ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՌՔ՝ ՏՈՆՊԱՍԷՆ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

Հայրենիք – Պոսթըն
Խմբագրական

Օրականէ աւելի, ռազմաքաղաքական բեմը ժամական արագութեամբ նոր զարգացումներ կը հրամցնէ, իբրեւ նորագոյն կիզակէտ ունենալով արեւելեան Եւրոպան, իսկ իբրեւ առանցք՝ Ուքրայինան:
Շաբաթներէ ի վեր, Ուքրայինայի կացութիւնը պայթուցիկ էր. նորագոյն սաստկացումը ի յայտ եկաւ 22 Փետրուարին, երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրեց Ուքրայինայի արեւելեան Տոնպաս շրջանի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն` Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները: Պատահածը անակնկալ չէր. տագնապին վերարծարծումէն ի վեր, շշուկներ շրջան կ’ընէին, թէ այս շրջանը պիտի հետեւի… Խրիմի օրինակին:
Տոնպասի սահմանին մօտակայ գօտիին մէջ հաստատուած ռուսական ուժերը մերթ զօրաշարժի ենթարկելով, մերթ հեռացնելով, Փութին երկմտանքի մատնած էր Արեւմուտքը: Թնճուկը այսքանով չաւարտեցաւ: Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն ղեկավարներուն հետ, Փութին, հապճեպ դասաւորումով մը, կնքեց բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրներ: Յաջորդ դէպքերը հանելուկ չէին:
24 ժամ չանցած, Ռուսիոյ խորհրդարանը վաւերացուց այս երկու հանրապետութիւններուն անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները եւ, բնականաբար Փութինի հրահանգով, ռուսական զօրքը շարժեցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի (բաւական մըն ալ աւելի) գօտիներէն ներս, «ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ խաղաղութիւն ապահովելու» առաքելութեամբ: Արեւմուտքի հակազդեցութիւնն ալ աւելի շեշտակի դարձաւ, Ռուսիոյ ուղղուած տնտեսական պատժամիջոցներու սպառնալիքներով:
Տոնպասեան զարգացումներու կողքին, գերզբաղ Փութին 22 Փետրուարին տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ժամեր տեւած տեսակցութեան աւարտին, ստորագրուեցաւ համագործակցութեան հռչակագիր մը, հաստատելով, թէ կողմերը կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պարտաւոր են չմիջամտել իրարու ներքին գործերուն:
Պղտոր է եւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ վերջին հաստատումը: Յստակ չէ, թէ «ներքին գործեր»-ը ի՞նչ կ՛ընդգրկեն: Աւելի՛ն. Ալիեւի պնդումով, ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, թէ երկու երկիրները կրնան ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել իրարու, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար:
Այս համաձայնագրէն շատ աւելի ամբողջական է տարիներ առաջ ստորագրուած Ռուսիա-Հայաստան դաշինքը: Հանելուկային է այն, որ Ատրպէյճան-Հայաստան առճակատումի մը պարագային, ի՞նչպէս պիտի կիրարկուի այս համաձայնութիւնը: Երկու երկիրները նոյնչափ օժանդակութի՞ւն պիտի ստանան Ռուսիայէն…:
Առայժմ, նմանօրինակ ճակատումի մը մասին խօսիլը անտեղի եւ աներեւակայելի է, մանաւանդ, երբ նկատի ունենանք որ Փութին-Ալիեւ տեսակցութեան օրն իսկ, 22 Փետրուարին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մերձակայ մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոնեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովը, որուն մասնակցեցան Ատրպէյճանի խորհրդարանէն երկու անդամներ եւ անոնց ապահովութեան համար ամէն միջոց ի գործ դրուած էր: Երեւանի սրտին վրայ, ազերի ներկայացուցիչները՝ Թահիր Միրքիշլի եւ Սուլթան Մահմետով, առանց բառերը ծամծմելու եւ յանդուգն կերպով բազմիցս կրկնեցին, թէ արցախեան հիմնահարց գոյութիւն չունի այլեւս եւ լուծուած կը համարուի: Հայաստանի իշխանութեան պատուիրակներուն պատասխանը վճռակամ ու կտրուկ չէր, իսկ ընդդիմադիրներու հակազդեցութիւնը նոյն կշիռը չունեցաւ: Պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ օր մը առաջ, ՔՊ-ականները մերժած էին որդեգրել օրէնքի նախագիծ մը, որ ներկայացուած էր ընդդիմադիրներուն կողմէ եւ կ’առաջադրէր դատապարտել Թուրքիա-Ատրպէյճան Շուշիի համաձայնագիրը. յայտնապէս միայն իշխանաւորներուն համար անորոշ են նման համաձայնագիրէ մը բխող վտանգներն ու սպառնալիքները, կամ ալ մեր ժողովուրդը նոր ապացոյց մը կ’ունենայ, թէ Երեւանի իշխանաւորները որքա՛ն «թրքահպատակ» դարձած են եւ չեն ուզեր նեղացնել թուրք ու ազերի եղբայրները:
Ժողովասրահին առջեւ, երբ ցուցարարներ իրենց ցասումը կը յայտնէին, անխնայ էին ապահովութեան ուժերը. անոնք արդեօք նոյն խիզախութեամբ պիտի կռուէի՞ն 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, եթէ ճակատ գործուղուէին: Հաւանաբար ոչ, որովհետեւ իրենց «հրամանատարն» ու գործակից խմբակը հիմա հրապարակ ելած են «խաղաղութեան էջը պիտի բանանք»ի (ինքնա)խաբէութեամբ, ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ ալ կը ցանկան, որ մեր ժողովուրդը տեսնէ, թէ Ատրպէյճան օր աւուր ոճրային ինչպիսի՛ արարքներով եւ սպառնալիքներով կ’ընդառաջէ կոյր ու շիլ խաղաղասիրութեան մը տուայտանքներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles