Ա.Ա.
Իրանի հիւսիսային երեք նահանգներու՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ատարպայճաններու եւ Արտապիլի մէջ այսպէս կոչուած «Հարաւային Ատրպէյճանի Անկախ Հանրապետութիւն» հիմնելու կոչը, որ կատարուեցաւ Ատրպէյճանական կարգ մը կազմակերպութիւններէ կազմուած «Հարաւային Ատրպէյճանի Ճակատ»ին կողմէ, անմիջապէս որդեգրուեցաւ Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսէթին, կրօնամոլ եւ ծայրայեղ աջակողմեան հոսանքներուն երեսուն երկու երեսփոխաններուն եւ բնական պայմաններու մէջ այս հոսանքներուն ընդդիմադիր «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան նախկին ղեկավար, արտաքին գործոց նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրմէնի կողմէ, որոնք ստորագրահաւաք մը կատարեցին եւ արտաքին գործոց նախարարին կոչ ուղղեցին՝ որդեգրելու «Հարաւային Ատրպէյճանի Անկախ Հանրապետութիւն» ստեղծելու ճիգերուն ետին կանգնող ատրպէյճանական ճակատին այս մասին յայտարարութիւնը։Հոս պէտք է նշել,որ դիմում կատարած կրօնամոլ եւ ծայրայեղ աջ հոսանքներու երեսփոխանները աւանդականօրէն չեն զբաղիր Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեամբ։Բայց այս պարագային երեւոյթը իւրայատուկ է։Իսկ Աւիկտոր Լիպըրմէն հանրածանօթ է Ալիեւ ընտանիքին հետ իր բարեկամական կապերով։
«Հարաւային Ատրպէյճանի հանրապետութեան» ծրագրին նախաձեռնողները անծանօթներ են Ատրպէյճանական քաղաքական- դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ։Խումբին համակարգողը կը կոչուի Չիլինկիզ Քոյթուրք, խումբին մաս կը կազմեն «Հարաւային Ատրպէյճանի անկախութեան կազմակերպութեան» նախագահ Սալէհ Եըլտըրըմ, արբանեակային «Կունազ» պատկերասփիւռի ալիքի հիմնադիր Ահմէտ Օպալի, «Հարաւային Ատրպէյճանի թրքական ժողովրդավարական կուսակցութեան» ղեկավար Աժտար Թաղիզատէ եւ Ազգային- ազատագրական կուսակցութեան վարչութեան անդամ Սատիք Իսպէյլի։Նաեւ՝ բնականաբար «Հարաւային Ատրպէյճանի ճակատը»։Այս խումբին աշխատանքի կեդրոնատեղին Ֆինլանտան է եւ այս ընտրութիւնը անշուշտ համակարգուած է Պաքուի իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի ձգուի այն տպաւորութիւնը, թէ Պաքուէն հազարաւոր քիլոմեթրերով հեռու Ֆինլանտայի մէջ ձեւաւորուած այս խումբը ուղղակի եւ անուղղակի ոչ մէկ առնչութիւն ունի Պաքուի իշխանութիւններուն հետ, այլ կատարուածը «ինքնաբուխ» նախաձեռնութիւն մըն է, որ առաւելաբար իր գաղափարական էական բովանդակութիւնը կը ստանայ «Հարաւային Ատրպէյճանի ճակատ»էն։
Այս խումբին անդամները արդէն իսկ սկսած են աշխատանքի եւ հարցազրոյցներու, որոնց ընթացքին կը տարածեն ապատեղեկատուութիւն, թէ իրանեան յիշեալ երեք նահանգներուն աւելի քան քսան միլիոն ատրպէյճանցի բնակիչները ենթակայ են իրանեան իշխանութիւններուն ամէնօրեայ ճնշումներուն, չունին կարելիութիւններ եւ միջոցներ իրենց մայրենի լեզուն դասաւանդելու նոր սերունդներուն, թէ անոնք ենթակայ են մշակութային ցեղասպանութեան։
Ատրպէյճան- Իրան լարուածութիւնը, որ վերջին շրջանին բաւական խորացած էր, այսպիսով նոր գահավիժում մը կ՛ապրի եւ յատկապէս Իրանի համար կը ստեղծուի չափազանց բարդ վիճակ մը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանակից հիւսիսային շրջաններուն մէջ։Բնականաբար այս պահուն «Հարաւային Ատրպէյճանի հանրապետութեան» ստեղծման պահանջով հանդէս եկած նախաձեռնող խումբին եւ Պաքուի իշխանութիւններուն միջեւ կապերու մասին չի խօսուիր, սակայն շատ յստակ է, որ Թեհրան- Պաքու յարաբերութիւններու վերջին շրջանի բաւական լարուածութեան ենթահողին վրայ, նման նախաձեռնութիւն կու գայ իր հարցականները գծելու, թէ Պաքուի իշխանութիւնները ինչպիսի ներդրում ունին նման նախաձեռնութեան մը կազմակերպչական եւ ծրագրային աշխատանքներուն մէջ։
Իրանի հիւսիսային երեք նահանգներուն մէջ «Հարաւային Ատրպէյճանի հանրապետութիւն» ստեղծելու այս բաւական արկածախնդրական ծրագրին դէմ առաջին արտահայտուողներէն եղաւ նախկին շահին՝ Մոհամէտ Ռեզայի աւագ որդին, որ թէեւ հասկնալի պատճառներով գաղափարական լուրջ խնդիրներ ունի իրանեան իշխանութիւններուն հետ, յայտարարեց, որ Իրանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ ատրպէյճանական նման հանրապետութիւն մը հիմնելու ծրագիրը անընդունելի է եւ կը ծառայէ Իրանի իշխանութիւններուն քաղաքական շահերուն։Տեղին է նշել,որ այս հանրապետութեան ստեղծման մասին յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ Ռեզայի Իսրայէլ կատարած այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք՝ փորձելով ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ գահընկէց շահ Մոհամէտ Ռեզայի որդին՝ Ռեզա, համաձայնութիւն եւ հաւանութիւն տուած կրնայ ըլլալ «Հարաւային Ատրպէյճանի հանրապետութեան» ստեղծման ծրագրին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ չէ անդրադարձած Իսրայէլի կրօնամէտ եւ ծայրայեղ աջ հոսանքները ներկայացնող երեսուն երկու երեսփոխաններու նամակին, որ ուղղուած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոէնի՝ «Հարաւային Ատրպէյճանի անկախութեան» շարժման զօրակցութեան պահանջով։Նշելին այն է, որ նկատի ունենալով հարաւային կովկասեան ներկայ զարգացումները եւ ընդհանուր իրավիճակը, մանաւանդ կապուած Արցախեան խնդրին, Իրան- Ատրպէյճան լարուածութեան բարձրացումը առաւելներ կը տրամադրէ հայկական կողմին։Ասիկա անտեսել կարելի չէ։