Սեպտեմբեր 21-ին, Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները, որոնց միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին քանի մը ժամ։
Ատրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր պատգամաւոր Ռամին Մամետով, նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Պաշիր Հաճիեւ եւ յատուկ առաքելութեան աշխատակից Իլքին Սուլթանով: Իսկ Արցախեան կողմը կը ներկայացնէր Սերգէյ Մարտիրոսեան (ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն) եւ Դաւիթ Մելքումեան (Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի անդամ):
Արցախի տեղեկատուական շտապը ներկայացուց Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հանդիպման մասին՝ յայտնելով. «Սեպտեմբեր 21-ին ռուսական միջնորդութեամբ Եւլախ քաղաքում տեղի է ունեցել Ատրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչների միջեւ հանդիպում: Գործնական մթնոլորտում անցած հանդիպման ընթացքում քննարկուել են երկուստեք կարեւորութիւն ունեցող մի շարք հարցեր: Կողմերը յատուկ ընդգծել են, որ առկայ բոլոր հարցերն անհրաժեշտ է քննարկել խաղաղ մթնոլորտում` հանդիպումները շարունակելու պատրաստակամութեամբ»:
Կողմերը համաձայնեցան հանդիպումները շարունակել։