ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՅԻՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ 110ԱՄԵԱԿԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 44 Second

                                                                                                                                                                                                                           Յ.Վ.

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ տակաւ անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի մեր մշակութային միութիւններուն, որոնք կը մնան աւանդապահը մեր իրաւ ազգային արժէքներուն եւ կը յուշեն դեռ մօտիկ երէկի մեր մշակութային գործիչները, որոնք ամբողջ ստեղծագործութիւն մը նուիրեցին գրական մեր անդաստանին: Գրականութիւն մը բերուած պատմական Հայաստանէն եւ որ դարձաւ սփիւռքահայ գրականութեան ենթահողը իր մաքուր արեւմտահայ լեզուով, իր ճաշակով եւ ինչու չէ նաեւ հայրենասիրութեամբ:

Այդ սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն եղաւ անկասկած Շապին Գարահիսար ծնած եւ իր պատանեկութիւնը Քիւրտիստանի լեռներուն վրայ քալած ու ապա՝ Պոլսոյ մէջ Յակոբ Օշականին ուսանած եւ Ամերիկա գաղթած սրտցաւ հայուն՝ Արամ Հայկազ: Անուն մը, որ աւելի կէս դար ամերիկահայ գրական աշխարհէն ներս լսուեցաւ, կարդացուեցաւ, գրուեցաւ ու մեծարուեցաւ:

Արամ Հայկազը դարձեալ վերյիշելու առիթը տուաւ Նիւ Եորքի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կազմակերպելով յուշահանդէս մը նուիրուած անոր ծննդեան 110ամեակին, հովանաւորութեամբ՝ Օշական արք. Չօլոյեանին: Հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին գրասէր հասարակութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5ին Նիւ Եորքի  Վուտսայտի Հայ Կեդրոնին մէջ: Ներկայ գտնուող գրասէրներէն շատերուն համար անծանօթ մը չէր Արամ Հայկազ. շատեր անոնցմէ անձամբ ծանօթ են եղած, որովհետեւ անոր տունը բաց էր եղած երիտասարդ ու աւագ սերունդի մտաւորականներուն համար: Շատեր ներկաներէն վայելած էին տաքուկ հիւրասիրութիւնը Չեքէմեանի՝ գրական անունով Հայկազի:

Արամ Հայկազի ծննդեան 100ամեակի առիթով մատուցուած կարկանդակը (Լուսանկարներ՝ Ռ. Կարապետեանի)

Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետը՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան: Այս ոստանի մշակութասէր տղաքս շա¯տ անգամ փսփսացած ենք իրարու թէ առանց Հրանդին ի՞նչ կրնայ ըլլալ Համազգայինի ապագան Նիւ Եորքի մէջ: Սակայն ան նոյն եւ անսակարկ համոզումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը տանիլ Ամերիկայի այս կարեւոր համայնքէն ներս հրամցնելով լուրջ մշակութային ձեռնարկներ: Տեսաերիզի վրայ ան ներկայացուց Արամ Հայկազի կեանքի չորս հանգրուանները, սկսած ծննդավայրէն մինչեւ իր մահը՝ 1986, Նիւ Եորք: Ծանրացաւ կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն լուսապատկերներու ներկայացումով. վերջապէս տպաւորիչ եւ շնորհալի աշխատանք մը անկասկած:

Յայտագրի ընթացքին հաճելի էր լսել Արամ Հայկազէն փունջ մը գործերու ընթերցումը երիտասարդ գրասէրներու կողմէ: Արամ Հայկազ եթէ ներկայ ըլլար իր գործերուն այդ ընթերցումներուն, վստահաբար ինք եւս պիտի ապրէր յուզումի այն պահերը, որ ապրեցան ո’չ միայն երիտասարդ ընթերցողները, այլեւ՝ սրահը: Գաւառի յուշագրութիւններէն կարդացին Լիզա Եսայեանն ու Աւետիս Հաճեանը: Տարագրութեան օրերու ստեղծագործութիւններէն կարդացին Նազարէթ Մարգարեան, Սօսի Էսաճանեան եւ Նորիքա Պոյաճեան:

Իսկ Քուինզի (Նիւ Եորքի) իր գործերը ընթերցեցին Նորիքա Պոյաճեան, Յասմիկ Թաթիոսեան, Սօսի Էսաճանեան, Լիզա Եսայեան: Յուզիչ էր մանաւանդ Երեւանի նուիրուած իր գրութիւնը, ան յառաջացեալ իր տարիքին այցելած էր հայրենիք ու իր սեփական աչքերով տեսնելէ ետք մեր քաղաքամայրը, ամբողջութեամբ հոգին նուիրած էր այնուհետեւ Երեւանին ու անոր արձանագրած յառաջդիմութեան ու գրած իր տպաւորութիւնները նամակով թէ հրապարակով:

Օրուան բանախօս, բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր` Մարգարիտ Խաչատրեան

Յայտագրին երրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Այրիս Հայկազ Չեքէնեանը՝ դուստրը Արամ Հայկազի: Ան ըրաւ անկեղծ խոստովանութիւններ մանկութեան եւ նոյնիսկ երիտասարդական իր օրերէն երբ որքա¯ն ան հեռու էր մնացած իր հօր հայ աշխարհէն: Պատկեր մը որ ժամանակակից բոլոր միւս գրողներուն համար ալ նո’յնն էր եղած: Ամերիկայի մէջ հասակ առած քոյր եւ եղբայր ինչպէ՞ս կարենային մտնել իրենց հօր հոգիէն ներս ու քալել տարագրութեան ահաւոր ճանապարհը … ոչ այնքա’ն հեռու Սեւ Ծովու ափերէն հասնելու Սուրիական անապատ ու Քիւրտիստան: Դարձ դէպի Պոլիս եւ ստանալ ազգային կրթութիւն: Գալ Ամերիկա գրել անգլերէն նախ եւ ապա՝ հայերէն լեզուով հարստացնել հայ գրականութիւնը:

Այրիս, որ ինք եւս նուիրուած է արուեստներու, աշխատակցելով Հոլիվուտի ճանչցուած աստերուն, որոնց մէջ եղած է վերջերս մահացած Թոնի Քըրթըսը, ներկայացուց իր հօր մարդկային, ազգային ու հայրենասիրական երեսները: Ու ըսաւ. ,Մե¯ղք որ երիտասարդութեան օրերուս անհոգ էի գտնուած ազգային արժէքներուն»: Ու իր իսկ կողմէ հրապարակ հանած հօր 1935 թուականի անգլերէն լեզուով հրատարակած եւ արդէն հրապարակէն շատո¯նց անյայտացած գործը՝ ,Անկումը արծուաբոյնին» նուիրեց ներկաներուն: 180 էջերու վրայ ան կը նկարագրէ անկումը իր ծննդավայրին՝ Շապին Գարահիսարին երբ ժողովուրդը ստիպուած կ’ըլլայ յանձնուիլ թուրքին, սովի պատճառով: Հերոսամարտ մը որ արձանագրուած պիտի մնայ մեր պատմութեան էջէերուն մէջ իր արիութեամբ ու հայրենասիրութեամբ:

Իր յուշերն է պատմում գրողի դուստրը՝ Այրիս Հայկազի Չեքէնեան

Վերջին խօսք առնողը կ’ըլլայ դոկտ. Մարգարիտ Խաչատրեան, Երեւանէն, որ անցնող տարիներուն իր ուշադրութիւնը դարձուցած է Համաստեղի (Համբարձում Կելէնեան), Հայկազի ու Խաշմանեանի: Արդէն հրատարակած է Արամ Հայկազէն ,Մոռցուած Էջեր» առաջին հատորը (1924և1950) եւ ,Նամակներ» զոյգ հատորները: Կը ծրագրէ շարունակել իր սկսած գործը: Աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական ինստիտուտի բանասիրական ֆակուլտետը: Հեղինակ է տասի հասնող գիրքերու եւ մասնագէտ է Դերենիկ Դեմիրճեանի գործերէն անոր երգիծանքին: Սփիւռքահայ գրականութիւնը մեծապէս կը հետաքրքրէ զինք:

Յուշերեկոն եկած էր իր աւարտին: Ու այս գրական հանդիպումով Արամ Հայկազի միջոցով մեծարած ու յիշած եղանք անցեալ դարու առաջին տասնամեակներուն այս ափերը հաստատուած մեր միւս մեծերը՝ Բենիամին Նուրիկեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Ալեք Գըլըճեանը, Համաստեղը, Յակոբ Ասատուրեանն ու Սուրէն Մանուէլեանը:

Բիւր յարգանք անոնց մնայուն յիշատակին եւ շնորհակալութիւն Համազգայինին այս առիթը ընծայած ըլլալուն համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles