Encounters and Convergences. A Book of Ideas and Art (Դիմագրաւումներ եւ Միաւորումներ. Գիրք Միտքերու եւ Արուեստի)

0 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

Սեդա Պ. Տատոյեան

Ձեւով եւ բովանդակութեամբ՝ փիլիսոփայութեան եւ արուեստի այս գիրքը ամփոփ ներկայացում մըն է հեղինակին մտաւորական, փիլիսոփայական, պատմագիտական, գեղագիտական տեսակէտներուն, աշխատութեանց եւ արուեստին: Հակադրուած «զուտ ակադեմական» նեղ մօտեցումներու՝ գործը նաեւ պատկերազարդ փաստարկութիւն (argument) մըն է ի նպաստ քննադատականվերլուծական եւ միջմարզային (interdisciplinary) մտաւորականութեան: Փրոֆ. Տատոյեան կարեւորութեամբ կը շեշտէ ընդհանրութիւնը՝ մարդկայնական, ընկերային գիտութեանց եւ արուեստներու նաեւ եւ մասնաւորաբար հայագիտութեան միջեւ:

Այսինքն պատմագրական գործ մը կ’առընչուի արուեստներուն եւ մշակոյթին, ինչպէս որ արուեստի գործերը օրկանականօրէն կապուած են պատմական-ընկերային պայմաններուն: Եթէ գրականութեան եւ արուեստի գործերը հիմնականին մէջ հակազդեցութիւններ են ընկերային պայմաններու, նաեւ՝ եթէ բոլորին ալ դրդիչ ազդակն ու նպատակը հասկնալ է մարդկային կացութականութիւնը (situatedness), ուրեմն ընկերային հունաւորումը (social embeddedness) կ’ըլլայ հասարակ յայտարար:

Կացութականութիւն կը նշանակէ թէ մարդու հասկացողութիւնը եւ իրերու տրուած իմաստը կախում ունին իրենց ընկերային, քաղաքական, պատմական, մշակութային միջավայրին եւ փորձառութեանց: Այս մօտեցումը կը բնորոշէ Տատոյեանի տասէ աւելի հատորները եւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւնները նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայոց միջ-գործական (interactive) պատմութեան, փիլիսոփայութեան, եւ արուեստի պատմութեան: Իր կարգին այս գործը եւս է ինքնա-խոհական (self-reflective) իր յղացումով, միջմարզային իր գործադաշտով (scope), տիալէքթիք իր մեթոտով, մեկնաբանական (hermeneutical) իր մօտեցումով եւ այս պարագային գեղարուեստական իր արտայայտութեամբ:

Գիրքը կը բաղկանայ 175 մեծադիր էջերէ, որոնց 90ը մեծ մասամբ ածուխով գծանկարներ են բաժնուած երկու ստեղծագործութեան երկու հանգրուաններու.- մինչեւ 1991 գործեր, որոնց աւելի քան 45ը «ռազմապահի» (wartime Լիբանանի պատերազմին) գործեր են, իսկ մնացեալ 30-ը (2012ին) «յաղագս նիւթի ոգիին» (spirit of matter) վերնագրին տակ:

Ամփոփ կերպով՝ բովանդակութիւնը հետեւալն է.- «Նախաբան Գիտաշխատութեան եւ Արուեստներու մասին» (Prologue on Scholarship and the Arts). Առաջին Մասը, «Իմ գեղագիտութիւնս» (My Aesthetic), կը բաղկանայ հինգ գլուխներէ եւ կը հայթայթէ գործին տեսական-վերլուծական շրջանակը՝ ուրուագծելով արուեստի տարբեր փիլիսոփայութիւնները, եւ արուեստներու, զանգուածային ու սպառողական մշակոյթի ներկայ կացութիւնը: Երկրորդ Մասը՝ «Փնտռտուքը եւ Արահետը» (The Quest and the Path) ունի չորս գլուխներ.- «Նախերգանք» (Prelude, 10 նմոյշներ իր առաջին գործերէն մինչեւ 1966). «Հանդիպում Կռիւի եւ Տառապանքի հետ» (Encounters with Strife and Suffering, 7 գործեր մինչեւ 1977). «Ռազմապահի Արուեստ եւ Գեղագիտութիւն» (Wartime Art and Aesthetic, 44 գործեր մինչեւ 1991). «Յաղագս Նիւթի Ոգիին» (Of the Spirit of Matter, 28 գործեր, 2022).

«Վերջաբանը» (Epilogue) կը փակէ գործը: «Բովանդակութիւն Նկարներու Ցանկով» յաւելուած մըն է, գրացանկէն առաջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles