Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՈՒԷՅԹ

0 0
Read Time:3 Minute, 5 Second

«Սփիւռքի Տարի»-ի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, Մայիս 9-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քուէյթ եւ միջազգային օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի, Ծոցի երկիրներու Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նիւճընթի, քուէյթահայ ազգայիններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Ուրբաթ, Մայիս 12-ին, քուէյթահայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ համախմբուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ժողովրդային ընդունելութեամբ բարի գալուստ մաղթելու Արամ Ա. Հայրապետին։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր իր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարգ։

Պատարագին ներկայ էին դեսպաններ, պաշտօնական հիւրեր, քուէյթահայ ազգայիններ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Հնգօրեայ հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա․ ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումներ, այցելեց Քուէյթի հայկական կառոյցներ, հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի մէջ գործող եկեղեցիներու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի ժողովուրդին, ազգային մարմիններուն եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այցելութեան առաջին օրն իսկ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական Շնորհակալական Աղօթք՝ Քուէյթի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Սոյն հաւաքական աղօթքը կազմակերպուած էր Քուէյթի Եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ: Արդարեւ, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ յարկին տակ ներկայ էին հայ եւ եօթը այլ քրիստոնեայ համայնքներու՝ յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ղըպտի ուղղափառ, ղըպտի կաթողիկէ, աւետարանական, լատին եւ մարոնի առաջնորդներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես քրիստոնեայ համայնքներու վայելած լայն ազատութեան Քուէյթի մէջ, ուր կրօնական համակեցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարզուած է շնորհիւ երկրի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին։

Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները մասնակցեցան աջահամբոյրի եւ բարի գալուստ մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով համահայկական տարողութեամբ յատուկ նշումներ ու հանդիսութիւններ տեղի կ՛ունենան աշխարհի տարածքին:

Այս առիթով Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ վերանորոգուած եւ Շնորհալի հայրապետին անունով վերանուանուած ներքնասրահին բացումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» սրահին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած էին քուէյթահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեաններն ու իրենց զաւակները:

Սրահի բացումէն ետք թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ վեհափառին, ապա` Կիրակոս Գույումճեանին, որ ընդառաջելով թեմի փափաքին` ստանձնեց սրահի վերանորոգման բարերարութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակոս Գույումճեանին եւ կոչ ուղղեց ազգայիններուն` առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու համայնքի ծրագիրներուն:

Կիրակոս Գույումճեանին «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը շնորհուեցաւ, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին:

Քուէյթի հայ երիտասարդութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտՆեց․ «Առանց երիտասարդութեան կենսատու ներկայութեան մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնն ու կենսունակութիւնը»։

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 80 քուէյթահայ երիտասարդներ՝ համալսարանական եւ համալսարանաւարտ։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ ընկերութիւնը՝ յիշեցնելով, որ համաշխարհայնացումը սոսկ տնտեսական եւ տեղեկատուական մարզերուն առնչուած երեւոյթ չէ։

Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայ կեանքէն ներս երիտասարդութեան դերին՝ շեշտելով, որ մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր բնագաւառներէն ներս երիտասարդութեան ներկայութիւնը կենսական է, այլապէս մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ներքին կենսունակութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ քուէյթահայ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներուն հետ եւ, Սփիւռքի վերակազմակերպման տարուան աշխատանքներու ծիրէն ներս, անոնց փոխանցեց իր հայրապետական թելադրանքներն ու պատկերացումները, ինչպէս նաեւ լսեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրները, առաջարկներն ու մտահոգութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին ազգային մարմիններու եւ միութենական կազմակերպութիւններու անդամները խօսք առնելով՝ կիսեցին Նորին Ս. Օծութեան մտահոգութիւնները եւ, իրենց կարգին, արտայայտուեցան գաղութը դիմագրաւող տագնապներուն մասին։ Վեհափառ հայրապետը, պատասխանելով ներկաներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն, իր խօսքը կեդրոնացուց մեր կառոյցները վերանորոգման ենթարկելու հրամայականին վրայ, միշտ հարցերը դիտելով ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, եւ շեշտեց քուէյթահայ երիտասարդութիւնը հայ համայնքի կեանքէն ներս ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. այցելեց Քուէյթի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնը Քուէյթ եւ մանաւանդ ներկայութիւնը՝ դեսպանատունէն ներս։ Վեհափառը նաեւ այցելեց Ծոցի երկիրներու Վատիկանի դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան եւ Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նուճընթի կողմէ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles