«ՄԱՇՏՈՑ»-Ի ՉՈՐՐՈՐԴ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ հայ եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց գիրքը (ծիսարան)՝ «Մաշտոց»-ը, քննարկուած ու վերստին կարգաւորուած Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին կողմէ, համաձայն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան կանոններուն ու աւանդութեանց։

Շուրջ 400 էջերու մէջ զետեղուած են եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց կանոնները՝ տաճար ընծայման, Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի, Ս. Պսակի, թաղման, աղօրհնէքի, ջրօրհնէքի, նոր գործատեղի-բնակարանի, պատանի օրհնելու եւ ուխտի մազ կտրելու եւ այլն…։ Այս կանոններուն առընթեր նաեւ կը գտնենք այլ յատուկ կանոններ ու աղօթքներ (երաշտի, դիւահարներու եւ լուսնոտներու, ջրհոր օրհնելու, արտ, սերմնցու, արմտիք եւ հնձան օրհնելու, եկեղեցական զգեստ, սպաս, գիրք եւ սկիհ օրհնելու)։ Նկատառելի է յատկանշական երկու երեւոյթ.- ա) աղօթքներու ու շարականներու գրաբար բնագրի կողքին տեղադրուած է աշխարհաբար տարբերակը եւ բ) բոլոր շարականները ներկայացուած են եւրոպական նօթագրութեամբ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք գիրքին սկզբնաւորութեան տեղադրուած Հայրապետական տնօրինման գիրը.-

«Հոգեկան գոհունակութեամբ հրատարակութեան կը յանձնենք ՄԱՇՏՈՑի վերատեսեալ ներկայ օրինակը։

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովին կողմէ 1988 թուականին որոշ յապաւումներով ու վերադասաւորումով, ինչպէս նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութեամբ հրատարակուած էր ՄԱՇՏՈՑը։

«Անցնող տարիներու ընթացքին, մեր Սուրբ Աթոռի թեմերէն ներս Հայրապետական տնօրինումով գործադրութեան դրուեցաւ յիշեալ հրատարակութիւնը թէ՛ մեր հոգեւորականներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին մօտ մեծապէս դրական արձագանգ գտնելով։

«Նկատի ունենալով, որ 1988-ի հրատարակուած ՄԱՇՏՈՑը սպառած է, եւ միւս կողմէ, նկատի ունենալով յիշեալ թարգմանութեան մէջ նկատուած կարգ մը փոքր յստակացումները, Մեր թելադրութեամբ Կրօնական Ժողովը անհրաժեշտ յստակացումները եւ սրբագրութիւնները կատարեց։ Այս առիթով Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Կրօնական Ժողովի անդամներուն։

«Ներկայ հատորին մէջ ներառուած են 2014-ին Սուրբ Էջմիածնի մէջ երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ գումարուած Եպիսկոպոսաց Ժողովին կողմէ լայնօրէն քննարկուած եւ Վեհափառ Հայրապետներուն կողմէ վաւերացուած Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի կանոններու բնագիրները։

«Այսու Հայրապետական գրով, կը հրահանգենք Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բոլոր թեմերուն մէջ Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի խորհուրդներուն վերոյիշեալ վերակարգաւորեալ բնագիրներու գործածութիւնը։

«Անհրաժեշտ է, որ մեր հոգեւորականները յատուկ հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեն խոհրդակատարութիւններու հետեւողական ու բծախնդիր կատարման մէջ։

«Վստահ ենք, որ բարեփոխեալ եւ վերադասաւորումի ենթարկուած ներկայ հրատարակութիւնը՝ իր աշխարհաբար թարգմանութեամբ, առիթ պիտի ընծայէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակից եւ հաղորդակից դառնալու ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու յատկապէս խորհրդակատարութիւններուն, որոնք էական բաժինը կը կազմեն եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան»։

«Մաշտոց»ը կարելի է ապահովել առցանց՝ այցելելով գրատան կայքէջ www.ciliciabookstore.com ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles