Ճանչնա՛նք եւ Վերականգնե՛նք Արցախի Տարածքային Ամբողջութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 29 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Բանակցութիւնները ճեպընթացային դրութեամբ կը շարունակուին Արցախի հիմնահարցին լուծում գտնելու նպատակով։ Ուաշինկթընի մէջ, երկարող Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակի՝ Մայիս 1-էն 5 բանակցութիւններէն շաբաթ մը ետք, այս անգամ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցան կամ․․․ շարունակուեցան բանակցութիւնները, աւելի բարձր մակարդակի՝ երկու երկիրներու իշխանութեանց ղեկավարներուն միջեւ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի «օրհնութեամբ»։ Տարբերութիւնը այն էր, որ Միշէլ շարունակ ներկայ էր հանդիպումին, մինչդեռ Ուաշինկթընի մէջ, արտաքին գործերով զբաղուող Էնթընի Պլինքըն կատարած էր բացումն ու փակումը, միջանկեալ ժամանակամիջոցը վստահելով այս հարցով զբաղուող յատուկ յանձնախումբի մը։
Ճամբորդութիւնը երկար է. ճեպընթացային հեւքով կատարուող այս հանդիպումները պիտի շարունակուին տարբեր վայրերու եւ յաւելեալ ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
Մայիս 23-ին, Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինիեւի մէջ պիտի հանդիպին Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի «ազգընտիր» վարչապետը, իրենց կողքին ունենալով Եւրոպական խորհուրդի «կնքահայր» նախագահ Շարլ Միշէլը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը։
Վայրը, ինքնին, հարցադրումներու դուռ կը բանայ, մանաւանդ, որ Մոլտովան կը փորձէ (կամ զայն կը մղեն որ փորձէ) միանալ Եւրոպական Միութեան, հակառակ ռուսական ազդեցութեան տակ ըլլալուն։ Աւելին, Գերմանիոյ եւ յատկապէս Ֆրանսայի ղեկավարներուն ներկայութիւնը, փոխանակ կանաչ լոյսի կամ հեզասահ գործընթացի գործօն ըլլալու, կրնայ «Փանտորայի տուփ»-ի վտանգաւոր եւ մտահոգիչ կացութիւնը ստեղծել։ Յատկապէս Մաքրոնի ներկայութիւնն է հետաքրքրականը, որովհետեւ Պաքուն վերջին ամիսներուն միշտ ալ մերժած է անոր ներկայութիւնն ու «միջամուխ ըլլալու» ոտնձգութիւնները, զայն այպանելով հայամէտ մօտեցումներ ունենալու յանցանքով։Ատրպէյճան, իր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ հետեւողութեամբ, յաճախ խաղացած է նման վրան-բաց խաղեր, իսկ Ֆրանսա եւ նմաններ կուլ տուած են այդ աճպարարութիւնները:
Յամենայնդէպս, հայորդիի ակնոցով՝ Մաքրոնի ներկայութիւնը աւետաբեր կարելի չէ սեպել, մանաւանդ երբ Պրիւքսէլի մէջ, ներկայ ժամանակներու Վեստ Սարգիս մը՝ Հ․Հ․ «ազգընտիր» վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անգամ մը եւս անտեսելով Հ․Հ․ Սահմանադրութեան նախաբան նկատուող՝ Անկախութեան հռչակագիրը, ամէնայն յօժարութեամբ հաստատած է, թէ Հայաստանը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, այսինքն 86,6 հազար քառակուսի քիլոմեթր, կառչած մնալով Ալմա-աթայի մէջ 1991-ին ստորագրուած հռչակագրին։ Այսպէսով, Փաշինեան հաւանաբար դիւրացուցած է Ալիեւի կողմէ Ֆրանսայի նախագահին «փերսոնա նոն-կրաթա», այսինքն՝ անընդունելի անձ նկատուող վիճակը բարեշրջելու ճանապարհային քարտէսը:
Պէտք է կրկին ու կրկին ահազանգենք. Հ․Հ․ Անկախութեան հռչակագրէն անկախ, «ազգընտիր» վարչապետը իրաւասութիւն չունի իր անձնական «ճաշակ»-ով գործելու, ինքնագլուխ աշխատելու եւ անտեսելու Գերագոյն Խորհուրդի 8 Յուլիս 1992-ի որոշումը, ուր յստակօրէն կը նշուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի է միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կը նշուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Պատմութենէն հրաժարողներուն կամ անտեղեակներուն ալ պէտք է յիշեցնենք, որ նախքան Խորհրդային Միութեան մաս կազմելը, Ատրպէյճանի անկախութեան օրերուն, 1918-1921, Արցախը մաս չէ կազմած այդ հանրապետութեան։ Ստալինեան օրերուն, հիմա արդէն բացայայտ, բայց իր օրով՝ մութ հաշիւներու հիմամբ տրուած որոշում մըն էր Արցախի (եւ Նախիջեւանի) յանձնումը Խորհրդային Ատրպէյճանին։
Ժամանակի դէմ մրցում մըն է, որ կը կատարուի։
Այո՛, պէտք է սթափի՛նք։ Ճանչնա՛նք Արցախի Տարածքային Ամբողջութիւնն ու Արցախահայութեան Իրաւունքը։ Միասնական պայքարով եւ ազգային համաձայնութեամբ յաղթահարենք հայոց պետականութեանն ուղղուած գոյութենական սպառնալիքը: Իսկ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումն ու ճանաչումը միայն առաջին քայլ են մեր իրաւունքներու ցուցակին վերականգնումին եւ կենսագործման մեկնարկին:
Կարելի չէ այսպէս շարունակել։ Ու մեր ժողովուրդը, անկախութիւն կերտած ու վերականգնած ժողովուրդը, միացեալ ձեռքերով Արցախը ազատագրած ու գործնապէս Հայաստանին միացուցած հայութիւնը չի կրնար թոյլ տալ, որ ճեպընթացը այսպէս շարունակէ իր գահավէժ սլացքը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles