն յաջորդը, որ «Բագին»-ի մէջ արտայայտուելու եւ զարգանալու առիթը ունեցաւ: Իսկ ներկայիս՝ «Բագին»-ը իր պարունակութեամբ եւ իր տեսքով արդիականութիւն բուրող միջավայր մըն է, որուն շուրջ խմբուած է ժամանակի ընթացքին որոշ չափով նօսրացած սփիւռքահայ գրական շրջանակը:

Տեղին է ըսել, որ տպագիր գրական գործի հիմնական ներկայացուցիչը «Բագին»-ն է, իսկ անոր կ’ընկերակցի ելեկտրոնային կայքէջերու միջոցով արտայայտուող անհատ արուեստագէտներու թիւ մը:

Պէտք է նաեւ նշել, որ «Բագին»-ի հրատարակիչները նիւթական մեծ զոհողութիւններով հրատարակած են նախ ամսաթերթը, հետագային, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ատեն մը երկամսեայ, յետոյ՝ եռամսեայ դարձած Համազգայինի գրական պարբերաթերթը: Մէկէ աւելի անգամներ մտածուած է ձեւը գտնել կրճատելու ծախսերը, սակայն Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովները արգելք հանդիսացած են խնայողութեան այն տարբերակներուն, որոնք կրնան վնաս հասցնել սփիւռքի մէջ հայ լեզուի գեղարուեստական արտայայտութեան բնագաւառին: Այդ բոլոր ծախսերը կ՛արդարանան, եթէ գրական պարբերաթերթի իւրաքանչիւր թիւին մէջ յաջող ու գեղեցիկ մէկ էջ, թէկուզ առանձին պարբերութիւն մը ընծայուի հայոց գրականութեան անդաստանին:

Սփիւռքի մէջ հայերէնը չունի ակադեմական վերահսկիչ, որ կարենայ զուտ գիտական մօտեցումով զարգացնել բառապաշարը եւ ընդհանրապաէս գրաւոր ու բանաւոր արտայայտութիւնը. իսկ ինքնակոչ վարպետներն ու փրկիչները ի վիճակի չեն առանձին ամէն ինչ ճիշդ մեկնաբանելու եւ արտադրելու: Լեզուի խնամքն ու զարգացումը հաւաքական մտածումի, քննարկման, ճիգի եւ մանաւանդ՝ հեղինակութեա՛ն կը կարօտի ճառագայթել կարենալու համար: Գրական հանդէսը՝ «Բագին»-ը, իր խմբագրութեամբ եւ խմբագրական խորհուրդով մեր իրականութեան մէջ այդ ձեւի զարգացման հիմնական միջավայրերէն մէկը կը հանդիսանայ:

Սկզբնական շրջանին, փաստօրէն Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեան ամբողջ ժամանակին, “Բագին»-ը «Ամսագիր Գրականութեան եւ Արուեստի» էր՝ համապատասխան պարունակութեամբ: Հետագային, երբ ամսագիրը դարձաւ եռամսեայ, անոր բնոյթը մանր, բայց միաժամանակ՝ ծանր փոփոխութեան ենթարկուեցաւ դառնալով՝ «Գրականութիւն-Արուեստ-իմացական աշխարհ»: «Բագին»-ի փոփոխութիւնները հետեւեցան առհասարակ սփիւռքահայութեան, բայց նաեւ՝ համաշխարհային մշակոյթի հոլովոյթներուն, որ յատկանշուեցան ընթերցասիրութեան հետեւողական անկումով, հայկական գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումով, հետեւաբար՝ հրատարակութեան յաճախականութեան պակսեցումով: Բայց այս անկման պատճառներուն գլխաւորն ու խորքայինը, հարկաւ, սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի, անոր գործածութեան, անոր զարգացման կարելիութիւններուն նահանջն էր: Այս դժուարութեան չէզոքացման համար “Բագին»-ը եւ բոլոր հայալեզու հրատարակութիւնները ընելիք ունին:

Ուրախ ենք հաստատելու, որ «Բագին»-ի էջերուն մէջ զգալի է ոչ միայն լեզուի գեղեցկութեան ու մաքրութեան հանդէպ բծախնդրութիւնը, այլ նաեւ իմացական աշխարհի մեր պատմութեան դժբախտ ելեւէջներու պատճառով անտեսուած բառամթերքի արդիականացման նախ գիտակցութիւնը, ապա՝ համապատասխան եզրերու երկունքն ու ծնունդը:

Բազմիցս ըսուած է, որ լեզուն մեզի համար միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ մանաւանդ՝ ինքնութիւն մատնող, հաստատող, ամրապնդող ու յաւիտենականացնող հոգեմտաւոր սնունդ ու բալասան: Այս իմաստով, մեր լեզուն հոյակապ ազգակերտ ու ազգապահ յատկութիւն ունենալով, նաեւ ազգային-քաղաքական բարձրարժէք զէնք է, որ արժանի է տեւական գուրգուրանքի եւ պաշտպանութեան. ուրիշներու կարգին նաեւ «Բագին»-ի միջոցով եւ «Բագին»-ին համար: Ինքնին հասկնալի է, որ «Բագին»-ը ծաղկիլ կարենալու համար պէտք ունի ոչ միայն հայերէնին գիտակ ընթերցասէր հասարակութեան, այլ նաեւ հայերէնի մասնագէտ զարգացած ու ճաշակաւոր միտքերու, որոնց խտութիւնը բնականաբար պակսած է ներկայի սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: Չմոռնանք, որ ապահովական ու քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով հայագիտական մարդուժի դասական միջինարեւելեան հայկական համայնքները նօսրացած ըլլալով այդ մարդուժի պատրաստութիւնը չափազանց տուժած է, իսկ այդ աղբիւրներու վերանորոգման հեռանկարները առայժմ կը պատկանին ցնորքներու ոլորտին:

Ըսենք միայն, որ Համազգայինը իր միջինարեւելեան միջնաբերդի՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի կողքին, նոյն ուղղութեամբ զարգացնելու վրայ է Մարսէյի Համազգային Ճեմարանը, որ կը խոստանայ տեսանալի ապագային վերածուիլ Եւրոպայի մէջ հայագիտական մարդուժի մատակարարման աղբիւրի: Այդտեղ հիմա կա՛յ արդէն այդպիսի գործի համար անհրաժեշտ մարդուժի կորիզը, իսկ միաժամանակ կը տարուին վարժարանի ընդարձակման աշխատանքները: Միւս կողմէն վերջին շրջանին, դժբախտաբար, շօշափելի թիւով հայկական վարժարաններ փակեցին իրենց դուռերը կամ վկան եղան իրենց աշակերտութեան թիւին զգալի նուազումին եւ այս՝ ո՛չ միայն միջինարեւելեան տարածքին վրայ:

Միաժամանակ սակայն սկսած է «դիւրին հայերէն»ի ուսուցման հոսանք մը, ընդհանրապէս առցանց, որմէ օգտուիլ ուզողն ու փորձողը եւ յաճախ՝ հսկայական քայլերող յառաջդիմողը կրնայ խտացնել հայախօսներու եւ ապագայի ընթերասէրներու շարքերը: Անշուշտ ոչի՛նչ կը փոխարինէ լեզուի մը, նաեւ՝ հայերէնի, ակադեմական ուսուցումն ու ընկալումը:

Քսաներորդ դարու ցեղասպանութեամբ աշխարհասփիւռ դարձած հայութիւնը կրցաւ ընդունելի չափերով պահել իր շառաւիղին հայկական ինքնութիւնը, հարստացած՝ նոր ծննդավայրերու մշակութային նկատառելի պատուաստումով: Ասիկա հարստութեան նոր աղբիւր հանդիսանալով հանդերձ միաժամանակ իր հետ կը բերէ ինքնաքանդումի հունտերը. եթէ անցեալին հայութիւնը բաժնուած էր յաճախ իրերամերժ հայրենակցական հիմունքով ենթախմբաւորումներու, այսօր բաժանումը ա՛լ աւելի բարդ է, քանի իւրաքանչիւր աշխարհագրական գօտիի մէջ օտարամուտ մշակոյթը համայնքէ համայնք զգալի կերպով կը տարբերի. մշակութային կազմաւորումի այս խայտաբղէտ պատկերէն բխող տարբերութիւնները շատ աւելի խորունկ են, քան՝ հայրենակցական բաժանումներու պատճառած անպատեհութիւնները. ֆրանսահայ, ռուսահայ, ամերիկահայ, յունահայ, պարսկահայ եւն. յաճախ կը գործածուի նաեւ հայաստանահայ տարօրինակ եզրը, որ հայութեան ողբերութիւնը կատարեալ կը դարձնէ. հայրենի հայութիւնը՝ իբրեւ հայրենիքի հողին վրայ հոգեպէս սփիւռքացած համայնք:

Բնական է, երբ կը խօսինք լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան մասին, ինքնաբերաբար կը մտնենք քաղաքականութեան ոլորտը:

«Բագին»-ը ապրած է խորհրդային ժամանակաշրջանին մէջ, ապրած է պաղ պատերազմի ու ձիւնհալի տարիները, ապրած է տնտեսական համաշխարհայնացման յայտարարած կեղծ ու սին խոստումներու եւ կարճ ատեն ետք անոր առթած յուսախաբութեան եւ սնանկութեան ժամանակները եւ հիմա՝ ապշած կը դիտէ անդունդի եզրին տատանուող հայրենիքն ու ընդհանրապէս՝ աշխարհը. դարեր անցած են կարճ ժամանակահատուածի մը թաւալումով, պիտի ըսէր յոյն բանաստեղծը:

Այսօր գիտենք, որ խորհրդային շրջանին, երեւանեան որոշ հասցէներու պաշտօնապէս առաքումին կողքին, ուսանողներու եւ այցելուներու միջոցով «Բագին»-ը գաղտնաբար մուտք կը գործէր Հայաստան մատչելի դառնալով ազգային գաղափարախօսութեան արտայայտութեան կարօտ մտաւաորականութեան. “Բագին»-ի թիւերը, եւ այլ գրականութեան հատորներ, կ’անցնէին մէկուն ձեռքէն՝ միւսին: Այս երեւոյթներու իբրեւ արդիւնք, հայրենիքի եւ սփիւռքի համախոհ տարրեր իրարու կը ծանօթանային, երրորդներու միջոցով մտերիմ բարեկամներ կը դառնային: «Բագին»-ը յաճախ ձաղկած է խորհրդահայ պաշտօնական տեսակէտները եւ մանաւանդ՝ գրականութեան ոլորտէն ներս միջամտութիւններու հետաւանքով նենգափոխումները: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Պօղոս Սնապեանի այցելութիւնները Հայաստան ամէն անգամ հետաքրքրութիւն ստեղծած են հեղինակներուն եւ առհասարակ գրական շրջանակներուն մօտ:

 

Խորհրդային միութեան փլուզումով արագացաւ տնտեսական համաշխարհայնացման գործընթացը. շահագրգիռ շրջանակներ աւետեցին պատմութեան վերջը. այսինքն՝ այլազան տեսակի տարբերութիւններու ջնջումը ստեղծելու համար միաչափ (unidimensionnel) մարդը, երբ քննադատական հարցադրումները տիրապետող կարգավիճակին դէմ անկարելի կամ առնուազն չափազանց դժուար կը դառնան: Կացութեան հոլովոյթով մեր օրերուն հասած ենք, համայնավարական ցնորաշխարհի (utopie) տապալումէն ետք, տնտեսական համաշխարհայնացման քարոզած ցնորաշխարհի ջախջախիչ ու արագ պարտութեան կամ, աւելի անկեղծ ըլլալու նախանձախնդրութեամբ արտայայտուելով, անոր սարքած համաշխարհային խաբէութեան դիմակազերծման:Այդ տիեզերական մասշտապի խաբեբայութեան վերջին զոհերէն մէկը մենք ենք, հայութիւնն ու մասնաւորաբար՝ Հայաստանը իր Արցախով մէկտեղ: Հայրենիքը ինկած է համաշխարհացնող միօրինակութեան մամլիչի անիւներու ակռաներու արանքը: Հարկ է զայն ազատագրել իր ներկայի հոգեվարքէն:

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ այս բոլորը: Ի հարկ է, տեղը չէ քաղաքական ամբողջ վերլուծում մը ընելու. բայց կրնանք խօսիլ յառաջացող փոփոխութիւններու առաւել կամ նուազ չափով մշակութային ազդեցութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին:

Պատահածը հետադարձ ակնարկով շատ աւելի յստակ կ’երեւի: Արդարեւ, 20-րդ դարու հայկական պետական երկրորդ անկախացումը տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման իբրեւ արդիւնք, թէեւ անկախացման գործընթացը արդէն սկսած էր հիմնուելով խորհրդային սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն վրայ: Ասիկա կ’ենթադրէր որոշ թիւով ժամկէտներու յարգումը: Անկախութեան հասնելու գործընթացը կարիքը պիտի ունենար որոշ ժամանակի, որ առիթը պիտի տար նաեւ հեզասահ անցնիլ պետական ամբողջական հակակշիռի տակ գործող տնտեսութենէն, դէպի նորամուտ գերազատական շուկայական տնտեսութեան նոր դրութիւն, որ կը վայելէր նաեւ քաղաքական արեւմուտքի տնտեսագիտական հաստատութիւններու օրհնութիւնը:

Համայնավար կայսրութեան անակնկալ ինքնահրկիզումը անակնկալի բերաւ նորանկախ պետութիւնները: Նախկին խորհրդային գրեթէ բոլոր հանրապետութիւնները ակնթարթային արագութեամբ սնանկացան, բազմութիւնները մէկ օրէն միւսը նետուեցան թշուառութեան գիրկը: Այս ճակատագրէն զերծ չմնաց նախկին կեդրոնը ինքը՝ Ռուսիան, որ իր հաւասարակշռութիւնը սկսաւ վերագտնել ուշացումով՝ յետհամայնավարական առաջին ղեկավարութեան արմատական փոփոխութեամբ:

Իսկ Հայաստանը արդէն անկախութենէն առաջ ստացած էր ահաւոր հարուած մը՝ Սպիտակի երկրաշարժի պատճառած աւերով: Նոյն ժամանակին ծայր առաւ ազերիական յարձակումը իր ազատութեան համար պահանջներ ներկայացնող Արցախի հայութեան դէմ: Հայաստանի մէջ արդէն սկսած էր բնապահպանական շարժումը, որուն հիմնական նպատակը եղաւ Հայաստանի կորիզային ելեկտրակայանի փակումը, որ տեղի ունեցաւ անկախութեան առաջին ժամանակաշրջանին, երկիրն ու մանաւանդ՝ մայրաքաղաք Երեւանը մատնելով երկարաժամկէտ խաւարի: Այդքա՜ն լուսաւոր եղաւ երկրի առաջին իշխանութիւնը:

Երկրէն ներս տիրող թշուառութիւնը դուռը լայն բացաւ օտար, ամէն տեսակէտէ կասկածելի, շահախնդիր «բարեսիրական» կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու առջեւ, որոնց նիւթական օժանդակութիւններուն դիմաց անհատներ, ընտանիքներ ու համայնքներ տրամադրեցին իրենց հոգին: Կրօնական աղանդներն ու աղանդաւորները բազմապատկուեցան, մանաւանդ որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին բաւարար ժամանակ չէր ունեցած, տասնամեակներ տիրած նախ՝ խորհրդային անբարեացակամ, յետոյ՝ լաւագոյն պարագային անոնց միայն հանդուրժողական մօտեցումը ճաշակած ըլլալով:

Աւելի քան տասնամեակ մը ազատօրէն գործեցին քաղաքներու եւ գաւառական շրջաններու մէջ՝ նպատակաուղղուած, առաաւելաբար՝ ապազգային ծրագիրներով:

Հայաստանի, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, գունաւոր յեղափոխութիւններու օրինակով պատրաստուեցաւ իշխանափոխութիւն, որուն արդիւնքը պիտի ըլլար այդ յեղաշրջումը համբերութեամբ պատրաստած կազմակերպութիւններու հասարակաց նպատակը: Տարուած աշխատանքը պտուղ տալու շատ չուշացաւ:

2003ի վերջաւորութեան դրացի Վրաստանի մէջ յաջողեցաւ «վարդերու յեղափոխութիւն» կոչուածը, որ օրինակ դարձաւ նոյն ձեւի գործին համար Հայաստանի՛ ընդդիմադիր թեկնածուներուն համար, որոնք կը ներկայացնէին ոչ այնքան կազմակերպ միաւորներու ամբողջութիւն մը: 2004ի ապրիլին հասարակական անդորրը խանգարուելու պատրաստ էր, երբ փորձառու մարդիկ կրցան համոզել իշխանութիւնները հրաժարիլ բիրտ միջամտութենէ` հասունցող տագնապը հանգուցալուծելու համար: Երկրորդ փորձ մը, քառամեակ մը ետք, ունեցաւ ողբերգական աւարտ, որ կը կրէ մարտ 1ի անունը եւ որուն պատասխանատուները բացայայտուած են՝ փաստուած խօսքով, նկարով, շարժանկարով. այս դէպքերու ընթացքին աւելիով բացայայտուեցաւ այս շարժման հակաարցախեան բնոյթը: 2018ի փորձը յաջողեցաւ եւ այդ շարժումը երկիրն ու իր ժողովուրդը, համայն հայութիւնը քայլ առ քայլ առաջնորդեց դէպի քաոս, որուն մէջ կը գտնուինք ներկայիս:

Եթէ քաղաքականութեան մասին որոշ չափով երկար խօսուեցաւ, պատճառն այն է, որ 2018ի իշխանափոխութեան յաջորդող հնգամեակը բացայայտեց վարպետօրէն պատրաստուած ու գործադրուած ծրագրի մը նպատակները, որոնք ազդեցութիւն ունին եւ պիտի շարունակեն ունենալ մեր նիւթին՝ «Բագին»-ի եւ Համազգայինի ընդհանուր ոլորտին վրայ, այսինքն հայկական մշակոյթին, գիրին ու գրականութեան, արուեստին, երգին ու թատրոնին, որոնք վերջիվերջոյ հայկական ինքնութեան կարեւորագոյն դրսեւորումներէն կը հանդիսանան: Կարելի՞ է մոռնալ արդիականացման քօղին տակ հայերէնի դասաւանդութեան, Հայոց Պատմութեան, ներառեալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդման վրայ ներմուծուած կաշկանդումները, հանրային կրթութեան մէջ ուրիշներէ ընդօրինակուած անտեղի նորարարութիւնները, որոնք արդիականութեան քօղին տակ փաստօրէն կը միտին հայութեան մոռցնել տալու իր անցեալի կարեւոր իրադարձութիւնները. ի վնաս իրեն:

Ասոնք յաճախ յարձակումներ են հայկական ինքնութեան արմատներուն վրայ. անոնցմէ ոմանք միայն համաշխարհային իշխող մտածողութեան կամ ապրելաձեւի պայմաններուն հետ համահունչ երեւելու կամ իսկապէս դառնալու կը նպաստեն:

Իշխանութիւնները պատրաստ են նաեւ անհատոյց նուիրել ցեղասպանութեան թղթածրարը, որ Արցախի ազատագրման հետ միակ հայանպաստ զարգացումը ունեցած խնդիրն էր վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին. ան, կամայ թէ ակամայ կնքած է հայկական հոգին եւ մաս կազմելով իր ինքնութեան, իր վերապրելու կամքին, բնազդային ինքնապաշտպանութեան, կարեւորագոյն տարրերէն մէկը կը հանդիսանայ: Այո՛, հայութիւնը հոգեբանօրէն հանգիստ եւ ընթացիկ իմաստով առողջ հաւաքականութիւն մը չէ. իսկ կարգ մը հայկական շրջանակներ, ՀՀ իշխանութիւններու յանցաւոր առաջնորդութեամբ, իրենց առջեւ դրուած խնդիրէն ձերբազատուելու համար կը փորձեն սպաննել հիւանդը, հիւանդութեան պատասխանատու մանրէն կամ ժահրը չէզոքացնելու փոխարէն. ելեկտրական հոսանքին նման, որ կը շրջագայի բացառաբար իր հոսքը դիւրացնող ճամբաները ընտրելով:

Կ’ըսեն, թէ գրականութիւնը, արուեստն ու իմացական աշխատանքը կը ծաղկին տագնապներու ժամանակ կամ անոնցմէ անմիջապէս ետք: Մաղթենք, որ հայութեան ներկայ գոյութենական պայքարը նոր մտածումներու, իմացական թռիչքներու եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու ծաղկումին առիթ տայ. իսկ, այս մտահոգիչ ժամանակներուն, մեր մտաւորականութիւնը մեր հասարակութեան վերադարձնէ իր հպարտութիւնը, յոյսը դէպի ազգի փայլուն ապագան, օգտագործելով հին ու նոր միջոցները, ինչպիսին է «Բագին»-ի արդիական կայքէջը` քաջ գիտնալով, որ քաղաքակրթական ու մշակութային փոփոխութիւնները հասունացման համար բաւական երկար ժամանակի պէտք ունին, ամրապնդուելով դանդաղօրէն սերունդէ-սերունդ: Նկատի պէտք է ունենալ, որ մարդկային բջիջներու միջեւ տեղեկութեան փոխանակումները անհամեմատօրէն դանդաղ կ’ընթանան, քան՝ ռոպոթի մը գերմանրադիտական հիւլէներու միջեւ:

Իսկ մշկոյթը եւ զայն հրամցնող ու տարածող “Բագին»-ը, մարդո՛ւն համար ներկայ է, հա՛յ մարդուն, եւ երբեք՝ մարդու մեքենական նմանակներուն համար: Մէջբերելով “Բագին»-ի երկրորդ թիւի աւելի քան վաթսուն տարիներ առաջ գրուած խմբագրականէն՝ «Թէ որքա՞ն ատեն պիտի տեւէ «Բագին» ամսագիրը» կը պատասխանենք անվարան.- «Բագին» հաստատուն կռուաններ ունի, երկար տարիներու ճանապարհ կտրելու համար: Ամբողջ ժամանակաշրջան մը ընդգրկելու յուսադրութեամբ լոյս կ’ընծայուի այս ամսագիրը: “Բագին» պիտի ըլլայ գրականութեան մշտաբորբ խարոյկը»:

Այսպէս, «Բագին»-ը վաթսունամեակ մը լուսաւորելէ ետք հաստատուն քայլերով կ’ուղղուի դէպի իր ու մեր բոլորի ապագան: Անկեղծօրէն յաջողութի՛ւն մաղթենք իրեն եւ՝ երկար կեանք:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles