ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Քոնկրէսի մէջ ներկայացուած Է բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ ատրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութիւնն ու ամերիկեան պատժամիջոցներու կիրարկումը:
Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նէնսի Փելոսիի գլխաւորած քոնկրեսական պատուիրակութեան Հայաստան կատարած այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք, պատուիրակութեան մաս կազմող, Քոնկրէսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ճեքի Սփիր թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ ալ Արցախի մէջ ատրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւնները դատապարտող օրէնսդրական նախաձեռնութիւն կատարած է` կոչ ուղղելով պատժամիջոցներ հաստատելու եւ միջազգային դատարաններուն դիմելու` համապատասխան հետաքննութիւններ կատարելու համար:
Սփիր իր այս մտադրութեան մասին առաջին անգամ հրապարակաւ յայտարարած է նախորդ շաբաթ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դաշնակցային սեմինարի աշխատանքներու ծիրին մէջ` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ հանդիպումի ընթացքին: Պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատժամիջոցներ հաստատելէ բացի` բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ հետաքննելու Ատրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու անօրինական բանտարկութեան փաստը, կը դատապարտէ հայկական եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը եւ համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան: Քոնկրէսական Սփիրին միացած են Քոնկրէսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահ Ֆրանք Փըլոնը, փոխնախագահ էտըմ Շիֆը եւ քոնկրէսական Աննա Իշուն:
Մեկնաբանելով Սփիրի նախաձեռնութիւնը` Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեանը յայտնեց. «Մենք կ՛ողջունենք ներկայացումը քոնկրէսական Սփիրի պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ բանաձեւին, որ զուգընթաց է Ազրպէյճանի յարձակումները դատապարտող քոնկրէսական Շիֆի ներկայացուցած բանաձեւին: Անոնք երկուքն ալ Քոնկրէսի երկկուսակցական հզօր աջակցութեան արտայայտութիւններ են «907-րդ բանաձեւի» կիրարկման եւ Ատրպէյճանին ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան դադրեցման»:
Սփիրի նախաձեռնութիւնը կը յաջորդէ Շիֆի եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած մէկ այլ` 1351 բանաձեւի նախագիծին, որ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին եւ դատապարտելու ազրպէյճանական յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: Բանաձեւի նախագիծը ներկայիս ունի 44 քոնկրէսականի ստորագրութիւն:
Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛իրականացնէ ամերիկահայ համայնքի զօրակոչ, ու նաեւ յանձնախումբի համացանցային կայքի հնարաւորութիւններով (www.anca.org/907) կ՛իրականացնէ անհրաժեշտ լոպիիստական գործողութիւնները: