Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպում՝ Պրիւսքսէլի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second
«Այսօր ընդունեցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Ասիկա այս ձեւաչափով մեր երրորդ հանդիպումն էր: Մենք կեդրոնացանք Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ աւելի լայն տարածաշրջանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները զարգացնելու վրայ: Քննարկումը անկեղծ եւ արդիւնաւէտ էր: Մենք դիտարկեցինք հարցերու ողջ փաթեթը: Մանրամասն քննարկեցինք մարդասիրական հարցերը, որոնց կարգին՝ ականազերծման, պահուող անձերը ազատ արձակելու եւ անհետ կորսուածներուն ճակատագիրը պարզելուն ուղղուած ջանքերը»։
Յայտարարութեան մէջ Միշէլ ներկայացուց արդիւնքները, որոնց հասած են քննարկումներու ընթացքին.-
Սահմանային հարցեր
«Յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին տեղի կ’ունենայ սահմանային յանձնաժողովներու առաջին միացեալ նիստը: Անիկա կ՛անդրադառնայ սահմանազատման եւ կայուն իրավիճակի լաւագոյնս ապահովման բոլոր հարցերուն:
Հաղորդակցութիւններ
Ղեկավարները համակարծիք էին, որ անհրաժեշտ է յառաջ ընթանալ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման հարցին մէջ: Անոնք համաձայնութեան եկան տարանցման կարգաւորման սկզբունքներու վերաբերեալ` արեւմտեան Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, Ատրպէյճանի տարածքով` Հայաստանի տարբեր մասերու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու միջոցով միջազգային բեռնափոխադրումներու շուրջ:
Անոնք համաձայնեցան սահմաններու կառավարման, անվտանգութեան, հողի վճարներու, ինչպէս նաեւ մաքսային սկզբունքներու շուրջ միջազգային բեռնափոխադրութեան պարունակին մէջ: Փոխվարչապետները այս աշխատանքը յառաջ կը տանին յառաջիկայ օրերուն:
Խաղաղութեան պայմանագիր
Ղեկավարները պայմանաւորուեցան յառաջ տանիլ քննարկումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, որով պիտի կարգաւորուի միջպետական յարաբերութիւնները: Յառաջիկայ շաբաթներուն արտաքին գործոց նախարարներուն գլխաւորած խումբերը յառաջ կը տանին այս գործընթացը: Ասոր ի լրում՝ երկու ղեկավարներուն շեշտեցի, որ անհրաժեշտ է ապահովել Ղարաբաղի ցեղային հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:
Ընկերային-տնտեսական զարգացում
Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ երկու կողմերուն հետ Տնտեսական խորհրդատուական խումբին աշխատանքը, որուն նպատակն է տնտեսական զարգացման ապահովումը` ի շահ երկու երկիրներուն եւ անոնց բնակչութեան:
Նախքան այս եռակողմ հանդիպումը, տեղի ունեցաւ առանձին տեսակցութիւն մը` Փաշինեանի եւ Միշէլի միջեւ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս` Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրարի իրականացման ընթացքը:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles