Արցախի Հիմնահարցին Նուիրուած Խորհրդաժողով` Պարսելոնայի Մէջ 

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ.- Մայիս 5-ին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով՝ նուիրուած Արցախի հիմնահարցին։ Ներկայ էին Քոնկրէսի պատգամաւորներ, որոնց կարգին պասքերու Երկրի եւ Քաթալոնիոյ  ներկայացուցիչներ, Սպանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սօս Աւետիսեանը, հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներ, սպանացի լրագրողներ։

Խորհրդաժողովին առցանց միացած էր նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը։

Մասնակիցները քննարկեցին Արցախի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը։

Իսկ իրաւաբաններ Էմմա Յակոբեան եւ Լեւոն Գրիգորեան պարզաբանեցին հիմնախնդրի իրաւական բաղկացուցիչները։ Դաւիթ Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ Քոնկրեսի պատգամաւորներուն` Արցախին աջակցելու եւ
դատապարտելու համար 2020-ին Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումները Արցախի դէմ։

Մասնակիցները համոզուած էին, որ բոլոր բնական եւ սթափ մտածող մարդիկ քաջ կը գիտակցին, որ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումը Արցախի դէմ յարձակում է ողջ քաղաքակիրթ հանրութեան դէմ, եւ այս հարցով չէզոքութիւնն ու անտարբերութիւնը միայն կը խթանեն նոր յարձակումները քաղաքակիրթ աշխարհի դէմ։ Ընդգծեցին նաեւ Ռուսիոյ, անոր խաղաղապահներու կարեւոր դերը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ։

Հանդիպումը հետաքրքրական եւ օգտակար էր։ Մասնակիցները յոյս յայտնեցին, որ նման ձեռնարկներու շարունական ու պարբերական բնոյթը կը նպաստեն աշխարհին Արցախի հիմնախնդիրը հասկնալի ու հասանելի դարձնելուն։ Անոնք կոչ ըրին Սպանիոյ քոնկրէսին ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ սատարելու Արցախի ժողովուրդին ՝ լուծելու խնդիրը միջազգային չափանիշներու, ուժի չկիրառնան, մարդու հիմնարար իրաւունքներու առաջնահերթութեամբ, իսկ Արցախի խնդրի վերջնական լուծումը ՝ Մ.Ա.Կ.-ի կողմէ իրաւագիր ունեցող Մինսքի խումբի ծիրէն ներս։

Գիտաժողովը կազմակերպած էր Սպանիոյ մէջ Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան, Քաթալոնիոյ «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեանը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles