Read Time:5 Minute, 42 Second
14 Փետրուար 20232
Հետեւեալները լրատու աղբիւրներէ վերջին օրերուն վերցուած քանի մը սափոր տեղեկութիւն են՝ իբրեւ նմուշ, առանց երկար մեկնաբանութեան: Այդ գործը ընթերցողը կրնայ ի՛նք կատարել (եթէ կամովին չէ բթացուցած իր իմացական կարողութիւնը):
- Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, պատմական Կիլիկիան եւ դրացի շրջաններ, ներառեալ Սուրիոյ հիւսիսը, զոհ գացին ուժգին երկրաշարժի մը. օր աւուր հասնող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ սա նորագոյն պատմութեան ամէնէն աղէտալի բնական աղէտներէն մէկն է (չմոռնանք յետցնցումները): Աշխարհն ալ սուգի ու տագնապի մատնուած է աղէտեալներուն հետ: Օգնութեան փութացողներուն շարքին էր նաեւ Հայաստանը: Օգնութիւնը հասաւ… Մարգարայի կամուրջին ճամբով, յանկարծ լուսարձակ բերելով Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացման թղթածրարին վրայ: Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Փետրուարին Թուրքիա կը վազէ, նախ՝ հայ փրկարարներուն հանդիպելու, յետոյ, թուրք պաշտօնակիցին հետ տեսակցելու եւ անձամբ ցաւակցելու համար: Հաւանաբար արդարացման փորձ ըլլայ, ըսելով, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարն էլ Թուրքիա գնաց: Իսկ մենք ե՞րբ պիտի անդրադառնանք, որ ուրիշին սխալը կրկնօրինակելը վարպետութիւն չէ (դուք գիտէք թէ ի՛նչ է): Մոռցա՞ծ էք, որ աղէտէն անմիջապէս ետք, Երեւանի վարիչները մրցումի մէջ էին՝ ցաւակցութիւն յայտնելու համար Թուրքիոյ (ցաւակցիլը մարդկային պարտականութիւն է, ի՞նչ խօսք): Այդ մրցումէն քանի մը օր ետք, Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ օգնութեան ձեռք երկարողներուն, որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանին (ո՛չ մէկ ակնարկութիւն իրմէ խաղաղութիւն մուրացող Հայաստանի տրամադրած օգնութեան), ընդգծելով, որ այդ օգնութիւնը ձեւով մը փոխադարձութիւն է 44-օրեայ պատերազմին օրերուն Ատրպէյճանին տրամադրուած թրքական օժանդակութիւններուն (վստահաբար ընթերցողը չէ մոռցած, թէ քանի՜ գոյն ունէր այդ օժանդակութիւնը, սեւի ու կարմիրի նրբերանգներով): Այլ խօսքով, Թուրքիա յստակ պատգամ կու տայ, թէ օժանդակութիւն ըսուածը ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հաշիւներով կ’ըլլայ, իսկ ոմանք կը մտածեն, թէ ի՞նչ եղեր է որ, չէ՞ որ մենք մարդասէր ենք, մարդկայնական գիծը կը պահպանենք, չարիքին կը պատասխանենք… բարիքով: Նշենք. Սուրիոյ հասցուած օժանդակութեան մէջ անբնական բան չկար, իսկ Թուրքիոյ պարագային… Ընդդիմադիրներ ինչո՞ւ դժգոհութիւն կը յայտնեն, ի՞նչ է եղածը, չէ՞ որ մեր (փլիւս-մինիւս) գերիներն ալ սպասման մէջ են, կ’արժէ՞ ամէն քայլափոխի աղմուկ բարձրացնել (հոգ չէ թէ ձախաւերութիւններու շարանը վերջ չունի):
- Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն հազիւ 10 օր առաջ, Իրանի մէջ ալ երկրաշարժ պատահեցաւ, ինկան զոհեր, եղաւ աւեր: Երեւանի վարիչները յոգնութիւն յանձն չառին ցաւակցական խօսք ուղղելու Իրանին, որ կրկին ու կրկին յայտարարութիւններ կ’արձակէ, թէ Հայաստանի հետ իր սահմանագիծը խախտող կամ քարտէսը փոփոխութեան ենթարկող քայլեր պիտի չհանդուրժէ: Իրանի կրած պատուհասին հանդէպ Երեւանի իմաստո՜ւն վարիչներուն անտարբերութիւնը արդեօք պատժական հակադարձութի՞ւն էր, քանզի Իրանը դէմ է… «օտար դէտեու» Հայաստան հրաւիրուելուն:
- Աւելի քան 34 տարի առաջ, երբ Հայաստանի հիւսիսային շրջանը կրեց աւերիչ երկրաշարժին ծանր հետեւանքները, աշխարհը անտարբեր չմնաց, օժանդակութիւններ փութացուց Հայաստան: Օժանդակութիւններէն մաս մը երկաթուղիով Հայաստան ղրկուեցաւ Ատրպէյճանի ճամբով: Այդ շոգեկառքերը ազերիներու յարձակումներուն ենթարկուեցան, կողոպտուեցան եւ միայն վնասուած ապրանք հասաւ աղէտեալներուն: Այդ բոլորը այսօր մոռցուած են երեւանցի մարդասէրներուն կողմէ: Սպիտակի ու Գիւմրիի բնակիչը կարծիք ունի՞:
- Արցախը աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր խեղդամահ կ’ըլլայ ազերիական պաշտօնական պաշարումին հետեւանքով: Գործակատարներն են շինծու բնապահպաններ, որոնց մասին փաստացի տեղեկութիւններ կան, թէ՝ անոնք ձեռքերն են Պաքուի իշխանութեան: Իսկ Ատրպէյճանը իրողապէս կցուած է Թուրքիոյ (կան միամիտներ, որոնք կը փորձեն… իրենք զիրենք համոզել, որ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դէմ տրամադրութիւններ կան, մարդիկ դժգոհ են «թրքական միջամտութիւններէն»): Հայաստան դիւանագիտական բազուկը շարժման մէջ դրած է, սակայն յաճախ ինքզինք հակասելով, շփոթ կը պատճառէ բարեկամին ու զինակիցին. օրինակ, նախ կ’ընդունի, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած ու պէտք է այդպէս ալ մնայ, յետոյ կը հաստատէ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը նոր ցեղասպանութիւն կը կատարեն (կը պատրաստուին), կը յաջորդեն «Թուրքիան երբէք սպառնալիք չէ եղած Հայաստանին» ու «ռուսերն են իրական սպառնալիքը» յայտարարութիւններ, հիմա ալ կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճանի հետ առաջարկներու փոխանակման ճամբով Արցախի հարցը կը յիշատակուի, սակայն շօշափելի ոչինչ կայ, մոռնալով, որ «Հայաստան Արցախի մասին բան չի կրնար ընել, թող արցախցիք իրենց գլխուն ճարին նային»ը: Դատապետուած ռուս խաղաղապանները միակն են, որ պտիկ-պտիկ օժանդակութիւն կը հասցնեն պաշարեալներուն, ծանր հիւանդներ կը հասցնեն Հայաստան, իսկ ֆրանսացի երեսփոխան մը քաջութիւնը կ’ունենայ Հայաստանէն Արցախ հասնելու փորձ ընելու, կը հանդիպի ազերիներու անցարգելին, Ստեփանակերտ չի կրնար հասնիլ, կ’աղաղակէ, որ սա ըլլալիք բան չէ, անմարդկային բան է եղածը, պաշարումը պէտք է վերցուի (ուրիշներ ալ նման արդարամիտ մեղադրանքներ կ’ուղղեն Ատրպէյճանին): Ասդին, Երեւանի մէջ, իշխանականները կրկին ու կրկին կը զգուշանան Ատրպէյճանին նեղութիւն կամ զայրոյթ պատճառող բանաձեւեր քուէարկելէ, կը փորձեն համոզել, որ սա դիւանագիտական վարպետութիւն է, իսկ դուք գիտէք թէ սա ի՛նչ է:
- Կենսանիւթերու սակաւութենէն տառապող Արցախի մէջ, իշխանութեան ղեկին նստողը, նման տագնապներու դարման հետապնդելէ աւելի, այլ մտահոգութիւններ ունի եւ յանկարծ վերստին սեղան կը նետէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարց մը, իբրեւ թէ նախագահական աթոռը թափուր պահելէ փրկելու հոգածութեամբ: Իրողական դէպքերը ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճան՝ ուղղակի կերպով, իսկ Հայաստանի վարիչները՝ անուղղակի ձեւերով կ’աշխատին վերջնականապէս մէջտեղէն վերցնել Արցախը (մնացեալ պատառիկը), իսկ անդին, մարդը գործ-բան ձգած՝ նախագահական աթոռով մտահոգ է եւ պատճառ կ’ըլլայ, որ պաշարման առաջին օրերէն ի յայտ եկած միասնութիւնն ու միակամութիւն երկրաշարժի ենթարկուին, անտեղի եւ անիմաստ հակադրութիւններ վերարծարծուին:
