ՄԵԾԵՐԸ ՄԱՏՆԵՐՈՒ ԱՐԱՆՔԷՆ ԿԸ ՆԱՅԻՆ ԵՒ ՉԵՆ ՏԵՍՆԵՐ, ՈՐ ԻՐԵՆՑՄԷ ՔԱՐԸՆԿԵՑ ՄԸ ՀԵՌՈՒ ԱՐԴԷՆ ՍԿՍԱԾ Է ԿՐՕՆԱԿԱՆ-ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ  ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ          

0 0
Read Time:6 Minute, 32 Second

Յ. Պալեան

            Ֆրանսական հեռատեսիլի լրագրող մը խօսեցաւ Շուշիի Ամենափրկիչ եկեղեցիի գմբէթէն Խաչի վերացման մասին, նաեւ ժողովուրդի մը կրօնական-մշակութային հետքի ջնջման, քանի որ պատերէն ջնջուած են հայատառ բոլոր արձանագրութիւնները, եւ ըսաւ, որ այս մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմ է:

            Մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ ենթադրելու, որ Ամենափրկիչ կամ Աղաւնոյի եկեղեցիի ինքնութեան եւ պատկանելիութեան դէմ գործուած նախայարձակումը (ուրիշ բառ չկայ բնորոշելու ինչ որ կը կատարուի աշխարհի աչքին առջեւ,  որ կրօնական-քաղաքակրթական պատերազմի մասին կը վկայէ: Եթէ ֆրանսական, յունական, եգիպտական կամ այլ երկիրներու քրիստոնէական տաճարներ, ինչպէս աւելի ուշագրաւ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայէն ետք, ենթակայ ըլլան նոյն ճակատագրին, ոչ ոք ինքնարդարացման իրաւունք պիտի ունենայ եւ ըսէ՝ «չէինք, գիտեր, չնախատեսցինք»… Մեծեր» իրաւունք չունին ըսելու չգիտցանք, չէինք գիտեր, անոնք ունին տեղեկահաւաքի կեդրոններ եւ կարելիութիւններ, հետեւաբար յանցանք է ըսել «չէինք նախատեսած »:

            Ինչո՞ւ չենք դիմեր «ՄԵԾԵՐ»-ուն, համաշխարհային խաղաղութեան պաշտպաններուն, աշխարհի իրաւ մտաւորականութեան, զանոնք դնելու համար իրենց պատասխանատուութեան առջեւ, որ Հայաստան եւ հայութիւն եղած են եւ են, նաեւ այսօր, ինչպէս կ’ըսեն՝ քաղաքակրթական նախայարձակման թիրախ՝ կրօնական  անհանդուրժողութեան, մոլեռանդութեան, ցեղապաշտութեան  եւ ծաւալապաշտութեան պատճառներով, եւ անվարան յիշեցնել, որ այդ տեղի ունեցած է եւ կը շարունակուի համաշխարհային շահամոլական անպատասխանատուութեան եւ ապաբարոյ անտարբերութեան աչքին առջեւ:

            Զարմանալի են միջազգային քաղաքականութեան ճապկումները եւ զարմացնող են անոր միջնորդութիւնները, որոնք փորձած են եւ կը փորձուին հայեւթուրք կամ հայեւատրպէյճանական տագնապը լուծել: Ինչո՞ւ չեն համարձակիր (նաւթի եւ կազի հպատակութենէն ազատելով, տեսնել եւ ըսել, ճշմարտութիւնը եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել որ թուրքը եւ ազերին հայաշխարհ ներխուժածներ են, Ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ Ի դարու սկիզբը, քարտէսներով սահմաններ ճշդելու առաքելութեան կոչուածներ չե՞ն տեսած, որ այդ քարտէսներուն վրայ Ատրպէյճան» չէ եղած: Լրագրողներուն կը խօսի՞նք այս մասին, անոնք այս մասին պատահա՞ծ է որ գրեն, խաղաղութիւն հաստատելու փորձ ընողներ իրենց թղթապանակներուն մէջ ունի՞ն պատմական վկայութիւն եղող քարտէսները:      

            Կարծէք լուռ համախոհութիւն կայ հայն ու անոր բնիկ աշխարհը կամաւոր կուրութեամբ յատկանշուող եւ քաղաքական որձեւէգ խօսքերով դրան առջեւ մոռնալու:

            Եթէ յանկարծ Արարատեան դաշտին մէջ նաւթի եւ կազի պաշարներ յայտնուին, ամէնքն ալ պիտի յիշեն, որ կը գտնուին հոն՝ որ Հայաստան է եւ այդ երկիրը սիրելի պիտի ըլլայ:

            Արեւմտահայաստանի ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, քանի որ իր պատմութեան եւ արմատներու հաւատարիմ մնալու եւ տէր ըլլալու համար պայքարեցաւ, պահանջելով քաղաքական նուազագոյնը՝ ինքնավարութիւն:

            Ստալինի քաղաքական նենգ որոշումով, հայկական հնագոյն աշխարհը,-Արցախը,- մշակութային հետքերը եւ պատմութիւնը այդ կը վայեն,- կիսով կցուած էր Ատրպէյճան նորաստեղծ պետութեան, որպէս ինքնավար մարզ մաս չէր ամբողջին: 1921էն 1991, Արցախ, որ ճանչցուած էր որպէս «Լեռնային Ղարաբաղ, մաս կը կազմէր «Խորհրդային Մեծ Հայրենիքի»ն, որուն բանակին, «հայրենական պատերազմի ընթացքին  տուած էր հայանուն հերոսներ, զօրավարներ, մարաջախտներ, որոնք ո՛չ թուրք էին եւ ո՛չ ալ ազերի:

            1988-ին, Երբ Կորպաչեւի «փերեսթրոյքա»ն նոր կացութիւն ստեղծեց, յոյսերու ծնունդ տուաւ, ժամանակն էր անցեալի կամայական, անարդար եւ անբնական որոշումները սրբագրելու, զգացուող եւ նախատեսուող Խորհրդային Միութեան  փլուզման յառաջացնելիք արդար վերականգնումներու ծիրէն ներս, Արցախը դուրս բերելու Ատրպէյճանի ենթակայութենէն, մանաւանդ որ անոր բնակչութիւնը եօթանասուն տարի ենթարկուած էր ճնշումներու, ցեղային եւ կրօնական հալածանքներու: Բնական կերպով ծնունդ առաւ Արցախի ազատագրական շարժումը, որպէսզի դադրի թուրք-ազերի տիրապետութիւնը, որ հոգեբարոյական, քաղաքական եւ քաղաքակրթական ժառանգորդն էր ցեղաասպանութեան ոճիրին, որուն վրայ կերտուած էր իր ինքնութիւնը:

            Աշխարհ ականջալուր եւ կանատես եղաւ փոքրիկ եւ երեք միլիոն հաշուող ժողովուրդի մը աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց հայրենատիրական  ցոյցերուն, որոնք կը պահանջէին Արցախի ազատագրութիւնը եւ անոր միացումը Հայաստանի:

            ՄԻԱՑՈՒՄը ազգի գիտակցութեան խորքէն պայթող աղաղակ էր:

            Մօտաւոր անցեալի այս համազգային պոռթկումը այսօր ալ պէտք է յիշել որպէս միացման հզօր կամք, ընդդէմ տկարացումներու, պարտութեան եւ պառակտումներու եւ զանազան ձեւերով կրկնուող եւ յայտնուող նախայարձակումներու՝ հայուն, անոր ապրելու իրաւունքին, ժառանգութեան, անցեալին  եւ հայրենիքին դէմ:

            Հանրապետութեան մամուլին մէջ կարդացի հետեւեալը… Կ’արտագրեմ.  «Մեր հաւատքը, կրօնն ու մշակոյթը այն սիւներն են, որոնց վրայ մեր ինքնութիւնը պիտի յենուի»,- Մատենադարանում կայացած «Արցախի Ս. Յակոբավանքի վերականգնումը եւ Քոլատակ համայնքի զարգացումը» խորագրով համաժողովին» ըսած է ծրագրի համակարգող Գագիկ Յարութիւնեան: Վանքի վերականգնման ճարտարապետական նախագծի եւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիների, այդ թւում՝ Դադիվանքի վերականգնման նախագծերի հեղինակը Սամուէլ Այվազեանն է: Գագիկ Յարությունեան փաստեց, որ 7րդ դարու կաթողիկոսանիստ Յակոբավանքը կարեւոր համալիրներէն մէկն է, որ շուրջ 300 տարի չի վերանորոգուել ու կանգնած էր փլուզման եզրին»: Աւելցուցած է, որ «յատկապէս պատերազմէն ետք, Յակոբավանքի վերականգնման պրոցեսը էլ աւելի կարեւորուեց: Այսօր Ատրպէյճանը շատ ինտենսիվ մշակութային պատերազմ է  մեր դէմ վարում: Անգամ այսօր Յակոբավանքի վերաբերեալ տարբեր յօդուածներ են գրւում, Ուիլքիպետիայում էջեր են բացւում, որ իբր սա հայկական իրականութեան ու մշակոյթի հետ կապ չունի, ասում են՝ իբր ալբանական մշակոյթի մաս է, եւ իբր ատրպէյճանցիները ալպանների յետնորդներն են»: Գագիկ Յարությունեանի ձեւակերպմամբ. «Այս ամէնը Յակոբավանքը նաեւ էքզիստենցիալ  (գոյութենական) իմաստով են խնդրի առաջ կանգնեցնում»:. «…Ատրպէյճանցիներն ամեն ինչ անում են, որ Դադիվանքն անցնի իրենց լիարժէք վերահսկողութեան տակ». Ընդգծուած, է թէ «ինչո՞ւ է կարեւոր վանքի վերականգնումը հենց այսօր։ 2020թ. պատերազմի եւ դրան հետեւած արցախեան տարածքների բռնազաւթման արդիւնքում, հայկական մշակութային 90 կոթող է ոչնչացուել, վնասուել կամ ենթարկուել ձեւափոխման Ատրպէյճանի կողմից։ Հարիւրաւոր յուշարձաններ վտանգուած են, քանի որ գտնւում են Ատրպէյճանի բռնազաւթման ներքոյ։ Ընդգծուեց, որ Սուրբ Յակովբավանքը մարմնաւորում է Արցախի պատմամշակութային ամբողջ ժառանգութիւնը, որը մեր հազարամեակների գոյութեան ու ինքնութեան ապացոյցներից է մեր իսկ հողում։ Հենց այդ նպատակով մի շարք կազմակերպութիւններ, գիտնականներ, մտաւորականներ, մտահոգ անձինք, համախմբուել են կարեւոր այս գաղափարի շուրջ՝ վերականգնել Արցախի Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գիւղի Ս. Յակոբավանքը, ինչը կարեւոր ուղերձ կը դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերում ապրող հայերի համար։ Մասնագէտները կարծում են, որ Յակոբավանքի վերականգնումը նաեւ կը խթանի Արցախի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական եւ զբօսաշրջային ոլորտների զարգացումը։ Գագիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ բացառիկ համախմբում է տեղի ունեցել վերականգնման շուրջ, եւ թէ Արցախի կառավարութիւնը, թէ մասնագիտական համայնքն ու եկեղեցին` Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս սրբազանի գլխաւորութեամբ, թէ տարբեր կամաւորներ ու բարերարներ միաւորուել են, որ գործը դառնայ իրականութիւն: Նրա խօսքով, Արցախի Սուրբ Յակոբավանքի վերականգնման եւ Քոլատակ գիւղի զարգացման համար պահանջւում է մէկ միլիոն դոլար, որից 25 հազարն արդէն հաւաքուել է, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ սկսել վանական համալիրի մէկ եկեղեցու շինարարութիւնը»:

            Սկսած քաղաքակրթական-կրօնական պատերազմին դէմ չեն կրնար դնել փոքրիկ Հայաստանը եւ փոքրացած Արցախը: «Հայկական հետքի ջնջումը եւ իւրացման վայրագ ընթացքը սկսած է եւ կը շարունակուի ամպագոռգոռ ճառերով գինովցող միջազգային համայնքի աչքին առջեւ եւ անոր պատասխանատուութեան բիրտ յիշեցումը պէտք է ընել: Կրկին միլիո՞ն պիտի յատկացնենք, որպէսզի նոր ներխուժումով նախայարձակը իւրացնէ վերանորոգուած յուշարձանները, ինչպէս իւրացուց Հիմնադրամի կառուցած Արցախի ճանապարհները: Միջազգային համայնքը պատասխանատուութիւն չունի՞ այս աւերներուն եւ կողոպուտին դիմաց:

            Առանց ծեծեքումի ինչպէ՞ս միջազգային համայնքը պիտի կանգնեցնենք իր պատասխանատուութեան առջեւ եւ ի՞նչ պիտի ընենք որ մեր ժողովուրդը չբաւարարեն մխիթարական-պարգեւ խօսքերով:

            Պարտութեան մէջ հրճուող մազոխական «Հայրենասէր»ներ կան, որոնք Վոլթէրի «Քանտիտ»ին պէս, կը խորհին, իրենք զիրենք համոզած են, որ կ’ապրին «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ», աշխարհը՝ անհայրենիքի իրենց մեծ ու պզտիկ կրպակները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ)ի անհայրենիք բանգէտ քաղքենիացածներ, որոնք ճշմարտութիւն եւ քննադատութիւն իրենց կրպակային չանհանգստանալու հայրենասիրութեան դէմ մեղանչում կը համարեն:

            Մատենադարանի մէջ գումարուած ժողովին ինչո՞ւ չեն հրաւիրած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, զոյգ հանրապետութիւններու ներկայացուցիչները ինչո՞ւ ներկայ չեն եղած Մատենադարանի մէջ մէջ գումարուած գիտական քննարկումներուն, որպէսզի անոնց արձագանգը իրենց հետ տանին միջազգային եւ այլ քաղաքական հանդիպումներու:

            Նախ մենք պէտք է գիտնանք, որ ինչ որ տեղի ունեցած է եւ տեղիքաղաքակրթական- մշակութային-կրօնական պատերազմ է Հայաստանի դէմ, ո՛չ միայն հանրապետութեան, այլ՝ համայն հայութեան: Աւելի քան երբեք Միացում անհրաժեշտ է, զոր իրականացնելու համար նախ բոլոր մակարդակներու վերականգնում պէտք է, առանց գոհանալու հանդիսատեսի տեղ չհասցնող զգացականութեամբ, որ միշտ կը գերաճի Լիբանանի գեղատեսիլ լեռներէն մինչեւ Ֆլորիտա,Կապուտակ ծովափ եւ… Ուշուայա:

            Երբ կը դարպասենք, երբ հնարաւորութիւն ունինք դարպասելու մեծերը եւ մեր աչքին մեծ համարուածները, առանց որձեւգէգ ճապկումներու ըսենք, որ Հայաստան եւ հայութիւն թիրախ են քաղաքակրթական, կրօնական եւ մշակութային նախայարձակման, որ վաղը պիտի հասնի իրեն , երբ թուրքը բացորոշ կերպով սկսի կռուիլ, իրականացնելու համար իր Ատրիականէն Չինաստան տարածուող Թուրան երազանքը: Եւ սուղ գին պիտի վճարեն ժողովուրդները, փոքրերուն հետ նաեւ այսօրուան հանդիսատես Պիղատոսի դերին իրենք զիրենք կոչած ՄԵԾԵՐը:

            Ի՞նչ գին պիտի վճարեն յանձնառութենէ խուսափող եւ իրենց ինքնագոհ  առանձնութեան մէջ ինքնակոչ ամուլ եւ ամլացնող կարծիքներով դատ-դատաստան ընողները:

            Անոնց քաղքենիի հանգիստը ոչ ոք ոք պիտի խռովէ:

            Ի դարու ֆրանսացի վաւերական կին մեծ մտաւորական Սիմոն տը Պովուար, կարծիքներով եւ ուրիշներու ճիշդն ու սխալը դատող «չէզոք»-ներու եւ ապաքաղաքականացածներու մասին դիպուկ բանաձեւ ունի: Ըսած է. «Անոնք որոնք կ’ըսեն թէ ապաքաղաքական են, ճակատագրականօրէն յետադիմական են»: Հայ կեանքի մէջ բանակ են այդ վնասակար իրաւ-կեղծ կուշտ մտաւորականները, որոնք սուլիչով կը պտտին եւ կը դժգոհին, երբ իրենց սուլիչի ձայնը չի լսուիր:  Ասոնք թաւշեայ չէզոքութեան մէջ ծուարած հոգեկան  եւ մտաւոր ցեցեր են:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles