ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԿԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՈՒՌ ԵՆ Մ․Ա․Կ․-Ը, ՌՈՒՍԻԱՆ, ԵՒՐՈՊԱՆ ԵՒ ՄԻՒՍՆԵՐԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 38 Second

Յ․ Պալեան

            Մանաւանդ՝ ինչո՞ւ տէր չենք մեր մշակութային ժառանգութեան եւ կը գոհանանք զայն յիշելով, զայն ծառայեցնելով բան չնշանակող սնափառութիւններու:

            Պատերազմը պատերազմ է, նախայարձակումը նախայարձակում է, ուր ալ պատահին անոնք, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց տարողութիւնը: Անոնց լաւը չկայ: Հայաստանի սահմաններուն վրայ ամէն օր տեղի ունեցող նախայարձակումները Ամերիկայի, Եւրոպայի, Չինաստանի եւ բոլորին համար պատասխանատուութիւն են, կամ այդպէս պէտք է որ ընդունուած ըլլային: Ամէն օր զոհեր կան: Զոհերը ըլլան մէկ, տասը, թէ հազար, միշտ զոհեր են: Պատերազմական ոճիր:

            Քաղաքական մտածողութեան եւ արդարութեան ըմբռնումները միթէ՞ կախում ունին երկրի տարածքէն եւ անոր բնակչութեան համրանքէն, հնութենէն, անմիջականութենէն, դրացնութենէն, նաւթէն, կազէն: Այս մասին կը մտածէի երբ յիշեցի, որ մանկութեան օրերուս, կիրակնօրեայ վարժարանի մէջ կրկնելով կը սորվեցնէին աւետարանական խօսքը. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»:

            Հակառակ իրենց ամպագոռգոռ ժողովներուն եւ յայտարարութիւններուն, աշխարհի մեծերը եւ նուազ մեծերը սովորութիւն ունին իրենց շահերու պրիսմակէն դիտելու մարդկութիւնը եւ իրենցմէ դուրս եղող խնդիրները: Այսինքն, մեծ շահերու համար կարելի է անտեսել բարոյական պատասխանատուութիւնները: Արդարութեան եւ իրաւունքի ջատագովները կը պատահի՞ որ յիշեն աւետարանական ուսուցումը:

            Ինչպէ՞ս իրենք իրենց կ’արտօնեն,- ի հարկէ մի՛շտ սկզբունքներ վկայակոչելով,- զօրակցիլ դժբախտութեան մատնուած Ուքրայինային եւ Պիրմանիոյ ռոհինկաներուն, երբ միայն մատներու արանքէն կը դիտեն հայաշխարհ Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ գործուած եւ շարունակուող նախայարձակումները եւ անարդարութիւնները, նոյն այդ անարդարութիւնները գործողներն ալ յանկարծ կը յայտնուին այլ երկինքներու տակ դժբաղդացածներու զօրակցողներու շարքին եւ կը հանդուրժուին:

            Հայաշխարհ Արցախը բռնագրաւման ենթարկած, անոր պատմամշակութային ժառանգութիւնը աւերող Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան յանկարծ իրենք զիրենք կոչած են Ուքրայինայի պաշտպանութեան դերին, հաշտարարի դերին, եւ մեծերը, անոնք ըլլան Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա եւ ուրիշներ, ընդունած են այս դիմակախաղը: Նոյնինքն Ուքրայինան որքա՜ն իմաստուն պիտի ըլլար, եթէ յիշէր Աւետարանի իմաստութիւնը, ինքնիրեն հարց տար, թէ ինչպէ՞ս ուրիշի հայրենիքի բռնագրաւողը իրեն կրնայ զօրակցիլ, ո՞ր բարոյականով եւ ո՞ր սկզբունքով, միթէ՞ այդ ընելով զինք որպէս միջոց չի գործածեր այլ նպատակներու համար:

            Միջազգային համայնքը թուլամորթի անկարողութիւն ցուցաբերեց երբ Արցախ նախայարձակման ենթարկուեցաւ, երբ անոր բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, հիմա նոյն ամլութեամբ կը դիմաւորէ այդ աշխարհի եւ անոր բնակիչներու մշակութային ժառանգութեան աւերումը: Այդ համայնքը սկզբունքային կեցուածք չունեցաւ, քանի որ Հայաստան-Արցախ փոքր էին, նաւթ չունէին, աշխարհը կշտացնելու համար հացահատիկի դաշտեր չունէին: Ինչպէ՞ս չմտածել, որ «շատի եւ ծաւալի հանդէպ հաւատարմութիւն-պաշտպանութիւնը» բարոյական հիմնաւորում չունի, եսասիրական է, շահախնդրութիւն է, քանի որ քիչի եւ փոքրի հանդէպ սկզբունքային բարոյականութեան հաւատարմութիւն չցուցաբերեցին:

            Այսօր, մամուլի վերտառութիւն մը կ’ըսէր, որ «Ուքրայինայի մշակութային ժառանգութիւնը կը քանդուի Փութինի բանակին կողմէ»: Պէտք է պաշտպանել այդ մշակութային ժառանգութիւնը: Ինչո՞ւ կը լռեն, լռեցին, ի՞նչ բանի տուրք տալով, երբ Էրտողան-Ալիեւի բանակները կը քանդեն հայկական յուշարձաննները, տապանաքարերը, եկեղեցիները, կը վերցնեն անոնց գմբէթներու խաչերը: Միթէ՞ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը անպէ՞տք է, անտեսանելի՞, չէ՞ եղած: Ինչո՞ւ այս հակաքաղաքակրթական անգիտացման վատ վերաբերումը:

            Կամ մենք անճարակ ենք եւ չենք յաջողիր ժառանգութիւն պաշտպանելու:

            Հայաստան անդամ է ՄԱԿի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, կը նշանակէ, որ լուսաբանելու եւ պաքարելու բեմ ունի: Ինչո՞ւ կազմակերպուած աշխատանք եւ պայքար չի տանիր, չենք տանիր: Այդ պայքարին մասնակից չենք դարձներ բազմանդամ սփիւռքեան զանգուածները եւ անոնց ներուժը: Աւելի պարզ խօսելով, աւելի կը զբաղինք իշխանութիւն(ներ) խաղալով, զիրար քննադատելով եւ խծբծելով, անկարողութիւն ցուցաբերելով հիմնական խնդիրներու շուրջ մէկ ճակատ կազմելու:

            Ժամանակակից ֆրանսացի յայտնի լրագրող Էտվի Փլէնէլ դիպուկ խօսք ունի այս մասին: Կ’ըսէ. «Չի բաւեր հասարակաց ժառանգութեան մը մասնակից ըլլալ, դեռ հարկ է ապրիլ նոյն աշխարհին մէջ»: Նիւթապաշտ եւ համաշխարհայնացող ընկերութիւնը մեր տեսադաշտէն կը հեռացնէ մեր սեփականը, կը նշանակէ որ կը դադրինք անոր տէր ըլլալէ, զայն պաշտպանելէ: Այս պաշտպանութիւնը շաբաթավերջի զուարճութիւն չէ, ան ազգային անշրջանցելի քաղաքականութիւն է: Այս ըմբռնումով նախ մենք պէտք է իրապէս տէր ըլլանք մեր մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, զայն ապրեցնենք, թարմացնենք, մեր կեանքին մաս դարձնենք, անոնք ըլլան լեզու, գիր գրականութիւն, թէ արուեստներ, անոր պաշտպանութիւնը պէտք է միջազգայնացնել եւ  այդ ուղղութեամբ պայքարիլ ամենուրեք:

            Ինչո՞ւ միայն խօսիլ պատերազմի պատճառով վնասուող Ուքրայինայի մշակութային ժառանգութեան մասին: Ինչո՞ւ լուռ մնացին եւ լուռ կը մնան մշակութային ժառանգութեան պաշտպան մեծեր եւ հաստատութիւններ, երբ այդ աւերը տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ, հիմա տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ:

            Եթէ մենք տիրութիւն չընենք մեր մշակութային ժառանգութեան, չպայքարինք անոր սպառնացող արտաքին ուժերու դէմ, ոչ ոք այդ պայքարը պիտի մղէ մեր փոխարէն, ոչ ոք միջազգային համայնքը եւ արդարութիւնը իրենց պատասխանատուութեան առջեւ պիտի կանգնեցէ: Այս՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

            Եւ քաջաբար, հետեւողականութեամբ պէտք է լսել ֆրանսացի լրագրողին խօսքը, որ «չի բաւեր հասարակաց ժառանգութեան մը մասնակից ըլլալ, դեռ հարկ է ապրիլ նոյն աշխարհին մէջ»:

            Իսկ ի՞նչ է այդ նոյն աշխարհը: Ան ֆիզիքական-նիւթական աշխարհն է, ուր ծնած եւ զարգացած է այդ մշակութային ժառանգութիւնը, ապա անոր տէր եւ զայն իր առօրեային մէջ ապրող ժողովուրդը:

            Իսկ այդ ապրող մշակոյթին տէր ըլլալ կը նշանակէ անով ապրիլ մեր առօրեան, զայն չհամարել գեղօր, կամ շաբաթավերջի ինքնագոհական զուարճութիւն:

            Այս նախ ներազգային քաղաքական պայքար է, որպէսզի արտաքին պայքարը ունենայ կշիռ, բովանդակութիւն եւ որակ:

            Հայ մշակոյթի տիրութիւնը եւ պաշտպանութիւնը մեր անցեալէն ժառանգուած որակով, անոր մէջ այսօրուան մեր ներկայութեան որակով եւ յանձնառութեամբ կ’իմաստաւորուին եւ կը յաջողին:

            Ինչո՞ւ այսօր իրաւացիօրէն կ’ափսոսան ուքրայինիական մշակոյթի կրած աւերներուն համար:

            Ինչո՞ւ այդ բարձրագոչ ափսոսանքը չլսուիր հայաշխարհ Արցախի մշակութային աւերներու պարագային:

            Ա՛յս ինքզինք դատապարտող արդարութեան արտայայտութիւն է:

            Եւ պատասխանատուութեան կոչ հայերուն համար, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, անոնք պէտք չէ թաքնուին, ինչպէս կ’ըսուի՝ մեղմացուցիչ դէպք յանցանացի դատարկաբանութիւններու ետին:

            Յանցանք է լուռ եւ ձեռնածալ մնալ միջազգային համայնքին համար: Նոյնքան յանցանք՝ հայերուն, ուր ալ գտնուին անոնք:

            Իսկ այդ յանցանքի ամբաստանութիւնը ամենօրեայ պարտք է:

            Աշխարհի մեծերուն եւ փոքրերուն, մեր բարեկամներուն՝ եթէ կան այդպիսիներ, պէտք է կրկնել աւետարանական խօսքը, որպէսզի դիմակները վար առնուին. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ»:

            Լռողները հայելիին մէջ պէտք է դիտեն իրենք զիրենք: Առաջին քայլը՝ ինքնաճանաչման, ճշմարտութեան եւ արդարութեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles