Ծ. Խ.- Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք վերջերս մահացած ազգային գործիչ եւ բանաստեղծ Խոսրով Ասոյեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին եւ Սան Ֆեռնանտօ հովիտի «Ռոստոմ» կոմիտէին անունով, Ընկ. Յովիկ Սալիպա արտասանած դամբանականը, նաեւ լուսահոգիին կենսագրական գիծերն ու փունջ մը բանաստեղծութիւններ:
Յարգելի Ասլանեան ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ,
Սիրելի սգակիր ընկերներ,
Հաւաքուած ենք, վերջին հրաժեշտը տալու բազմաշխատ Ընկեր Խոսրովին, դաշնակցակա՛ն Խոսրովին, սակայն լաւ գիտենք, որ Խոսրովն ու նմանները մեզմէ չեն հեռանար ընդմիշտ, այլ մեզի հետ պիտի մնան իրենց կեանքի յարգելի վաստակով ու դաշնակցական մարդը մարմնաւորած ըլլալու յիշատակներով:
Դժուար պահ մըն է ասիկա, որովհետեւ հրաժեշտ կու տանք հաւատաւոր եւ ամբողջ կեանք մը ծառայութիւն եղող ընկերոջ մը: Այս պահը նաեւ ունի խորհուրդ մը, խորհրդաւորութիւն մը, որովհետեւ պարտականութիւնը ունիմ խօսելու ընկերոջ մը մասին, որ ապրեցաւ եւ բոլոր աշխատանքները կատարեց լուրջ կերպով, ինքզինք պահեց լուսարձակներէ եւ հրապարակային աղմուկէ հեռու, հաւատալով, որ այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ հաւատաւոր ու հաւատարիմ դաշնակցականը: Ան լաւ ըմբռնած էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝ Ռոստոմի այն մտածումը, որ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականին համար գործն է կարեւորը, թէ՝ դաշնակցականը եթէ շատ խօսի, գործ ընելու ժամանակ չ’ունենար:
Ընկեր Խոսրովը ապրեցաւ լեցուն կեանք մը, բառին ամէնէն բովանդակալից իմաստով: Եղաւ ընտանիքի հայր, ուսուցիչ, բանաստեղծ, մշակութային գործիչ, սակայն այս բոլորին կողքին, անոր վաստակին մէջ «Առիւծի բաժին» ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դրօշին տակ իր աննահանջ գործը:
Խոսրով Ասլանեանը, որ որդեգրած էր Ասոյեան գրչանունը, Դաշնակցութեան գաղափարներով հասակ առաւ մանկութեան եւ պատանութեան օրերուն, սկսելով Գամիշլիի մէջ աշակերտութեան եւ ուսանողութեան օրերէն: Անոր առաջին դաստիարակներն էին Դաշնակցութեան գործին, գաղափարներուն եւ տեսլականին հաւատացող իր ուսուցիչները: Աւելի ուշ, երբ հաստատուեցաւ Պէյրութ եւ անդամագրուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, զուգահեռաբար վարեց ուսուցչական պաշտօն, իր դաստիարակներէն իրեն փոխանցուած ջահով բոցավառեց նա՛եւ իր աշակերներուն միտքն ու հոգին:
Ուսանողական միութեան անդամակցութեան օրերուն, ապա նաեւ իր բնակավայրի դաշնակցական ընտանիքին միանալէ ետք, ան յանձն առաւ վարչական պատասխանատու պաշտօններ: Վրայ հասաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմը» եւ ան զինուորագրուեցաւ հայկական մեր շրջաններու պաշտպանութեան գործին, գտնուեցաւ Արեւմտեան թէ Արեւելեան շրջաններու հայկական հաստատութիւններն ու թաղերը պաշտպանողներու առաջին դիրքերուն վրայ: Սա այն օրերն էին, երբ մեր հաւաքականութեան պաշտպանները իրենց կեանքն ու հոգին ամէն օր իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած, դէմ կը կանգնէին մեծ ու փոքր ոտնձգութիւններու, տեղացող ռումբերու եւ հրթիռներու, գործը կը շարունակէին, երբ իրենց կողքին, պատնէշի վրայ կը մարէին մատղաշ կեանքեր:
Աւելի ուշ, երբ տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ մեր շրջանին մէջ, ան շարունակեց դաշնակցականի իր ծառայութիւնները: Ունէր ընտանիք, զաւակներու հոգ, սակայն Դաշնակցութեան տունը իրեն համար նոյնքան հարազատ մնաց եւ նոյնքան բաժին ստացաւ անոր վաստակէն: Եղաւ Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտի անդամ եւ ներկայացուցիչ, ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, յանձն առաւ բազմաթիւ այլ պարտականութիւններ: Ու՛ր որ գործեց, ի՛նչ մարմինի մէջ ալ եղաւ, գործեց լուռ ու մունջ, անաղմուկ, առանց իր վրայ ուշադրութիւն գրաւելու նուազագոյն ճիգի, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, ան լուռ եւ հետեւողական գործի հաւատացող մարդն էր, փառք ու փառաբանանք չէր փնտռեր: Գործեց համեստօրէն, բայց կերտեց ոչ-համեստ, այլ հսկայական վաստակ:
Ընկեր Խոսրովի լուռ աշխատանքները զինք տարին նաեւ Հայաստան ու Արցախ, երբ շուրջ 30 տարի առաջ Հայ ժողովուրդը լծուած էր Արցախի ազատագրական պատերազմին: Ընկեր Խոսրովը, որ անցեալին իր բաժինը բերած էր Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, չէր կրնար մասնակից չըլլալ Ապրող Պայքարին, որ Արցախի ազատամարտն էր: Այդ առաքելութիւնն ալ կատարեց լուռ ու մունջ. բացի իր պատասխանատուներէն եւ շատ փոքր թիւով ընկերներէ, ո՛չ ոք գիտցաւ կամ իմացաւ, թէ ան ի՞նչ ըրած էր Արցախի մէջ, սակայն վերադարձաւ հոգեկան բաւարարութեամբ, հայրենիքին ծառայած ըլլալու, մեր Դատի ժամանակակից պայքարի ծովուն մէջ իր կաթիլը դրած ըլլալու գոհունակութեամբ: Աւելի ուշ, երբ իր բանաստեղծական հատորները լոյս տեսան, ընթերցողները որոշ գաղափար մը կազմեցին, թէ ան ինչպիսի դառն ու հպարտալի փորձառութիւններ ապրած էր հայրենիքի բարձունքներուն վրայ, տառապանքներ կրած էր մանաւանդ զինակիցներու նահատակութեան պատճառով: Անոր գրիչը մի՛շտ, մինչեւ կեանքին վերջին օրերը լեցուն մնաց Դաշնակցութեան պայքարին մելանով:
Արցախի պետական իշխանութիւնները չմոռցան ընկեր Խոսրովի մատուցած ծառայութիւնները եւ տարիներ ետք, յատուկ շքանշանով մը պատուեցին զինք: Այս պարագան ալ, համաձայն իր համեստ նկարագիրին, պահեց լուսարձակներէ հեռու. նուիրեալ Խոսրովը համեստօրէն ու յուզումով ստացաւ այդ պատիւը:
Սիրելի՛ Ընկեր Խոսրով. վստահ եմ, որ պիտի ներես ինծի, երբ հրաժեշտի այս պահուն, այսպէս՝ որոշ մանրամասնութիւններով կը խօսիմ դաշնակցական մարդու գործերուդ եւ ծառայութիւններուդ մասին. մեղանչում մի՛ սեպեր, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, թէ որքան խոնարհ էիր ու լռակեաց՝ քու տարած աշխատանքներուդ մասին, պիտի չուզէիր, որ մէկը այսքան խօսէր աշխատանքիդ մասին, իսկ այս ըսուածը միայն մէկ փոքր պատկերը կը կազմէ մօտաւորապէս 60 տարիներու ընթաքին քու կերտած մեծ վաստակիդ: Կրկնելու գնով ըսեմ. կեանքդ եղաւ նուիրում ու ծառայութիւն՝ զոյգ ընտանիքներուդ, սեփական ընտանիքիդ եւ դաշնակցական ընտանիքիդ, նա՛եւ մեր բոլորի մայր ընտանիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին, որոնք լայն տեղ գրաւեցին վերջին հատորներուդ մէջ:
Երթաս բարո՜վ, սիրելի եւ թանկագի՛ն ընկեր: Դուն ալ կ’երթաս միանալու դաշնակցականներու այն փաղանգին, որոնք գործեցին լուռ ու մունջ, ապրեցան Հայրենիքին եւ ազգին ցաւերով ու հպարտանքներով, Պայքա՛ր, պայքա՛ր երգելով՝ իրենց հետքը ձգեցին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, Պէշիկթաշլեաններու, Սիամանթոներու եւ Դանիէլ Վարուժաններու կերտած գրականութեան մէջ: Ու մեր անմահ բանաստեղծներուն բառերուն հետեւողութեամբ, կրնաք ըսել. ո՛վ ընկեր, ազգիդ, ժողովուրդիդ եւ հայրենիքիդ համար ապրեցար ու գործեցիր, դուն շատ ապրեցար: Լուռ ու մունջ փակեցիր աչքերդ եւ վաղը պիտի երթաս միախառնուելու մեր հայրենիքին, որ հպարտ պիտի զգայ քեզի պէս զաւակ մը ծնած ըլլալուն համար:
Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Խոսրով: Յիշատակդ պիտի պահենք անթառամ եւ օրինակելի:
Հ. Յ. Դ. «Կարս»-ի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ռոստոմ» կոմիտէին եւ մեր շրջանի ընկերներուն անունով, ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Տիկին Ռիթային, զաւակներուդ՝ Տիգրանին, Շողերին եւ Փաթիլին, հարազատներուդ, եւ բոլորիդ՝ սիրելի վշտակից սգակիրներ:
ԽՈՍՐՈՎ ԱՍՈՅԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ
Սիրելի սգակիր հարազատներ, ընկերներ եւ բարեկամներ,
Այստեղ ենք, յարգանքի վերջին խօսք ըսելու մեզմէ առյաւէտ բաժնուող ամուսինի մը, հօր մը, ընկերոջ մը, գլխագիր դաստիարակի մը, բանաստեղծի մը եւ ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ հայորդիի մը, որ կը կոչուի Խոսրով Ասոյեան:
Հետեւեալ քանի մը տողերը հազիւ թէ կարենան ցոլացնել ամբողջութիւնը Խոսրովին, որուն իմացական կեանքը եղաւ զոհաբերութիւն ընտանիքին, ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին, Հայ Դպրոցին ու հայուն մշակոյթին:
Ծնած էր 1946-ին, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին, Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջանի մը մէջ գտնուող՝ Ամուտա աւանին մէջ: Մանկութեան եւ պատանութեան շրջանը բոլորեց ծննդավայրին մօտակայ Գամիշլի քաղաքին մէջ. Ամուտան եւ Գամիշլին Սուրիոյ այն շէներէն էին, ուր Ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն փրկուած հայեր ապաստան գտան եւ վերականգնեցին իրենց սեփական եւ ազգային, հաւաքական տուները՝ դպրոց, եկեղեցի ու ակումբներ: Խոսրովին հայրն ու անոր քոյրերն ու եղբայրները հրաշքով փրկուած էին Ցեղասպանութենէն, մինչդեռ անոնց հայրն ու մայրը, այսինքն՝ Խոսրովին մեծ հայրն ու մեծ մայրը, այլ հարազատներու հետ, Մալաթիոյ մէջ զոհ գացած էին ոճրագործ թուրքին: Խոսրովը թէեւ Ցեղասպանութիւն չէ տեսած, սակայն մեծ հօր ընտանիքին հասած պատուհասը բառացիօրէն վերապրեցաւ եւ վերապրեցուց իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով:
Նախնական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Գամիշլիի մէջ, ուր փայլուն յաջողութեամբ անցուց պետական պրեւէի քննութիւնը, ապա նուիրուեցաւ ուսուցչութեան: Դաստիարակները պատանի Խոսրովին եւ հասակակիցներուն փոխանցած էին մեր գրականութեան բարձունքները կերտած գրողներուն վառած ջահը եւ խրախուսած՝ անոր բանաստեղծական շնորհքները: Գամիշլին, ըլլալով քրտաբնակ շրջան, Խոսրովն ու հասակակիցները սորված էին նաեւ քրտերէն. իր գրական առաջին փորձերուն շարքին, քրտերէնի թարգմանած է Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը:
Կանուխ երիտասարդութեան, Հալէպէն անցնելով, հասաւ Պէյրութ, ուր լծուեցաւ բազմաճիւղ աշխատանքի: Ընտանիքին ապրուստի հոգերուն մասնակցութեան կողքին, բախեց համալսարանի դուռը, Գամիշլիի մէջ կիսատ մնացած ուսումը ամբողջացնելու նպատակով: Հետեւեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական դասընթացքին եւ վկայուեցաւ արժանաւորապէս: Մինչ այդ, ուսուցչութեան կոչուած էր Պուրճ Համմուտի Նոր Սիս թաղի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ, իսկ երեկոները կը կատարէր երկրորդ գործ մը՝ հաշուապահութիւն, որպէսզի կարենայ որոշ հաւասարակշռութիւն ապահովել ընտանիքի կարիքներուն: Այդ տարիներէն իսկ, իր աշակերտները զինք յարգանքով ու սիրով կոչած են ՊԱՐՈՆ ԽՈՍՐՈՎ: Անոնք գիտէին, որ իրենց ուսուցիչը սովորական «պարոն» մը չէր, այլ բառին ամբողջական իմաստով դաստիարակ մը, որովհետեւ ան, դասարանէն ներս թէ բակին մէջ, զբօսանքի պահերուն, մինչեւ իսկ հեռահաս կերպով իրենց տուներուն մէջ, իրենց փոխանցած էր հայութեան արժէքները, աւանդներն ու մանաւանդ մեր պատմութենէն ու գրական ժառանգութիւններէն իր մէջ կուտակուած գանձերը: Իր աշխատասիրութիւնը գործնական օրինակ էր բոլորին:
Նոյն տարիներուն, այսինքն, Պէյրութի մէջ ուսուցչական ասպարէզ մուտքին զուգահեռ, Խոսրովը ինքնաբուխ կերպով հրապարակ բերաւ իր մէջ նստած բանաստեղծը: Մասնակից եղաւ «Սեւան» թերթի երիտասարդ գրողներու խմբակին, որ համախմբուած էր ծանօթ մտաւորական Սիմոն Սիմոնեանի շուրջ: Կարճ ատեն ետք, 1970-ականներու սկիզբը, միացաւ «Բագին»-ի խմբագրութեան, հոն ալ անդամ դառնալով Պօղոս Սնապեանի շուրջ խմբուած բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու խումբին: Աշխատակցեցաւ «Ազդակ»-ին, աւելի ուշ՝ նաեւ հայկական այլ թերթերու: «Բագին»-ին աշխատակցութեան շրջանին, կատարեց նաեւ թարգմանական աշխատանք, արաբերէնէ թարգմանելով հանրածանօթ գրողներէ ստուար էջեր, սակայն իր մէջ Բանաստեղծը մնաց տիրական եւ իրեն ընկերացաւ կեանքի բոլոր օրերուն, մինչեւ իր վաղահաս մահը:
Այդ տարիներէն սկսեալ, ան լոյս ընծայեց շուրջ տասնեակ մը գիրքեր, որոնց մէջ ան սփռեց իր զգացումներն ու ապրումները: Անձնականէ աւելի, անոր գրիչէն բխեցան հայրենասիրական եւ համամարդկային էջեր: Լիբանանի, Հայաստանի, պաղեստինցի ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան բաժին հանուած տագնապները համակեցին զինք, ու ինք դարձաւ դէպքերու անմիջական արձագանգողը: Մեծ հօր ու մեծ մօր ողբերգութիւնը նախերգանքն էին այն էջերուն, որոնցմէ բխեցան Արցախեան Պայքարին իր բազմաշերտ արձագանգները, մասնաւորաբար իր վերջին հատորներուն մէջ:
Կարելի չէ արագ անցնիլ Խոսրովի ազգային ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն վրայէն: Հիմա, երբ ան մեկնած է եւ զինք յատկանշող անձնուրացութիւնը, գաղտնասիրութիւնն ու համեստութիւնը կարելի է պահ մը շրջանցել, կը յիշենք անոր կեանքին այս երեսները, որոնք մի՛շտ նախընտրեց պահել շուքի մէջ, որովհետեւ համեստ էր եւ հաւատարիմ Դաշնակացական:
Պատանութեան օրերէն իսկ, ան յարեցաւ հայկական միութիւններու. եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, Համազգայինի անդամ ու վարչական, սակայն իր գործին ու վաստակին գլխաւոր դաշտը եղաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն անդամակցեցաւ կանուխ երիտասարդութեան օրերէն: Անդամ էր Պէյրութի «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, ուրկէ՝ Սիմոն Զաւարեանի շունչով ու ոգիով «շրջանաւարտ» ըլլալէ ետք, իր ծառայութիւնները մատուցեց իր բնակավայրի կոմիտէութեանց ճամբով, Նոր Սիսի, Ֆանարի մէջ եւ այլուր:
Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ» կոչուած տարիներու առաջին իսկ օրէն, Խոսրովը զինուորագրուեցաւ հայկական մեր թաղերուն եւ ազգային հաստատութեանց պաշտպանութեան գործին, յաճախ զարմանք պատճառելով ընկերներուն եւ երէց պատասխանատուներուն, որոնք հարց կու տային, թէ գրող-բանաստեղծը ի՞նչ գործ ունի ապահովութեան գործին մէջ: Ան գիտցաւ ո՛չ թէ գրիչի փոխարէն, այլ գրիչի՛ հետ զէնք գրկել, եւ ծառայեց հոն՝ ուր զինք առաջնորդեցին պատասխանատուները, արհամարհելով ամէն տեսակի վտանգ:
1977-ին, ընտանիք կազմեց, կեանքի ընկեր ընտրելով Ռիթա Արթինեանը: Պատերազմի այդ դաժան տարիներուն, դէմքը ժպիտով լուսաւորուեցաւ, երբ աշխարհ եկաւ առջինեկը՝ Տիգրանը:
Կարճ ատեն ետք, ու կամքէն անկախ պատճառներով, հարկադրուեցաւ հրաժեշտ տալու Լիբանանին, հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս: Մօտաւորապէս մէկ տասնամեակ ծառայեց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին մէջ, իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ: Հոն ալ շուտով դարձաւ սիրուած ու յարգանք վայելող ուսուցիչ ու պաշտօնակից, հայկականութիւն բաշխող դաստիարակ: Ուսման ծարաւը անոր քայլերը դարձեալ ուղղեց համալսարան. Նորթրիճի համալսարանին մէջ հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման եւ շահեցաւ վկայական:
