Ծ.Խ.- Երկուշաբթի, խմբագրութիւնս ստացաւ սոյն նամակը, որուն մէջ ստորագրեալը կ°արծարծէ յառաջիկայ Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունենալիք համոյթը, մասնակցութեամբ հայ եւ թուրք արուեստագէտներու…եւ հովանաւորութեամբ Նիւ Եորքի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին: Երաժիշտներու շարքին է Նիւ Եորքաբնակ դաշնակահար Շահան Արծրունի եւ Պոլսահայ երգիչ Գէորգ Դաւիթեան (պարիթոն)
Սոյն համոյթը պատրաստուած էր Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագին առթիւ եւ ապա կրկնուած Պոլսոյ մէջ: Ստորեւ, լոյս կ’ընծայենք այս բաց նամակը, իր ամբողջութեամբ.-
Սիրելի երաժշտագէտներ, երաժշտասէրներ եւ առ հասարակ արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ,
Ոչ մէկ մասնագիտութիւն ունիմ արուեստի որեւէ բնագաւառէ ներս: Պարզապէս արուեստի սիրահար եմ անդրանիկէն մինչեւ եօթներորդը՝ շարժապատկերի աշխարհը եւ դեռ ալ աւելի: Վրձին մը եւ զանազան տեսակի եւ գոյնի ներկեր որ տրամադրէք…հաւանաբար մանկապարտէզի աշակերտէ մը աւելի ձախող գործ մը «վրձինահարած» կ’ըլլամ, իսկ երաժշտական որեւէ գրականութիւն, ինծի համար հար եւ նման է չինարէն լեզուի:
Որեւէ երաժշտական գործիք չեմ կրնար գործածել կամ աւելի ճիշդը հնչեցնել, փոխարէն սակայն արուեստի սիրահար մը ըլլալով, յատկապէս երաժշտութեան բնագաւառէն ներս երաժշտասէր մըն եմ, հաւանաբար միջազգային լեզուով «մելոման»ը աւելի լաւ հասկցուի: Այնքան մը կը սիրեմ երաժշտութիւնը, իր տարբեր ճիւղաւորումներով, երանգներով եւ կշռոյթներով, որ ունկնդրային ձիրքս սկսած է գերազանցել ակնդրայինը…
Երկար բարակ կրկնութենէ եւ թութակաբանութենէ պիտի խուսափիմ եւ պարզապէս կարճ ու կտրուկ, ամփոփ ձեւով կը տեղեկացնեմ թէ ե°ս ալ կը պատկանիմ այդ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին, որ ցայսօր կը պայքարի յաչս անոր արդար ճանաչման ու յատուցման:
Սակայն նիւթը այս չէ այսօր: Այլ …ալ աւելի ահաւոր երեւոյթ մը՝ արուեստի աշխարհի խեղաթիւրումը, չարաշահումն ու մէկ խօսքով՝ «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»ը:
Անգիր թէ գրուած…յստակ է մշակոյթի եւ արուեստի աշխարհի անսահմանային օրէնքը:..Աւելի յստակացնեմ: Արուեստ աշխարհը չունի սահման եւ ընդհակառակը կը կամրջէ եւ պարտականութիւնն է կամրջելու տարբեր երկիրներու, ազգերու եւ ժողովուրդներու սովորութիւններն ու ձիրքերը: Նոյնիսկ թշնամի երկիրներու արուեստագէտներ, բոլորովին մշակութային մթնոլորտի մէջ եւ նորէն կը կրկնեմ.- մշակութայի°ն գաղափարները ձգտող հիմնարկներու հովանիին տակ միասնաբար ելոյթներ կ°ունենան «աշխարհ» կոչեցեալ մոլորակի բնակիչներուն ցոյց տալու թէ արուեստի աշխարհը հեռու է ռազմաճակատներէ, ռազմաքաղաքական սահմաններէ եւայլն:
Այդ պատճառով իսկ առանց որեւէ տատամսումի եւ երկմտանքի, ներկայ եղած եմ իւրայատուկ համոյթի մը, որուն ընթացքին միասնաբար ելոյթ ունեցան հայրենի աննման տուտուկահար Գէորգ Տապպաղեան եւ ազերի «մուքամ»ներու լաւագոյն երգիչ Ալիմ Քասիմով:
Այո’, ես առանձ որեւէ վերապահութեան ժամանած էի, Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի միջեւ գտնուող հեռաւոր վայրը՝ Լինոքս (Մասաչուսէց) ուր երկու երաժիշտները ելոյթ ունեցած էին քանի մը տարի առաջ: …Եւ անշուշտ միակ հայորդին չէի: Այո°, անոնք՝ ազերիներն ալ շատ էին, սակայն ելոյթը հեռու էր քաղաքականութենէն: Ձեռնարկը կազմակերպուած չէր Ատրպէյճանի դեսպանատան կամ հիւպատոսարանին կողմէ, ոչ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէր: Այլ զուտ մշակութային արմատներու վրայ հիմուած՝ հանրածանօթ թաւջութակահար Եօ Եօ Մայի հիմնած «մետաքսեայ ճամբայ» ծրագիրն էր, մշակութային ճամբայ…քարտէս՝ հեռու բոլորովին տարբեր գաղափարներ ձգտող ճանապարհային քարտէսներէ: Դեռ աւելին, նախքան երկու արուեստագէտներու ելոյթ ունենալը, օրուան զեկուցաբերը, նշած էր թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անունները, ընդհանրապէս քաղաքական էջերուն մէջ է որ կը լսուին, սակայն այս անգամ, մշակութային կամուրջ մըն է որ հաստատուած է:
Այս պատճառով է որ մտադրած եմ յառաջիկայ Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 7-ին, Նիւ Եորքի նախասիրած «Քառնէկի Հոլ» հանդիսասրահիս ձեռնարկին չներկայանալ:
Ինչո՞ւ… աւելի պարզաբանեմ: Այս պարագային մշակութային կամուրջ գոյութիւն չունի, ոչ ալ ձեռնարկը կը վայելէ զուտ մշակութային հիմնարկի մը հովանին: Կազմակերպողը պետութիւն մըն է, յանձին Թուրքիոյ, որ գործի լծած է հայ եւ թուրք արուեստագէտներ: Նաեւ, այս համոյթին դրդապատճառն ալ յիշատակելի է: Արդարեւ, կազմակերպուած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կատարուած խաչազուրկ պատարագին առթիւ եւ այսպէս այդ բարեկամութեան կեղծ աղաւնին կը թռչի Վանայ լիճէն, մշակութային կեանքի «գագաթ»՝ Նիւ Եորք, Պոլսոյ ճամբով:
Հետեւաբար, Ո’չ…որոշած եմ չերթալ այդ համոյթին եւ կը յանձնարարաեմ իմ բարեկամներուս, որ նոյնպէս չքաջալերեն նմանօրինակ մշակութային կեղծ կամրջում:
Կատարածս ծայրայեղութիւն չէ, ոչ ալ մանկամտութիւն…այլ պայքար ընդդէմ մշակոյթի սրբապղծման:
Պիտի չերկարեմ…Կեանքի պայմանները այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած են որ պէտք է քշեմ…երկար քշեմ դէպի գործատեղի: Բնականաբար, խտասալիկի ունկնդրութեամբ գործուղղուիլը ինչքա¯ն հաճելի է: Արդէն իսկ, մտադրած եմ յատկապէս այս նամակը աւարտելէս ետք, կատարել իմ իւրայատուկ ձեռնարկս եւ անպայման ըմբոշխնել, արեւելեան երանգներ ընդգրկող ֆրանսացի Ժան Պաթիսթ Լիւլիի «Marche pour la ceremonie des Turcs » (1670-ի յօրինում) գործն ու համեմատաբար աւելի ծանօթ աւստրացի Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի «Marche Turque»ը…նաեւ Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեանի — աւելի ծանօթ Կոմիտաս Վարդապետ անունով — «Պատարագ»ը, անշուշտ Աղթամարէն հեռու ինքնաշարժիս մէջ:
Մինչ այդ կը կրկնեմ…ես այդ Հոկտեմբեր 7-ի «Քառնէկի Հոլ»ի ձեռնարկի գծով «Ո’Չ» եմ:
Ցտեսութիւն եւ Ցունկընդրութիւն՝
Երաժշտասէր մը
Պոսթըն
Սեպտեմբեր 27, 2010