Ֆրանսայի Ծերակոյտը Որդեգրեց Հայաստանին Եւ Արցախին Ի Նպաստ Բանաձեւ Մը

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

ՓԱՐԻԶ.- Նոյեմբեր 15-ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 295 թեր, 1 դէմ քուէներով որդեգրեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու բանաձեւ մը, Պաքուէն պահանջելով Հայաստանի տարածքէն զօրքերը դուրս բերել եւ հայ ռազմագերիները ազատ արձակել:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին, որ Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը մնայ անփոփոխ` 9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան հիման վրայ: «Կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան՝ եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ դիտարկելու ատրպէյճանական նոր յարձակումներուն ամէնէն ուժգին, համարժէք արձագանգելու միջոցները, որոնց կարգին՝ ատրպէյճանցի առաջնորդներու ունեցուածքի բռնագանձումը եւ ատրպէյճանական կազի ու նաւթի ներածման վրայ արգելք դնելու հնարաւորութիւնը», կը նշուի բանաձեւին մէջ։

Ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիաս յայտնեց, թէ Ատրպէյճան Հայաստանի մէջ կը կիրարկէ նոյն մարտավարութիւնը, զոր Ռուսիա որդեգրած է Ուքրայինայի մէջ՝ ընդգծելով. «Բացի այդ, Ատրպէյճան կ՛օգտուի ռուս-ուքրանական պատերազմէն` փորձելով սահմանները առջեւ տանիլ: Տհաճ է, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը Պաքուի մէջ կազի վերաբերող պայմանագիր կնքած է եւ Ատրպէյճանը կը նկատէ իր գործընկերը: Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք մոռնալու մեր բոլոր արժէքները եւ սկզբունքները` նաւթի եւ կազի դիմաց»:

«Հայ ժողովուրդը, որ այդքան տառապանքներ կրած է, պէտք է տեսնէ, որ բոլոր գերիները կը վերադառնան, եւ այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու: Ատրպէյճան պէտք է նաեւ առանց նախապայմաններու դուրս ելլէ Հայաստանի տարածքէն եւ յարգէ այդ երկրի ինքնիշխանութիւնը», ըսաւ ծերակուտական Փաթրիք Քանէ:

Ծերակոյտը նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն կը խնդրէ դիտարկել Արցախի մէջ մարդասիրական գրասենեակ մը հիմնելու հարցը, ինչպէս նաեւ բոլոր միջոցներով ցոյց տալ Փարիզի աջակցութիւնը Երեւանին` քննարկելով Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդումը:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով՝ ողջունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը, որուն միջոցաւ կը դատապարտուի Ատրպէյճանի յարձակողական եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles