Արմենակ եւ Էլպիս, Փետրուարի այս ցուրտ չորեքշաբթին եկան թէյ խմելու, բերած էին Էլպիսի արուեստով պատրաստած «թէլ քատայիֆ»ը: Երբ առանձին մնացինք, Արմենակ ըսաւ, որ գրատունէն գնած էր Մոլիէրի թատերական երկերը, եւ յափշտակութեամբ կ’ընթերցէր: Տրտնջալով ըսաւ.
– Մակա՛րս, ֆրանսական ուսում չեմ ստացած, չեմ վայելեր կատակերգակին ծաղրին եւ այնքա՜ն այժմէական հեգնանքին բոլոր նրբութիւնները: Ինչո՞ւ հայերէն թերթերը, հանդէսներու եւ տօներու նկարագրութեան էջեր յատկացնելու փոխարէն, երբեմն, առանց մեկնաբանութեան, Մոլիէրէն էջեր չեն հրատարակեր:
Սպասեցի, որ շարունակէ եւ խօսի այն բաներուն մասին, զորս մենք ալ կը տեսնենք եւ կը լսենք, բայց քաղքենիիի մսկոտութեամբ չլսել եւ չտեսնել կը ձեւացնենք:
– Արմենա՛կ,- ըսի,- Մոլիէր չէր ճանչնար հայերը: Ի՞նչ գտար որ հայ գրողները ցարդ չեն գտած, ըսի:
– Քանի մը անգամ կարդացի Մոլիէրի «Իմաստուն Կանայք»ը, «Les femmes savantes»ը,- ըսաւ Արմենակ: Հայ բեմադրիչ մը ինչո՞ւ չի փորձեր թատերական պատշաճեցում ընելով, Մոլիէրի խաղը բեմադրել «Նոր Դարու Նոր Հայ Իմաստուններ» կոչելով Մոլիէրի երկը:
– Արմենա՛կ, ըսէ՛ թէ ո՞ր «իմաստուններ»ուն կ’ակնարկես:
Նախ ըսեմ, թէ Մոլիէրի ո՞ր իմաստութիւնը զիս մղեց այդպէս մտածելու: Մոլիէրի երկը կը խտանայ հետեւեալ խօսքին մէջ. «Գիտուն տխմար մը աւելի տխմար է քան անգէտ տխմար մը», «un sot savant est sot plus qu’un sot ignorant» (A learned fool is more foolish than an ignorant fool):
Հայ կեանքին մէջ ամէն օր կը յայտնուին «գիտուն տխմարներ», որոնք իրենց չբաւարարուած եսերը հովահարելով, գիշեր-ցերեկ համացանցի առջեւ նստած, շրջագայութեան ոստիկանի պէս, կը սուլեն ուրիշներու գրածին եւ խօսքին: Եթէ հոգեվերլուծողի մը դիմեն, իրենք կը բուժուին եւ կը խնայեն ուրիշները: Մոլիէրի «իմաստուն կիներ«ն ալ որոշած էին բոլորի ըսածին եւ գրածին մասին լաւի եւ վատի վճիռ արձակել: Հիմա համացանցը Մոլիէրի «Իմաստուն Կանայք»ը փոխարինած է «Հայ Իմաստուններով», որոնք ըսելիք չունին, ըսելու տեղ չունին, լսող չունին, իրենց ամլութեան դարմանը կը կարծեն գտած ըլլալ ուրիշներու ըսածի եւ գրածի մասին վճիռներ արձակելով, հետեւելով Մոլիէրի «Իմաստուն Կանանց», որոնք վճռած էին, որ իրենք պիտի որոշէին լաւը եւ վատը, ճիշդը եւ սխալը, գեղեցիկը եւ տգեղը, քանի որ իրենք բանգէտ էին: Այսօր, հայացած իմաստուն կանանց անպարիսպ եւ անցանկապատ դաշտն է համացանցը, Մոլիէրի Գիտուն տխմարները, որոնք աւելի տխմար են քան անգէտ տխմարները: Մոլիէրի «իմաստուն կանայք» անվնաս սնապարծներ էին, իսկ ի՞նչ են հայկական «համացանց»-ի վրայ յայտնուած անոնց հայատեսակ կրկօրինակները, որոնք արեւին տակ տեղ կը փնտռեն աճելու համար:
Իսկ ամբոխը միշտ սիրած է ասէկոսէները, նոյնիսկ երբ չէ հաւատացած անոնց:
Մոլիէրի իմաստութեամբ պէտք է դիմաւորել անպարիսպ եւ անցան-կապատ դաշտ համացանցի վրայ յայտնուող Մոլիէրի Գիտուն Տխմարները: Հարց է, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը անգէտ տխմարին եւ բանգէտ տխմարին: Մոլիէր պէտք է ըլլալ պատասխանելու համար:
Մակար ի Գաղիա, 8 Փետրուար 2023