Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ 100-ամեակը

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

 

Այս տարի Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ 100-ամեակն է։ Այս առթիւ կազմուած է յատուկ 100-ամեակի յանձնախումբ նշելու համար  այս աննախընթաց յիշատակումը։

Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փետրուար 4-ին։ Ելոյթ ունեցաւ հռչակ սփռած Չիլինկիրեան քառեակը, որ ներկայացուց գործեր՝ հայ եւ օտար երաժիշտներէ։

Այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ժողովի ատենապետ՝ Քրիսթոֆըր Քիւրքճեանը, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ․«Հարիւր տարիներ առաջ, մեծ հայասէր եւ մարդասէր բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան տեսիլքը ունեցաւ հիմը դնել այս եկեղեցւոյ, որ մինչեւ այսօր կը մնայ իր առաքելութեան վրայ»։

Միացեալ Թագաւորութիւններու եւ Իրանտայի հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ երեկոն կը պատուեն Անգլիոյ Պալատի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն՝ Լորտ Քենէթը եւ Տիկ Օլիսան, նաեւ Քրիսթոֆըր Սրբազանը՝ Սաութուըրք եկեղեցիէն եւ այլ եկեղեցիներէ եւ յարանուանութենէ ներկայացուցիչներ։ Յովակիմ Սրբազան նաեւ անդրադարձաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ընծայած առաքելութիւնը՝ պահպանելու համար հայկական ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքն ու արժէքները։ Ան նաեւ երախտագիտական զգացումներով խօսեցաւ հիմնադիր անդամներուն մասին, որուն ժրաջան աշխատանքի արդիւնք, եկեղեցին այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

«Լոնտոնի մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եղաւ մեր հաւաքականութիւնը ի մի բերող հարթակ մը։ Այս եկեղեցիին մէջ է, որ ձեզմէ շատեր մկրտուեցան։ Եթէ մեր նախորդ սերունդը հիմնեց այս եկեղեցին, մեզի կը մնայ շարունակել եւ ալ աւելի զօրացնել այս հաւատքի ամրոցը», ըսաւ Յովակիմ Սրբազան։

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առին նաեւ Լորտ Քենէթը եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վարուժան Ներսէսեանը։ Անոնք շեշտը դրին Հայ-Բրիտանական փոխ յարաբերութեան մասին, յիշելով տարիներու վրայ երկարած դրուագներ։ Համերգը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ։

Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փետրուար 5-ին՝  եկեղեցական պատարագով եւ արարողութեամբ։ Եկեղեցական պատարագը  հովուապետեց եւ արարողութիւնը կատարեց Յովակիմ Սրբազանը։ Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին նաեւ Անկլիքան եւ քոյր համայնքներէ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ, ինչպէս Քենսինքթըն նահանգի կառավարիչ Չելսիէ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ այլ բարերարներու ընտանեկան հարազատներ եւ անդամներ։ Արարողութեան աւարտին, Սաութուըրք նահանգի Սրբազանը ըսաւ․«Անոնք որոնք ներկայ կրցան ըլլալ Չիլինկիրեան քառեակի գեղեցիկ համերգին, երբ յայտագիրը սկսաւ Մոցարթի յօրինումէն ներկայացնելով երաժշտական կտորներ եւ շարունակուեցաւ հայկական ստեղծագործութիւններով, պիտի կարենան կամրջել իրենց ապրած զգացումները, այսօրուայ եկեղեցական պատարագի հետ։ Այս հոգեպարար  արարողութեան մէջէն, մենք բոլորս ապրեցանք մտորումներ, երախտագիտութիւն, ցաւեր եւ աղօթքեր»։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք-հոգեհանգիստ ննջեցեալ բոլոր հիմնադիր անդամներուն եւ նուիրատուներուն համար եւ հուսկ տեղի ունեցաւ հաղորդակցական պահ եւ սիրոյ սեղան։

Այս երկու ձեռնարկները մեծ խնադավառութիւն ստեղծեցին գաղութի անդամներուն եւ բոլոր հրաւիրեալներու մօտ։ Այս տարուայ ընթացքին Հարիւրամեակի յանձնախումը կը ծրագրէ կազմակերպել այլ հանդիսութիւններ ։

Նշենք, որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին հիմնուած է 1922-1923 տարիներուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ, ի յիշատակ իր ծնողքին։ Եկեղեցիի ճարտարապետն է Արթըր Տէյվիսը։ Սուրբ Սարգիսը Անգլիոյ մէջ միակ եկեղեցին է, որ շինուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետական հիմքով՝ ներշնչուած 13-րդ դարու Հաղբատ վանքէն։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles