Հոկտեմբեր 6-ը Հ․Յ․Դ․ անդամ, Արցախի Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր, Ասկոլկա) ծննդեան օրն է:
Ստեփանակերտի` Բեկորի անունը կրող պուրակին մէջ հաւաքուեցան` Բեկորի ընտանիքի անդամները, կուսակցական, մարտական ընկերները, Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:
Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող թիւ 2 դպրոցի սաները հերոսի յուշաքարին մօտ երդում կատարելով` համալրեցին «Զարթօնք» մանկապատանեկան կազմակերպութեան արծուիկներու խումբը:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքով, Բեկորի ոգին պէտք է մշտարթուն պահել, իսկ այդ ոգիին կարիքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ. «Ես կը ցաւիմ, որ մեր շարքերուն մէջ այդ ոգիին տէր մարդոց ցանկը նուազեր է բոլոր ոլորտներուն մէջ` քաղաքական, ռազմական, հասարակական: Ժամանակակիցներս շատ լաւ կը յիշենք ամէնէն ծանր պայմաններու մէջ վճռական եւ ճիշդ որոշում կայացնելու Բեկորին ունակութիւնը, որ մեր բոլորին համար շատ անհրաժեշտ է մանաւանդ այս օրերուն»:
Read Time:39 Second