Անցաւ ազատ ասպարէզ, միացաւ եղբօրը, անոր արհեստանոցին մէջ, շարունակելու համար ապրուստի կարիքներուն հետապնդումը: Միաժամանակ յանձն առաւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ, եղաւ Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, իր լուման նուիրաբերեց Համազգայինին եւ մշակութային կեանքի այլ դաշտերու: Ս. Նահատակաց եկեղեցին եւս ստացաւ Խոսրովի ծառայութեան լուման, զինք ընտրելով Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ:
Երբ պայթեցաւ Արցախեան Պայքարը, Խոսրովը անտարբեր չմնաց հայրենիքի կանչին: Ունէր ընտանիք, մատղաշ զաւակներ, սակայն հայրենի հողն ալ ուժեղ քաշողականութիւն ունէր իրեն համար: 90-ականներու սկիզբներուն, որոշ ատեն թողուց ընտանիք ու գործ, գնաց Արցախ ու իր կարելին ըրաւ ծառայելու պայքարին ու զայն իրենց ուսերուն կրողներուն: Այդ բոլորը ըրաւ անաղմուկ, հեռու՝ լուսարձակներէ, այնպէս՝ ինչպէս կը թելադրէր դաշնակցականի իր դաստիարակութիւնը, որուն կերտիչներն էին իր ուսուցիչները, կուսակցական վաստակաշատ գործիչ՝ հօրեղբայրը, ապա նաեւ Լիբանանի մէջ զինք գործի կանչած փորձառու եւ հաւատաւոր ընկերները: Արցախը չմոռցաւ Խոսրովին ծառայութիւնները եւ զինք պատուեց յատուկ շքանշանով մը՝ Արցախի «Մայրութեան» ՀԿի «Մայրական երախտագիտութիւն» մետալով, Արցախի ազատութեան պայքարի կատարած յատուկ ծառայութիւնների համար: Խոսրովը զայն ընդունեց համեստաբար եւ անաղմուկ:
Լոս Անճելըս հաստատուելէն ետք, ընտանիքը ունեցաւ նոր անդամներ: Շողերն ու Փաթիլը բազմապատկեցին Տիգրանին ծնունդով Խոսրովին ու Ռիթային դէմքերուն ծաղկած ժպիտը, անոնց հոգածու աչքերուն եւ բազուկներուն տակ հասակ առին եւ դարձան Խոսրովին ու տիկնոջ հպարտութեան համահաւասար աղբիւրները: «Պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար» խօսքը մարմնաւորուեցաւ Խոսրովի ընտանիքին մէջ: Ու երբ վերջին շրջանին սկսաւ տագնապիլ առողջական հարցերով, ան վայելեց տիկնոջ եւ զաւակներուն բոլորանուէր գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը: Ափսոս, որ բժշկութիւնն ու ընտանիքին գուրգուրանքը անկարող մնացին զինք հիւծող պատուհասին դիմաց:
Հայաստանն ու Արցախը իրեն համար անգերազանցելի արժէքներ եւ անգնահատելի աւանդ էին: Արցախի մէջ իր ծառայութեան շրջանէն ետք, ան բազմիցս այցելեց հայրենիք, մնաց հաղորդ՝ ընկերներուն եւ հայրենի իրադարձութիւններուն:
44-օրեայ պատերազմը շատ ծանր ազդեցութիւն ունեցաւ բանաստե՛ղծ Խոսրովի հոգիին վրայ. ոեւէ հաւատարիմ հայու պէս, ան ալ օրը օրին հետեւեցաւ պատերազմին, խոր տրտմութեան մէջ ինկաւ անոր աննպաստ ելքին ու յաջորդած անբարեյոյս զարգացումներուն պատճառով, սակայն ան մերժեց ընկճուիլ: Հակառակ առողջական աննպաստ վիճակին, ան անցեալ Մայիսին ու Հոկտեմբերին կրկին ու կրկին այցելեց Հայաստան եւ Արցախ, հանդիպումներ ունեցաւ ծառայակից ընկերներու հետ, յարգանքի տուրքը մատուցեց նահատակ ընկերներուն, անգամ մը եւս խոնարհեցաւ Ծիծեռնակաբերդի անշէջ կրակին առջեւ, յիշելով իր ընտանիքին ու ազգին բոլոր նահատակները: Գիտէր, թէ ի՛նչ ընթաց ունէր իր առողջական վիճակը. լուռ հրաժեշտ կու տար ընկերներուն ու հայրենիքին:
Սակայն Խոսրովին կեանքի պատմութիւնը հոս չի վերջանար, որովհետեւ ան որոշած է միախառնուիլ հայրենիքին, ա՛յն հաւատքով, որ հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը յաւերժի ճամբորդներ են, ու ինք պիտի ըլլայ այդ ճամբորդներուն մէկ ուղեկիցը:
Յարգանք իր վաստակին, յիշատակը պիտի մնայ բոլորիս հետ:
ՄԵՆԱԿԵԱՑ ՈՒ ԼՈՒՌ
Մենակեաց ու լուռ սուրբի մը նման
ձեռքերդ ծալած կուրծքիդ խաչաձեւ
եւ ականջներուդ թմբուկին վրայ
թնդանօթներու գոռոցը՝ իբրեւ
ալելուիա նոր՝
կը դիտես հեռուն,
գոյներէն անդին,
ուր հսկայ շէնքեր
հին խաւաքարտէ տուփի մը նման
ապակիի խշոցին հետ
կը ճաթռտին:
Մենակեաց ու լուռ շուքի մը նման
ոտքերդ ծալած Եոկայի տեսքով
եւ մագնիսացած աչքերուդ վրայ
ապաստանարանի ժխորը՝ իբրեւ
Գողգոթա տխուր՝
կը դիտես հեռուն,
անցեալէն անդին,
ուր հաւատամքներ
հին երազներու նման վարդագոյն՝
հոգիներու շշունջին հետ
կը մերկացուին:
Մենակեաց ու լուռ երգի մը նման
փէշերդ ծալած գնչուի տեսքով
եւ ստինքներուդ պտուկին վրայ
խոնաւցած օդի ջերմութիւնն՝ իբրեւ
անախորժ տրոփ՝
կը դիտես հեռուն,
ներկայէն անդին,
ուր նոր համբոյրներ
ձմրան չծաղկող արեւու նման
մայրանալու ճամբուն վրայ
կը մահանան:
Մենակեաց ու լուռ որբի մը նման
ժպիտդ ծալած Մատոնայի պէս
եւ շրթունքներուդ կարմիրին վրայ
չբացատրուող հարցական իբրեւ՝
մանկութիւն մը ողջ՝
կը դիտես հեռուն,
ձայներէն անդին,
ուր հարազատներ,
թեւանցուկ ու մերկ ծառերու նման՝
արդարութեան խարոյկին հետ
կը մոխրանան:
Մենակեաց ու լուռ ազգի մը նման
բռունցքդ ծալած Աքիլէսի պէս
եւ մատնութեան զոհ կրունկիդ վրայ
սլաքը մահուան՝ հարուածը իբրեւ
աստուածներու նենգ՝
կը դիտես հեռուն,
դարերէն անդին,
ուր դատապարտներ
ճատրակի անշունչ քարերու նման
մատներու մութ շարժումներով
կը տապալին:
*
* *
Հին լուսնի մը պոչին կռթնած
ու մատները համրելով
ցանկը կազմեց փողոցներու փոսերուն:
Ցուցամատին վրայ կեցաւ,
ճկոյթին տակ գիծ մը քաշեց,
միզեց նեխած աղբերուն մէջ:
Ապա գնաց զինք հալածող
շուքին վրայ նստելու:
Ճմռթկուած բառերու
տրցակ մը նոր խաւարին մէջ թքելով՝
յիշողութիւնը գրպանեց.
բառ մը գծեց
ափին վրայ,
մկրտեց զայն
հայհոյանքով
- զոր շշուկով արտասանեց –
տրցակ մը նոր խաւարին մէջ թքելով՝
ահաբեկուած քաղաքին
յուշատետրը պրպտեց,
որուն այրած էջերուն մէջ,
ոչ երգ մնաց անվրդով,
ոչ բառ մնաց անխռով,
վանկերը սեւեր հագան,
յանգերը կէտեր հագան,
խենթերու պէս ճչացին,
ու մահացան
արցունքով.
Աչքերուն մէջ որբացած
ու երկնքի պատին վրայ,
ուր քաղաքը թաղեցին՝
կոչնակները լռեցին:
* *
* *
* *
ԳԻՆՈՎԻ ՕՐԱՏԵՏՐ
Հաւատալով, որ երգիդ
ընդերքին մէջ տժգունած՝
պիտի բառերդ խոնարհ
մսին յաճախ
ոսպնեակի մը կիզակէտէն խայթուած
ու մերթ դողան,
Հաւատալով, որ էջիդ
կուսութեան մէջ լլկուած՝
պիտի վանկերդ անգոյն
կոտրին յաճախ
որբուկի մը նայուածքներէն հալածուած
ու մերթ մնան,
Հաւատալով, որ երթիդ
օղակին մէջ կորսուած՝
պիտի տողերդ անթոյր
շիջին յաճախ
քաղաքի մը առօրեայէն այցուած
ու մերթ մխան,
Եւ էջերուդ սպասումը սեւազգեստ,
պղնձաձոյլ պարիսպներէն ամպերու
պիտի կախէ
դաշունահար դմաստուերը արեւուն,
Որ Վահագնը ա՛լ չծնի վերստին՝
իր իսկ անցած ճամբուն վրայ դեգերելու խելագար
եւ հիւրաբար զինք ընդունէ պարսից արքան
ու մոգերը փսփսան …
Որ Արտաւազդ կոչուած շղթան չփշրուի՝
իր իսկ ձգած աշխարհին մէջ հռչակուելու դաւաճան
եւ հիւրաբար զինք ընդունէ հայոց արքան
ու սալերը զընգան …
Որ Մհերն իսկ՝ փոքր հսկան, իր քարայրէն դուրս չգայ՝
իր իսկ փրկած մարդոց կողմէ անուանուելու խելագար
եւ հիւրաբար զինք ընդունէ Մսրայ արքան
ու աւազներն խշխշան …
Հաւատալով, որ օրերուդ, էջերուդ՝
սեւ խորհուրդով անսպառ,
պիտի ըլլաս
հոգիներուն մօտ մաքուր,
ու դեռ չկան
անցարգելներ ու ականներ մահաբոյր,
շիջիր, շիջիր, օրատետր,
գիշերային համբերութեամբ,
համբոյրով …
ԳԻՆՈՎԻ ՕՐԱՏԵՏՐ
Ջրաշոգին կը խտանայ
ապակիի թերթին վրայ:
Միլիսներու երթեւեկը կը դանդաղի:
Լռութիւնը կը հասուննայ
ճամբաներու
ու շրթներու
ու աչքերու
բաժակին մէջ.
ու կմախքները ծառերուն
տերեւաթափը կուլ տուած՝
կը պեղեն կամքը հողին
ու կը փթթին
ճամբաներէն
ու շրթներէն
ու աչքերէն հեռու
պտուկները իրենց թարմ
անհունին մէջ արձակելով:
մոմ մը կու լայ՝
խաւարին մէջ նուաղած.
գանկ մը կ’իյնայ՝
գրքի մը բաց էջին վրայ.
ջրաշոգին կը մահանայ
ապակիէ աչքին վրայ.
միլիսներու երթեւեկը կը սառի
ու լերդացած
հեղուկ մը գաղջ
մատներուն մէջ կը հանգչի.
ցախսարիկի մ’առաջին
երգը զուարթ
գիշերին մէջ կը ծաղկի.
լռութիւնը կը հակի
խորտակուած տան դրան վրայ,
ապա կ’երթայ
երկինքի պաղ մերկութեան տակ
բռնաբարուող քաղաքին
հոգեվարքը ունկնդրելու:
ԳԻՆՈՎԻ ՕՐԱՏԵՏՐ
Երթեւեկը կանգ առած է ափիդ մէջ,
երակներուդ, արիւնիդ,
մինչ աւերակ քաղաքի
յոգնութիւնը կը թանձրանայ
մատներուդ մէջ, ջիղերուդ,
կշտամբելով քեզմով քեզ:
Լճացումը կը յօրանջէ տանդ մէջ,
էութեանդ, հոգիիդ,
մինչ մոխրացած դէմքերու
մերկութիւնը կը հասուննայ
կոպերուդ տակ, աչքերուդ,
խարանելով քեզմով քեզ:
Լռութիւնը կը նահանջէ այրելով,
բառերուդ մէջ, երգերուդ,
մինչ ականուած ժամերու
գոյութիւնը կը խտանայ
յուշերուդ մէջ, յոյսերուդ,
սպաննելով քեզմով քեզ:
*
* *
Աչքերուդ մէջ կը մխայ
անդամալոյծ
ներկայութիւնը վաղուան,
մատները ցուրտ կը դողան.
Չփշրուող
հատիկները անձրեւի
մերկ պատերը կը տաշեն.
Զոյգ մը քայլեր անծանօթ
գիշերային
խորութիւնը կ’ակօսեն,
դուռներուն քով խորտակուած.
Շան դիակ մը
աղբակոյտի դէզին մէջ
շղթային հետ կը լուծուի.
Լռութիւնը
կը քանդուի վերստին
կը դառնայ տարր անհաղորդ
Ու կը ձուլուին
սպասումները թախծոտ
էութեան մէջ հոգիի,
մինչեւ որ վաղն ըլլայ,
մինչեւ որ վաղն մեռնի: