1
0
Read Time:26 Second
Սիրան Թուֆայեան
Սեպտեմբեր 27, 2022
Հեռու ծովուն միւս ափէն,
Իմ ժողովուրդիս չարչարանքը կը տեսնեմ,
Մայր երկրիս տանջանքը կը լսեմ,
Եւ սրտիս խորքէն գիտեմ, որ պէտք է օգնեմ։
Ինչպէ՞ս ապրիմ կէս աշխարհ հեռու,
Իմ սիրելի հայաստանէն, որուն ես կը պատկանիմ։
Այս անվերջ արցունքներս ի՞նչ օգուտ կ՚ընեն,
Այն զինուորներուն, որոնք երբեք չդարձան տուն։
Աշխարհին աչքերը կոյր են դարձած,
Որուն պատճառով ես կը զգամ բարկացած.
Բայց իմ հոգւոյս մէջ գիտեմ, որ այս պատերազմը չէ աւարտած,
Մինչեւ որ մենք մեր ամբողջ երկիրն ենք ազատագրած։