ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՈԳԻՈՎ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

 Ա.Ա.

Վասն Հայրենեաց եւ Հաւատոյ մղուած՝ Վանդանանց ճակատամարտը, ճիշդ է, որ պատմական իրադարձութիւն մըն է, որ պատահած է 1572 տարիներ առաջ, այսօր իր այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած եւ տարուէ տարի աւելի ու աւելի իմաստ եւ խորհուրդ կը զգենու։

Սփիւռքի թէ Հայաստանի տարածքին, հայութիւնը այսօր ամէնօրեայ դրութեամբ Վարդանանց ճակատամարտեր կը մղէ՝ հայ մնալու, հայօրէն ապրելու համար եւ բարգաւաճ ու կայուն հայրենիք մը ունենալու տեսլականով։

Սփիւռքեան բոլոր գաղութներուն մէջ Վարդաններ են մեր յանձնառու ղեկավարութիւնները, հոգեւորականները, հայեցի դաստիարակութեան ծանր աշխատանքը ստանձնած ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները, մտաւորականութիւնը, վերջապէս՝ իրենց զաւակները հայկական միջավայրէ չզրկող ծնողները։ Վարդանանց ճակատամարտը եթէ մղուեցաւ, որպէսզի գլխագիր ՈՉ մը ըսուի կրակապաշտութեան մղող եւ այդ օրերու Հայաստանի պարսկական բաժնին բնիկ բնակչութեան իբրեւ հայ գոյութեան սպառնացող Յազկերտին, այսօր Արցախի մէջ նոյն պայքարը կը մղուի Ատրպէյճանի դէմ, որպէսզի Արցախը մնայ արցախցիներուն հայրենիքը։ Արցախցիներուն այսօրուան պայքարին էութիւնը նման է Վարդանի եւ անոր զինակիցներուն մղած պատերազմին, որովհետեւ երկու պարագային ալ լինելու եւ չլինելու օրհասական պայքարն է ,որ կը մղուի։

Սփիւռքեան ափերուն վրայ հայութեան նաւերը խորտակումէ փրկող մէկական արթուն եւ քաջ նաւաստիներ են օրինակի համար հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող մեր ուսուցիչները։ Անոնց աշխատանքը համակարգող եւ կազմակերպող տնօրէնութիւնները, ուսումնական խորհուրդները, խնամակալութիւնները եւ համապատասխան բոլոր մարմինները հայեցի կրթութեան առաքելութեան ճիշդ եւ արդիւնաւէտօրէն կատարման հսկիչներն են, որոնք դէմ դնելով տարբեր կողմերէ մեր վրան խուժող ալիքներուն եւ հոսանքներուն, կը ջանան հայութեան նաւը առաջնորդել իմաստութեամբ եւ ձեռնհասօրէն։ Անշուշտ անսխալական չեն եւ նման   ակնկալութիւն ունենալն ալ բնաւ իրատեսական չէ, բայցեւայնպէս երբ կը խօսինք մղուող պայքարին մասին, մեր մտահորիզոնին վրայ կը պարզուին պատմական անկիւնադարձային երեք կարեւոր թուականներ, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին հայը հայ պահելու ընդհանուր տեսլականին եւ առաքելութեան։ 301,405-406 եւ 451 թուականները։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակում, հայ գիրերու գիւտ եւ Վարդանանց ճակատամարտ։ Երեք իրադարձութիւններ, որոնք հայը հայ պահելու նպատակով իրագործումէ աւելի եղան՝ ճակատագրական եւ անկիւնադարձային հանգրուաններ ըլլալով հայ ազգին համար։

Սփիւռքեան եւ հայաստանեան այսօրուան պայմաններուն մէջ Վարդանանց սերունդին ոգիով եւ տեսլականով գործող հայորդիներու փաղանգին յաջողութենէն կախեալ է մեր ազգին ապագան։ 1572 տարի առաջ մղուած ճակատամարտին հոգեմտաւոր խորհուրդը այս ծիրին մէջ պէտք է ընկալել, որպէսզի սերունդներու ազգային դաստիարակութիւնը անշեղօրէն շարունակուի՝ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles