- Նոյեմբեր 25-ին, Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, տեղի ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի 13-րդ դրամահաւաքի արշաւը՝ թելեթոնը, որ տեւեց 12 ժամ եւ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ հեռատեսիլի արբանեակային չորս կայաններու կողմէ, ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Կարելի եղաւ հանգանակել 20.862,733 (ներառեալ խոստումները) միլիոն տոլար, որ հեռուէն կը գերազանցէ անցեալ տարուայ հանգանակուած գումարը՝ 15,875,043 տոլար: Այս առթիւ Միացեալ Նահանգներ ժամանած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, իր պաշտօնական պատուիրակութեան հետ: Դրամահաւաքի նախօրեակին, կատարուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, նախագահ Սահակեանի հետ: Նշենք թէ այս տարուայ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի ջրամատակարարման աշխատանքներուն:
Օրուան ճոխ յայտագիրը կ°ընդգրկէր հայկական երաժշտութիւն, գեղարուեստական յայտագիր, զանազան հրաւիրեալ անձնաւորութիւններու եւ նուիրատուներու սրտի խօսքեր, ներկայութեամբ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր մարմնոյ անդամներուն: Նշենք թէ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ալ կատարուեցան հանգանակութիւններ:
Նոյեմբեր 18-21-ին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական համա-եւրոպական դրամահաւաքը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Ֆրանսայի« Գերմանիոյ« Զուիցերիոյ« Հոլանտայի եւ Յունաստանի տեղական մարմինները: Այս առթիւ, կարելի եղաւ ապահովել մէկ միլիոն 300 000 եուրօ: Իսկ Լիբանանի մէջ, կարելի եղաւ հանգանակել շուրջ 150,000 ամերիկեան տոլար: