Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով՝ Վարդավառի ժողովրդային տօնով։ Առ այդ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կիրակի, Յուլիս 16-ին, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակը տօնուեցաւ։ Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանըտակ։
Անդրադառնալով մեր ժողովուրդին Պայծառակերպութեան տօնը Վարդավառ ազգային տօնի ճամբով նշելուն, Գեղամ Արքեպիսկոպոս վերյիշեցուց հայ եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու յատկանիշը, որուն միջոցով հայ ազգը կը պահէ իր ինքնութիւնը։ Եզրափակելով իր քարոզը, ան դարձեալ մէջբերեց Պետրոս առաքեալին խօսքը եւ քաջալերեց հաւատացեալները մնալու հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ, այն վայրին մէջ, ուր կը պահուին մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող ազդակները, մանաւանդ ներկայ դարուս ծայրահեղ յոռի երեւոյթներուն դիմաց եւ ըսաւ. «Տէ՜ր, բարւոք է մեզ աստ լինել»։