ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»
Հայկական կողմին համար արտաքին քաղաքականութեան մէջ գլխաւոր ժխտական ազդակներն են ռուս-թրքական մերձեցումն ու Ուքրայինայի պատերազմը. երկուքն ալ առնչուած են մեր ռազմավարական դաշնակիցին։
Պատմութեան ընթացքին ռուս-թրքական մերձեցումը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է մեր վրայ։ Այդպէս եղաւ Լենին-Աթաթուրք մերձեցման ժամանակ, որուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կորսնցուց իր անկախութիւնը։ Այժմ եւս նոյնպիսի ժխտական կացութեան մէջ կը գտնուինք՝ Փութին-Էրտողան մերձեցման եւ Ուքրայինայի հակամարտութեան պատճառով։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կիրարկած Արեւմուտքէն անկախ քաղաքականութիւնը Քրեմլինի մօտ ՆԱԹՕ-ն պառակտելու ախորժակ ստեղծեց։ Այդ երազը չքացաւ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ 12-13 Յուլիսին գումարուած խորհրդաժողովի լոյսին տակ։
Էրտողան յայտարարեց, որ Ուքրայինան արժանի է ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, 8 Յուլիսին ստորագրուած յուշագիրին հիմամբ սկսաւ Ուքրայինայի մէջ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու սարքերու արտադրութեան, եւ ուքրայինացի ծայրայեղ ազգայնականներու «Ազով» գումարտակի հրամանատարները ուքրայինական հակայարձակումի կացութեան մէջ ու մեծ շուքով՝ Թուրքիա այցելող Ուքրայինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի օդանաւով վերադարձուց Ուքրայինա՝ Վիլնիուսի վեհաժողովի նախօրեակին ցուցադրաբար խախտելով այդ վերաբերեալ Մոսկուայի հետ իր համաձայնութիւնը։
Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դիմաց, Թուրքիոյ նախագահը առաջադրեց Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գաղափարը, որ շանթաժի տեսք ունենալուն համար շուտով մերժուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ։ Փոխարէնը համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Շուէտը աջակցի Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու ջանքերուն, ներառեալ Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ մաքսային միութեան արդիականացման եւ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ջնջման։
Աւելին, ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովէն առաջ Էրտողան Շուէտի վարչապետին եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի հետ հանդիպումի ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան արձանագրութիւնը վաւերացման համար ներկայացնելու թրքական խորհրդարանին, իսկ 13 Յուլիսին՝ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի վեհաժողովի աւարտէն ետք ալ յայտարարեց, որ ռուս խաղաղապահ ուժերը 2025 թուականին՝ Հայաստան-Ռուսիա-Ատրպէյճան 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան հիմամբ պէտք է հեռանան «Ատրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանէն»՝ տողատակի յուշելով, որ այդ ժամկէտի աւարտէն ետք, ռուսական ուժերը պիտի նկատուին բռնագրաւող ուժեր։
Թուրքիոյ նախագահը իր վերոնշեալ համաձայնութեամբ ու յայտարարութեամբ աջակցեցաւ Մոսկուայի համար այդքան մերժելի ու սպառնալիք եղող ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Հարաւային Կովկասէն դուրս մղման Արեւմուտքի նպատակին։
Բնականաբար այդ բոլորը հիասթափեցուցին Քրեմլինը, որ վստահաբար սկսաւ առաւել լաւ գիտակցիլ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ անփութութիւնը թոյլատրելի չէ։ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով անուղղակի կերպով հերքելով Էրտողանի Փութինի հետ Օգոստոսին հանդիպումի մասին յայտարարութիւնը՝ նշեց, որ այդ հանդիպումին որոշակի թուականներ գոյութիւն չունին, եւ հաւանական է, որ հաղորդակցութիւններ տեղի ունենան՝ իմա հեռաձայնային զրոյց եւ ոչ թէ աւելի արդիւնաւետ ու գործնական եղող, եւ լուսանկարուելու առիթ ստեղծող դէմ առ դէմ հանդիպում։ Քրեմլինը այդպիսով իր դժգոհութիւնը փոխանցեց թրքական կողմին։
Վերոնշեալ զարգացումները պէտք չէր Մոսկուայի համար անակնկալ մը ըլլային. Հակառակ ռուսական կողմին զիջումներուն ու խայծերուն՝ Թուրքիան ի վերջոյ կը շարունակէ մնալ ՆԱԹՕ-ի անդամ ու հաւատարիմ անոր նպատակներուն։ Աւելին, անոնց կողքին ունի նաեւ իր սեփական՝ փանթուրանական նպատակները, որոնք եւս ռուսական կողմին նկատմամբ թշնամական են։ Էրտողանի շրջդարձը, սակայն, կրնայ նաեւ առնչուած ըլլալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան։
Մայիս 28-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը այն յոյս ստեղծած էր, որ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները վերաջերմացնելու եւ դարձեալ ամրապնդելու օրակարգի տէր Քեմալ Քըլըչտարօղլուի յաղթանակին պարագային ռուս-թրքական սիրավէպը պիտի խանգարուի, սակայն ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց Փութինի բարեկամ Էրտողանը։ Այժմ, սակայն, կը թուի, թէ Էրտողան կը կատարէ այն ինչ Քըլըչտարօղլուն խոստացած էր։
Էրտողանի շրջդարձի պատճառներէն մէկը կրնայ նախագահական ընտրութեան իբրեւ հետեւանք թրքական հասարակութեան պառակտումը ըլլալ, եւ Քըլըչտարօղլուի արեւմտամէտ օրակարգին զօրակցած քուէարկողներու նկատառելի համեմատութիւնը։ Թուրքիոյ նախագահը այսպիսով կը փորձէ սիրաշահիլ այդ նկատառելի զանգուածը, ամրապնդել իր դիրքը եւ թրքական հասարակութեան մէջ բարձր համեմատութեամբ միասնականութիւն յառաջացնել։
Մէկ այլ պատճառ մըն ալ, թերեւս, Արեւմուտքին հետ հակադրուածութեան ու ինքնագլուխ արտաքին քաղաքականութեան կիրարկման թրքական տնտեսութեան վրայ ունեցած ժխտական ազդեցութիւնն է, հաւանաբար ամերիկեան ոչ պաշտօնական ու լռելեայն պատժական տնօրինումներու պատճառով։
Հայկական կողմին համար ժխտական ազդեցութիւն ունեցող երկրորդ ազդակը Ուքրայինայի հակամարտութիւնն է։ Արեւմուտքը Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութեան մատնելու համար աշխատանք կը տանի Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալու՝ այդպիսով ռուսական բանակին երկու ճակատներու վրայ պատերազմիլ ստիպելով Ուքրայինայի մէջ անոր մարտական կարողութիւնը տկարացնելու համար։ Ռուսական կողմն ալ, բնականաբար կը զգուշանայ այդ թակարդէն։ Ահա թէ ինչու կը խուսափի Արցախի մէջ Բերձորի միջանցքի վերաբացման կամ որեւէ այլ պարագայի ուժ կիրարկելէ։ Իրողութիւն մը, որ թուրք-ատրպէյճանական կողմը կը շահագործէ։ Ռուսական արջին ձեռնակապ ըլլալը թուրք-ատրպէյճանական առանցքը հանդուգն ու ամբարտաւան դարձուցած է։
Ուքրայինայի մէջ, սակայն, կացութիւնը սկսած է փոխուիլ։ Ուքրանական այդքան ջատագովուած ու սպասուած հակայարձակումը արեւմտեան ճամբարի վկայութեամբ ակնկալուած արդիւնքը չէ տուած՝ իմա ձախողած է, եւ անոր կապուած յոյսերը ի ջիք դարձած են։ Աւելին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վկայութեամբ՝ ուքրայինայան կողմի մօտ ռումբերու պահեստները սկսած են սպառիլ, եւ Արեւմուտքին մօտ ալ մատակարարելի ռումբերու պահեստները սպառած են, ուստի Սպիտակ տան ղեկավարը ստիպուեցաւ Քիեւին վիճայարոյց տարրանջատուող ռումբեր մատակարարելու «դժուար որոշումը» տալու։ Այդ ռումբերը գետնի վրայ կացութենէն ոչինչ պիտի փոխեն։ Զանոնք մատակարարելու որոշումը պարզապէս այլընտրանքի չգոյութենէ ծնած քայլ մըն է, եւ ռուսական կողմին իր զինանոցին մէջ գտնուող ու մինչ այդ արգիլուած եղած նոյնպիսի զէնքերը օգտագործելու «արտօնագիր» մը։
Արդէն արեւմտեան ճամբարը կը խօսի Օգոստոսին ռուսական հակայարձակումի մը հաւանականութեան մասին։ Յառաջիկայ ձմրան երկու կողմերն ալ հաւանաբար սպառած պիտի ըլլան, եւ ընթացք պիտի առնեն առնուազն զինադադարի հաստատման բանակցութիւններ։ Զինադադարի հաստատումէն ետք, թրքական կողմին հետ գժտուած ռուսական արջը պիտի դադրի կաշկանդուած ըլլալէ, եւ Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի ազատ ու ինքնավստահ պիտի գործէ։ Ահա թէ ինչու Պաքու կը շտապէ Երեւանի հետ «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը շուտով կնքելու։
Ատրպէյճանի աճապարանքին դիմաց մեզի կը մնայ ականջ տալ Արեւմտեան Գերմանիոյ վարչապետ Քոնրատ Ատենաուէրի հետեւեալ խրատին. «Իսկոյնի դարաշրջանի մը մէջ, թերեւս պէտք է սորվինք հնադարեան ճշմարտութիւնը, թէ համբերութիւնը եւս ունի իր յաղթանակները»։