ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՌՈՊԸՐԹ ՄԵՆԷՆՏԷՍ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ

0 0
Read Time:4 Minute, 51 Second

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ․- Ուրբաթ, Մայիս 13-ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երկրորդ նիստի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւոիչ եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Դանիէլեանի բացման աղօթքէն եւ ընթրիքէն ետք, հանդիսավար Յակոբ Խաչատուրեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, բացման խօսքը կատարեց, յայտարարելով ներկայութիւնը պատուոյ հիւրին՝ Նիւ Ճըրզիի ծերակուտական Ռոպըրթ Մենէնտէսի, որ նաեւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի ատենապետն է։ Հիւրին կ՚ընկերանային կինը՝ Նատին, եւ վերջինիս դուստրը՝ Սապին։

Տիար Խաչատուրեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանին, հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, Տիկնանց Միութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին, եւ Ազգային Վարչութեան ծրագրող յանձնախումբին, որոնց ջանքերուն շնորհիւ անթերի կերպով կազմակերպուած էր Երեսփոխանական Ժողովը։ Ան ներկաներուն յիշեցուց Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքերը, թէ «անհրաժեշտ է մեր Թեմի հիմքերը ուժեղացնել վերանորոգումով, ներքին յարաբերութիւններու սերտացումով, երիտասարդութեան ուղղուած ծրագիրներով, օգտագործելով լրասփիւռներու եւ արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցները մեր ժողովուրդին հասնելու համար», եւ աւելցուց, թէ «յանձնախումբերու քննարկումները Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին՝ ռազմավարական ծրագրաւորման, համավարակէն ետք գործունէութեան շարունակութեան եւ մեր երիտասարդական հիմքի ընդլայնման մասին պէտք է ուժեղացնէ մեր յանձնառութիւնը ծառայելու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով»։

Արամ Համբարեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն, ներկայացուց ծերակուտական Մենենտէսը, ընդգծելով անոր տասնամեակներու անխոնջ եւ անյողդողդ հայանպաստ գործունէութիւնը, ներառեալ՝ անոր հիմնական դերը 2020ին Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճանաչման մէջ։

Այս առիթով, տիար Մենենտէս ստացաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Հայաստանի ոգի» (Spirit of Armenia) մրցանակը ձեռամբ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Բովանդակալից ճառով, մեծարեալը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Առաջնորդարանին, եւ վերահաստատեց իր մնայուն զօրակցութիւնը Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց ծերակուտական Մենէնտէսի արդարութեան եւ խաղաղութեան յանձնառութեան ոգին, մատնանշեց, որ վերջին երեք տասնամեակներուն անձամբ վկայ եղած է Ծերակոյտէն ներս թէ Ապրիլ 24-ի բոլոր ոգեկոչումներուն ընթացքին մեծարեալին ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքին եւ յայտնեց, թէ ծերակուտական Մենէնտէսի պէս անձնաւորութիւններ են, որ Միացեալ Նահանգները առաւել եւս պիտի զօրացնեն եւ դարձնեն ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան օրինակելի պաշտպան մը։

Մենէնտէս անդրադարձաւ տքնաջան աշխատանքի երկար տարիներուն, որոնք պսակուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով։ Հայոց դատը, ըսաւ, մօտ է իր սրտին։

«Աւելի քան տարի մը առաջ, կը յիշեմ յաղթանակի եւ անշուշտ արդարացման զգացումը, ինչպէս ձեզմէ շատեր վստահաբար, երբ լսեցի, որ նախագահ Պայտըն կը ծրագրէր ճանչնալ ճշմարտութիւնը պատմութեան մասին», ըսաւ ան։ «Ձեզմէ շատերուն համար, ասիկա խորապէս անձնական հարց մըն էր, եւ կը յիշեմ, թէ որքա՛ն հպարտ զգացի, որ արդարութեան ի խնդիր այդպիսի շարժումի մը մաս կազմած էի՝ այս ճիգը գլխաւորելով Քոնկրէսին մէջ»։

Մենէնտէս՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամենէն հաստատուն աջակիցներէն մէկը ամերիկեան քաղաքացիներու մէջ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Հայաստանի ոգի» պարգեւին համար։

«Այս երեկոյ ներկայացուած 22 եկեղեցիներով, այս սրբազան վայրին մէջ «Հայաստանի ոգի» մրցանակով պարգեւատրումը խոնարհութիւն կը պարտադրէ», ըսաւ ան։ «Յատկապէս ուրախացնող է, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դատը սրտիս մօտ դատ մըն է»։

Ան վերյիշեց ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր պայքարը՝ 2006ին Ծերակոյտը մտնելէ ետք։ «Նոյնիսկ կարգ մը թեկնածուներու պաշտօնավարութիւնը արգելափակեցի, որովհետեւ կը մերժէին ցեղասպանութիւնը իր բուն անունով կոչելու»։

Ծերակուտականը նշեց, թէ ըսած էր, «թէ՛ հանրապետականներու եւ թէ՛ դեմոկրատներու, որ չէինք կրնար անգործ մնալ, մինչ Թուրքիա կը շարունակէր ծածկել այս ոճիրը»։ Ճանապարհին գտած ընդդիմութիւնը կրնար վհատեցուցիչ ըլլալ. «Թուրքիա հանրային յարաբերութիւններու եւ լոպպինկի ընկերութիւններ վարձած էր ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու համար», եւ նոյնիսկ «սպառնաց փակել ամերիկեան զինուորական խարիսխներ»։

Ասոր արդիւնքը եղած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անձնապէս քննադատած է Մենէնտէսը, զինք կոչելով «Թուրքիոյ թշնամի»։ «Ասիկա եղած ըլլալու է», յայտնեց ծերակուտականը, «որովհետեւ արդարութիւն կ՚ուզեմ հայ ժողովուրդին համար», ինչպէս եւ Թուրքիոյ «սպառնալիքներուն եւ ուրացումներուն» վերջը։ «Կ՚ուզեմ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան վրայ»։

Ծերակուտականը նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ կապերը ուժեղացած են երեք տասնամեակներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու ընթացքին։ Վերջերս հանդիպելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթով, «բոլոր հայերու ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը քննարկեցինք», ըսաւ։ Սակայն, աւելցուց, «հակառակ մեր բոլոր համատեղ իրագործումներուն, շատ ընելիք կայ։ Մէկ ու կէս տարի առաջ, Ատրպէյճանի պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութեամբ, քաղաքացի զոհերու ցաւալի տուրք մը պատճառեց»։ Իր ցասումը յայտնեց Ատրպէյճանի «մարդկային իրաւանց սարսափելի չարաշահումներուն» համար։ «Պաքու կը շարունակէ հայ ռազմագերիներ պահել իր բանտերուն մէջ»։ Խոստացաւ, որ պիտի շարունակէ քննութեան ենթարկել Ա․Մ․Ն․-ի կառավարութեան օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին ու յայտնեց իր մտահոգութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան ներգործութեան հանդէպ շրջանի աշխարհաքաղաքական վիճակին վրայ, անհրաժեշտ գտնելով այդ օժանդակութեան յաւելեալ հաշուետուութիւնը, քանի որ «նոյնիսկ այսօր, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ սպառնալիքներ դիմագրաւել, զորս կարելի չէ անպատասխան ձգել»։

Այնպիսի ժամանակի մը, երբ «մենատիրական վարչակարգեր կը սպառնան ժողովրդավարական ազգերու եւ սկզբունքներու աշխարհի շուրջ», ցեղասպանութեան մասին ուսուցումը կենսական է։ «Գիտեմ, որ կրթութիւնը կարեւոր է Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, որուն հետ վերջերս խօսելու առիթը ունեցած եմ», ըսաւ ծերակուտական Մենէնտէզ, աւելցնելով, որ «գիտեմ, որ կրթութիւնը կարեւոր է այստեղ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւս», ակնարկելով ժողովը հիւրընկալող Ֆիլատելֆիոյ եկեղեցիին։

«Մեր զաւակներուն եւ աշխարհին պէտք է ճշմարտութիւնը սորվեցնենք», ինչ որ հիմնական է մերօրեայ խժդժութիւններու առաջքը առնելու համար։ «Երբ օսմանցի թուրքերը իրենց ոճիրը գործադրեցին հայերուն դէմ, ո՛չ միայն զիրենք տուներէն հանեցին ու անապատ ղրկեցին բնաջնջուելու համար», շարունակեց, այլ «քանդեցին հին վանքեր ու գիւղեր, հրահանգեցին որ լեռներ, գետեր ու քաղաքներ որ հայերէն լեզուն կը գործածէին պէտք է թրքերէնով վերանուանուէին, փորձեցին ջնջել ամբողջ ժողովուրդ մը եւ իր հպարտ պատմութիւնը»։

Եզրափակելով, կոչ ուղղեց անոնց, «որոնք այս ցեղասպանութեան քաջ վերապրողներուն ժառանգորդներն են», որ «անոնց յիշատակը կենդանի» պահեն։ Նաեւ յորդորեց անոնք, որոնց սիրելիները «կ՚ապրին բիրտ մենատէրերու շուքին տակ, որոնք հրասայլերով ու ռումբերով կը փորձեն քարտէսը վերագծել», որ իրենց յոյսը չկորսնցնեն։ Եւ վերջապէս խնդրեց, որ «անոնք, որ իրենց գլուխները կը խոնարհեն այստեղ՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ, ինչպէս եւ ամբողջ երկրի տարածքին, որ աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար»։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, ծերակուտականին կինը՝ Լիբանան ծնած տիկ. Նատին Թապուրեանը, հայերէնով խօսք ուղղեց ներկաներուն։

Յայտագրի յաջորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց Ֆիլատելֆիոյ համայնքի երեք անձնաւորութիւններ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Առաջնորդարանին մատուցած իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։ Յաջորդաբար, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան ներկայացուց տիկ. Աստղիկ Գազանճեանը, որ ստացաւ «Բարի Սամարացի» գնահատագիրը։ Օր. Քարէն Ճիհանեան ներկայացուց պրն. Նուպար Մկրեանը, որ պարգեւատրուեցաւ «Առաջնորդարանի արծիւ» շքանշանով, եւ տիկ. Լուսինտա Իսթանպուլեան ներկայացուց տիկ. Սանտրա Սէլվէրեանը, որ մեծարուեցաւ «Զապէլ թագուհի» շքանշանով։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման աղօթքէն ու «Կիլիկիա»յի երգեցողութենէն ետք, անակնկալ կարկանդակ մը մատուցուեցաւ Ներսէս Աւագ Քահանային եւ երէցկին Նեկտարին՝ Տէր Հօր մօտալուտ հանգստեան կոչման առիթով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութիւնը։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles