ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Ուրբաթ, 14 Ապրիլին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի, որուն կ՚ընկերանային Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան եւ յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան։ Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Արցախն ու Հայաստանը յուզող ազգային-քաղաքական կեանքի հետ առնչուած տարբեր հարցեր։