- Հայաստանի վարչապետը ափ ի բերան կը ձգէ համակիր եւ ընդդիմադիր, առանց բառերը ծամծմելու խոստովանելով, որ Հայաստանի մէջ փտածութիւնը (կոռուպցիա) չէ դադրած: Ընդդիմադիրները շատո՜նց կը յանկերգէին, թէ փտածութիւնը, իր բոլոր ձեւերով, օր աւուր ծաղկումի մէջ է, «հիներ»-էն շատեր կլանած են վարչապետին խմբակը (զինք ալ), մենաշնորհեալներու ամբողջ դասակարգ մը գոյացած է եւ արագօրէն կը հարստանայ ի հեճուկս զանգուածին: Մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ պարզուած «թաւշեայ դրօշ»ին վրայ կարճ ատեն ետք մեծ տառերով գրուած էր, որ Հայաստան ձերբազատած է նման ախտերէ, յետոյ ալ՝ «Հայաստանը ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակուած էր: Փտածութեան ծաղկումին զուգահեռ, ոստիկանութեան բռնարարքները՝ մէկ կողմէ, իսկ ընդդիմադիրներուն դէմ նոր հալածանքները՝ երկրորդ գիծի մը վրայ, դարձեալ կը խռովեն ներքին բեմը եւ հանրութեան ուշադրութիւնը կը շեղեն Արցախին ու բանակին հասած պատուհասներէն: Իրողապէս, հանրութեան ուշադրութիւնը էական հարցերէ շեղելու միտում կայ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Արցախի մէջ:
- Չմնանք միայն Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու բացայայտ փորձեր կը կատարուին նաեւ աշխարհի տարածքին: Վերջին քանի մը օրերուն, «փուչիկային դիւանագիտութիւն» մը հրապարակ եկած է, ի տես եւ ի լուր՝ Չինաստանէն կամ այլ՝ անծանօթ կողմերէ ամերիկեան ցամաքամասի այս կամ այն շրջանին վերեւ նշմարուող օդագունդերու պատճառով: Այդ փուչիկներուն շուրջ բարձրացած աղմուկը շատ աւելի ուժեղ է (փուչիկի չափ սնամէջ), քան այն տեղեկութիւնները, թէ՝ ասոնք նորութիւն չեն, թէ՝ այլ երկիրներ ալ նման «լրտեսական օդապարիկներ» կը պտտցնեն հակառակորդներու երկինքներուն մէջ (ո՞վ կ’ըսէ թէ զինակիցներ զերծ են), թէ՝ բոլորն ալ ունին լրտեսական այնպիսի արբանեակներ, որոնք շատ աւելի կատարելագործուած են, փոխադարձաբար լուռ հանդուրժողութեամբ կը դիտուին հակառակորդներու եւ զինակիցներո կողմէ: Այս աղմուկին մէջ կը խեղդուին քանի մը գիծ. Արեւմուտքը յանկարծ կ’ըսէ, թէ Ուքրայինա իր ղրկած զէնքերը շատ աւելի արագ կը սպառին (հասկցէք նաեւ՝ կը փճանան), քան զինական արտադրութիւնները, եւ Զելենսքի ճնշումի տակ կը դրուի, որ «պէտք է յաղթանակդ ցոյց տաս, այլապէս…»: Անշուշտ նոր օժանդակութեան խոստումներու աճուրդը կը շարունակուի, իսկ Ուքրայինան… կը շարունակէ քանդուիլ, զանգուածները կը կոտորուին, քաղաքներ եւ շէնքեր կ’աւերակուին: Եւրոպական ոստաններու մէջ ապրուստի տագնապներուն դէմ բողոքի ձայները աւելի հնչեղ կը դառնան, նոյնքան ալ՝ ճնշումի միջոցները: Զանգուածները իրեց մորթին վրայ կը զգան թէ Քիեւին նուէր տրուած զէնքերը կը վճարուին իրենց օրապահիկէն, հանգստեան կոչումի տարիքին հաշւոյն, ռուսական վառելանիւթի փոխարէն՝ ամերիկեան շատ աւելի սուղ վառելանիւթ ունենալու գնով (չշարունակենք): Իսկ այս ենթապատկերին դիմաց, Մոսկուայէն կու գայ վտանգաւոր արտայայտութիւն մը, թէ՝ Արեւմուտքը կը փորձէ Ուքրայինայի ճակատագիրին մատնել նա՛եւ Հայաստանը, որովհետեւ «կը խառնշտկէ» Եւրոպան, Կովկասը, ասիական շրջաններ…:
- Եւ պատմութիւնը կը թաւալի: Ասդին, կայ աշխարհ մը, որ… Վալընթլայն կը տօնէ: