ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 14-ին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ կատարեց մամլոյ ասուլիս մը, ամփոփելով Փետրուար 6-10-ի կայացած Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական համագումարի արդիւնքները:
«Հ․Յ․Դ․ երիտասարդականը յանձնառու է արմատախիլ անել յարմարուողականութիւնն ու պարտուողականութիւնը մեր երիտասարդութեան շրջանակներում։ խաբկանք է այն կարծիքը, որ առանց Արցախի հնարաւոր է խաղաղ ապրել Հայաստանում: Հ․Յ․Դ․ երիտասարդականը շարունակում է պայքարը բոլոր ապազգային իշխանութիւնների դէմ, եւ խանգարելու է իրենց քաղաքականութիւնները, արգելք է հանդիսանում Հայաստանի թրքացման իրենց ծրագրերի առջեւ», յայտնեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ցօղիկ Աշըգեանը, որ շեշտեց, թէ Արցախի հարցը Հայ Դատի կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է։ «Եթէ այսօր Արցախին չտրուեց այն, ինչ նա պահանջում է` արդարութիւն եւ իր իրաւունքները որպէս հանրապետութիւն, մենք չունենք հնարաւորութիւն շարունակելու Հայ Դատի պայքարը, որովհետեւ մի օղակը միւսին լրացնում է»:
Միւս կողմէն, Սուրիոյ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի երիտասարդական խորհուրդի անդամ, պատանեկան յանձնախումբի պատասխանատու Մարիա Գաբրիէլեան, իր կարգին տեղեկացուց․ «Մենք ամիսներ առաջ էինք նախատեսել այս համագումարի կազմակերպումը, բաւականին աշխատել ենք ծրագրի մշակման մէջ: Շատ զգոյշ էինք, որ հայրենիքի այս դժուար ժամանակներում ինչքան հնարաւոր է մեր գաղափարակից ընկերներին ներգրաւէինք այն աշխատանքներին, որոնք տեղի ունեցան։ Կարեւոր նախագծէր մշակեցինք, ռազմավարութիւն ճշտեցինք ներքին կազմակերպչական, երիտասարդականին, ուսանողականին, պատանեկանին առնչուած ուղեցոյցների հայեցակարգի մշակումներ իրականացրեցինք, ինչպէս նաեւ հայրենիքին առընչուած նախագծէր ստեղծեցինք: Բաւական լուրջ էր համագումարի մասնակիցների մօտեցումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական աշխատանքը: Մտավախութիւն չունէինք մօտեցումների կամ վերաբերմունքի համար, բայց հաստատեցինք այս մի քանի օրուայ համագումարի ժամանակ, որ ինչ աշխատանք տարել ենք տարիներն ի վեր նոյն ուղղութիւնը բռնել ենք, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, թե՛ հայրենիքի: Մտավախութիւն չունենք ազգասէր եւ հայրենասէր սերունդներ չունենալու առնչութեամբ: Այդ ուղղութեամբ տարիների աշխատանքը իզուր չէ: Հայրենիքի այս դժուար օրերին` պատրաստակամութիւնը գալ օգտակար դառնալու համար շատ ոգեւորիչ էր: Այլեւս այդ միտքը, որ անտարբերութիւն է երիտասարդութեան մօտ ընդհանրապէս դուրս եկաւ մեր մտքից»:
Ան հաստատեց, թէ ժողովականները բոլորը միանմանկը մտածէին, յանուն հայրենիքի բարօրութեան, յանուն իրենց հետապնդած նպատակներու իրականացման:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ, Սիւնիքի գործիչ՝ Հ․Յ․Դ․ երիտասարդականի անդամ Գոռ Մաթէոսեանը իր կարգին յայտնեց․ «Ինչպէս գիտէք Հ․Յ․Դ․-ի համաշխարհային երիտասարդական ամբողջ կառոյցը հայ իրականութեան մէջ եզակիներից է, քանի որ, պէտք է նաեւ ասեմ ցաւալիօրէն, նման ազգային կառոյցները եւ ազգային միաւորները շատ աւելի քիչ են այս պահին, Դաշնակցութիւնը եզակի է իր համաշխարհային երիտասարդական կուռ կառոյցով: Հնարաւորութիւն ունեցայ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ իրականացնել համագումար երիտասարդութեան հարցերով, ներմիութենական, Արցախի հիմնախնդիրների նաեւ մտահոգութիւնների վերհանման ամբողջական երիտասարդական միութիւնների հնարաւորութիւնները չափելով, թէ որքանով ենք մենք կարողանում մեր հնարաւորութիւնները ներդնել Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ: Բոլորիս համար գաղտնիք չէ, որ եւ՛ Արցախը, եւ՛ Սիւնքը վտանգուած են եւ շատ կարեւոր համարուեց, որ այս համագումարն անցկացուի Սիւնիքում: Կրկին անգամ վերանորոգեցինք մեր գաղափարը, որ մեր ամբողջ կառոյցը` իր բոլոր կարողականութիւնները ներդնելու է Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ»։
Ան աւելցուց, թէ բոլորի համար գաղտնիք չէ, որ վերջին շրջանին Հ․Յ․Դ․ երիտասարդութիւնը պայքարի առաջնագծի վրայ եղած է, բոլոր այն պայքարներուն, որոնք եղած են ազգայինի դէմ, Արցախի դէմ, հայութեան։ «Հ․Յ․Դ․ ամբողջական կառոյցը նոյն կերպ Սփիւռքում իր բոլոր ջանքերն է ներդրել այդ ապազգային երեւոյթների դէմ պայքարելու համար», եզրակացուց Գոռ Մաթէոսեան:
Ըստ Հ․Յ․Դ․ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Երիտասարդական Միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքս Մանուկեանի, այս համագումարը շատ կարեւոր եւ ոգեւորիչ ժողով էր իր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան համար: Ան շեշտեց, թէ Սփիւռքի համար Արցախը եւ հայրենի հողերու վերականգնման հարցերը միշտ ալ եղած են եւ պէտք է մնան առաջնահերթութիւն;
«Միշտ Սփիւռքը պէտք է վառ պահէ ազգային օրակարգերը։ Մեր Սփիւռքի երիտասարդ ղեկավարները նոյն օրակարգով կը շարժին: Հ․Յ․Դ․-ն Գարեգին Նժդեհի շունչով պէտք է շարունակէ իր պայքարը եւ յաղթահարէ այս շատ դժուար օրերը, որ կ՛անցընէ հայ ազգն ու հայրենիքը: Մենք մինչեւ այսօր կը շարունակենք եւ պէտք է շարունակենք այս պայքարը յանուն Արցախի, յանուն Սիւնիքի եւ յանուն ամբողջական Հայաստանի եւ ոչ մէկ բան պէտք չէ մեզ շեղեցնէ այս օրակարգէն», ըսաւ Մանուկեան։