Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողով

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

 

Երկօրեայ աշխատանքային նիստերէ ետք, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը աշխատանքները աւարտեց Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին: Ժողովը ութ նիստերով քննեց միութեան անցնող երեք տարիներու գործունէութեան զանազան բնագաւառները եւ հունաւորեց մինչեւ Պատգամաւորական յաջորդ Ընդհանուր ժողով (Հոկտեմբեր 2023) նախատեսուած ծրագիրները. երիտասարդական համագումար, սկաուտական «Արարատեան» կարգի դասընթացքի ամբողջացում, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններու համար «Վկայեալ» կարգի սեմինար-բանակումներ, առցանց մարզախաղեր, համա-Հ․Մ․Ը․Մ․-ական 12-րդ բանակում եւ այլն:

Այնուհետեւ, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ստացան անոր հայրապետական օրհնութիւնները եւ խրախուսական խօսքերը: Այս առիթով, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ընտանիքին անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ վեհափառ հօր:

Ապա, խորհրդաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ եւ ննջեցեալ անդամներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՅԴ Պանթէոնին:

Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքը, ուր Հ․Մ․Ը․Մ․-ական պատասխանատուներ ծանօթացան վանքին զանազան բաժիններուն, Ս. Աստուածածին մատրան եւ Եղեռնի նահատակաց յուշարձանին, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ ծաղկեպսակի զետեղում: Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան դպրեվանքին ու անոր սաներուն անունով յուշանուէր մը յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին:

Յայտնենք, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի աշխատանքները կանխեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 2019-2023 քառամեակի լիագումար նիստերը, որոնք տեղի ունեցան Նոյեմբեր 9-10-ին:

Պաշտօնական բացումը` կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հոգեւոր առաջնորդներու,  պաշտօնական հիւրերու, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներու եւ խորհրդաժողովին մասնակից` 22 շրջաններու ներկայացուցիչներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան: Հիւրընկալ շրջանի` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Հայկ Թապագեան: Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը ուղղեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 104 տարիներու երթը ներկայացնող յատուկ տեսանիւթ:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները «Աղբալեան-Հ․Մ․Ը․Մ․» մարզամշակութային համալիրին մէջ ընթրիքի հիւրը եղան Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի ընտանիքին։

Այնուհետեւ, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ կը գտնուին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակներու եւ ննջեցեալներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles