ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 13 -ին՝ կէս գիշերուան ժամը 00:05-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի բանակը ծանր զէնքերով ռմբակոծեց Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի շրջանները:
Հայ-ատրպէյճանի սահմանի Սիւնիքի, Վայոց Ձորի ու Գեղարքունիքի մարզի բնակիչները ահազանգած էին կրակոցներուն եւ ռմբակոծութեան մասին:
Ատրպէյճան գործածեց նաեւ անօդաչու սարքեր։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց «Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Քելպաջարի եւ Լաչինի ուղղութիւններով լայնածաւալ սադրանքի» մասին:
Իսկ Հ.Հ. վարչապետ Փաշինեան կապ հաստատեց Ռուսիոյ նախագահ Փութինին եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին ներկայացնելով կացութիւնը: