Երեւանի Մէջ.- Հ.Յ.Դ. 131-ամեակի Հանդիսութիւն

0 0
Read Time:13 Minute, 55 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, Փետրուար 5-ին «Դուին» համալիրւբ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Ներկայ էին Հ.Հ. երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, Արցախի նախագահներ` Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, Հայաստանի նախկին վարչապետներ՝ Վազգէն Մանուկեանը, Հրանդ Բագրատեանը, Խոսրով Յարութիւնեանը, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր` «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը եւ արտախորհրդարանական այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութիւնը մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հ.Յ.Դ. քայլերգներով:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ պատերազնին զոհուած հայորդիներու յիշատակը:

 

Ելոյթներով հանդէս եկան` Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեանը, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանը, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հ.Հ. Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Առաջին հերթին, հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ անդրադարձաւ Հ․Յ․Դ․ 131-ամեայ պատմութեան` նշելով, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը անկարելի է տարանջատել հայ ժողովուրդի պատմութենէն` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան` ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:
Սաղաթէլեան շեշտեց, թէ «Պայքարը կը շարունակուի արդէն 131 տարի: Կը փոխուին ժամանակները, կը փոխուին պայքարի ձեւերն ու մեթոտները, կը փոխուին մարտահրաւէրներն ու թիրախները, բայց ոչ` պայքարի գլխաւոր նպատակը: Երէկ, այսօր եւ վաղը Դաշնակցութիւնը եղած է, կայ եւ պիտի մնայ այն ուժը, որ հաւատարիմ է հողին ու հայուն: Դաշնակցութիւնը անցեալ ունեցող, ներկայով ապրող եւ ապագայի տեսլականով կազմակերպութիւն է: Մի՛շտ կենսունակ կազմակերպութիւն»:
Անդրադառնալով ժողովուրդի սպասումներուն եւ Հայաստանի ներքին վիճակին` Սաղաթէլեան ըսաւ թէ, Հ․Յ․ Դաշնակցութենէն մեր ժողովուրդին սպասումները միշտ մեծ եղած են, բայց տուած քուէն` ոչ բաւարար: «Մենք, յանուն քուէի, երբեք ամբոխավարութեամբ չենք զբաղած, միշտ ցոյց տուած ենք իրական զարգացման ճամբան, որ եղած է բարդ եւ դժուարանցանելի», աւելցնելով. «Մենք մեր կուսակցութեան 131 տարիներու, մեր կենսագրութեան իւրաքանչիւր օրուան, իւրաքանչիւր քայլի եւ որոշման համար հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին: Մենք սխալներ ունեցած ենք, չեն սխալիր ոչինչ ընողները, բայց մենք զմեզ ու մեր գաղափարներուն, մեր համոզումներուն, մեր նպատակներուն երբեք չենք դաւաճանած», աւելցուց ան նշելով, որ ստեղծուած իրավիճակէն ելքը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ համազգային դիմադրութիւն ձեւաւորելն է: Դիմադրութիւն, որ պէտք է համահայկական միասնութեամբ վիժեցնէ Հայաստանի թրքացման եւ Արցախի հայաթափման` արդէն իսկ գործի դրուած ծրագիրը:

 

 

Ձեռնարկի երկրորդ բանախօսը Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանն էր, որ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի նորանկախ պատմութեան վերջին 30 տարիներուն, յայտնեց, թէ «Վերջին 30 տարիներուն կը պայքարէին գաղափարական 2 ուղղութիւններ. մէկը` Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան վրայ հիմնուած հզօր Հայաստանի կերտումն է, միւս ուղղութիւնը` Հայաստանի հրաժարումն է Ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն, Արցախի դատէն, ազգային ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը ընդգծող շեշտուած քայլերէ: Միւս ուղղութեան կողմնակիցները կ՛երազէին ունենալ բաց սահմաններ եւ ճամբաներ, ենթադրեալ տնտեսական կարելիութիւններ եւ անոնց միջոցով բարեկեցութիւն ապահովելու ակնկալիքներ: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ 9 նոյեմբերի խայտառակ համաձայնագիրը միայն սկիզբ դրաւ մեր ազգի շարունակական պարտութիւններուն»:
Մոսիեան աւելցուց, որ պէտք է սթափիլ եւ օր առաջ կանգնեցնել այս պարտութիւններու շղթան, մէկ կողմ ձգել մէկս միւսին մեղադրելու եւ անձնական հաշիւներով առաջնորդուելու արատաւոր երեւոյթները եւ ձեւաւորել համազգային հուժկու շարժում, որոնց մէջ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներու այն բոլոր ներկայացուցիչները, որոնք պիտի պայքարին Հայաստանի թրքացումը եւ Արցախի հայաթափումը կանխելու համար:
Ելոյթ ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, որ իր կարգին յայտնեց, թէ հայկական բանակի գոյութիւնը անիրականանալի երազանք էր Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ ջարդուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար: Հեռաւոր երազանք էր նաեւ Արցախ մեկնած առաջին կամաւորներուն համար: Սակայն երկար մաքառումէ, բազմաթիւ զոհողութիւններէ ետք մենք կրցանք իրագործել մեր ազգային երազանքին մէկ մասը` ստեղծել մեր պետութիւնը, ազատագրել մեր հայրենիքի մէկ հատուածը: Բայց մեր երազանքներուն մէկ մասը մեզմէ խլեցին, իսկ միւս մասը խլելու համար պայքարը տակաւին կը շարունակուի:
Վարդանեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Կուսակցութեան հիմնումէն մինչեւ պետականութեան վերականգնում, «Նեմեսիս» գործողութեան իրագործումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքար եւ արցախեան պատերազմներ` իմ կուսակցութեանս պատմութիւնը չհամակերպուող, ինկող, բայց ոտքի կանգնիլ կրցող, սեփական առաքելութեան հաւատացող երիտասարդներու պատմութիւնն է: Մեր կուսակցութեան պատմութիւնը երազանքի եւ արժանապատուութեան համար պայքարի պատմութիւնն է»:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, Սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն, ներկայի նորագոյն մարտահրաւէրներուն, հայրենիքի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած Հայաստանի իշխանութիւններուն, Հայաստանի իշխանութիւններու կամակատար դարձած Արցախի իշխանութիւններուն եւ շարք մը այլ հարցերու: Ան ըսաւ, թէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն փորձեց իրագործել իր համահայկական ու հայրենի նախաձեռնութիւններուն մեծամասնութիւնը 2021-ի ընթացքին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, թէ «Հ․Յ․Դ․-ի համար Արցախը եղած է եւ կը մնայ առանցքային խնդիր եւ մշտական ուշադրութեան առարկայ: Հակառակ պատերազմի կորուստի կապակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութեան ալ ունեցած պատասխանատուութեան, 2021-ի ընթացքին աշխատեցանք Արցախին խնայել նորանոր ցնցումներ եւ կեդրոնացանք վերականգնումի աշխատանքներուն վրայ։ Ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու ազգային գաղափարախօսութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու ալ` պատրաստ: Իսկ Արցախի իշխանութիւնն ալ դարձուցած են կամակատար, այսպիսով նսեմացնելով Արցախի ինքնիշխանութեան մակարդակը: Բարեբախտաբար Արցախի մէջ կան նաեւ ազգային եւ ինքնորոյն ոյժեր, որոնք ամուր կանգնած են պատնէշի վրայ եւ կը սատարեն Արցախի իրաւունքներու աներեր հետապնդման»:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչը թուեց Հայ դատին ուղղութեամբ արձանագրուած կարեւոր նուաճումները: Ապա կեդրոնացաւ Սփիիւռքի վրայ եւ հիմնականօրէն նշեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու համար կազմակերպուած հանգանակութիւնները, համահայկական խորհրդաժողով կազմակերպելու առաջարկի ձեւաւորումը եւ սփիւռքի մէջ նոր պառակտումներ եւ հակակշիռներ ստեղծելու Հայաստանի իշխանութեան քայլերուն Հ․Յ․Դ․-ի ընդդիմութիւնը:
Աւարտին, ան եզրակացուց․- «Սիրելիներ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային ընտանիքը պատրաստ է իր բաժինը բերելու որպէսզի կերտուի արդար եւ իսկապէս ժողովրդավար Հայաստան, հզօր բանակ եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած պետութիւն՝ համահայկական օրակարգի եւ ազգային պահանջատիրութեան տեսլականով: Պատրաստ ենք անվհատ աշխատելու նաեւ, որ ողջ հայութիւնը տէր կանգնի Արցախին, վերականգնէ անոր սահմանները, գօտեպնդէ իր հողերուն կառչած ժողովուրդը եւ ամրապնդէ անոր ազգային արժանապատուութիւնը:
Մենք փակած ենք 2020-ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան ու արիութեան վերադրսեւորումներուն:
Այսօր՝ սփիւռք եւ հայրենիք, միաձուլուած, պիտի փարին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, եւ անխնայ պիտի պայքարին թրքա-ատրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ աղէտներէ ետք կերտած` մեծ յաղթանակներ:
Եւ այդ յաղթանակները մեր առջեւն են, որովհետեւ վստահ ենք, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, մենք ազգովին պիտի կերտենք նոր արշալոյս, համախոհութեամբ ճշդելով համահայկական օրակարգ որ կարողանայ համախմբել ողջ հայութիւնը»:
Ելոյթները ընդմիջուեցան փաստավաւերագրական ժապաւէնով, որուն ընդմէջէն ներկայացուած էին Հ․Յ․Դ․-ի անցեալի ճամբան ու պայքարի փուլերը: Կատարուեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն եւ հնչեցին հայրենասիրական երգեր:

 

Ստորեւ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը.-

Մեծայարգ հիւրեր, սիրելի հայրենակիցներ եւ ընկերներ,

Հ.Յ.Դ. Օրը աշխարհով մէկ կը նշուի որպէս կազմակերպութեանս կողմէ հայրենի ժողովուրդի եւ Սփիւռքի հայութեան ներկայացուող հաշուետուութեան պահ եւ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները փոխանցելու առիթ:

Այսօր համահայկական առումով քաղաքական, պետականակերտ եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող գլխաւոր կազմակերպութիւնն է Հ.Յ.Դ.-ն որ կը գործէ ամենուրէք ուր հայ կայ՝ ծառայելով Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքներուն, սատարելով ընկերային արդարութեան հաստատման եւ աննահանջ առաջ մղելով հայ դատի աշխատանքներու թափը: Այս բոլորը կը կարողանանք իրագործել շնորհիւ մեր շարքերու եւ համակիրներու գաղափարապաշտ հիմքին, նպատակասլաց տեսլականի հանդէպ հաւատքին, մարտունակ ոգիին, անսակարկ նուիրումին, կուռ կարգապահութեան եւ ծառայելու անշահախնդիր պատրաստակամութեան:

2021-ը ծանր տարի էր հայութեան համար: 2020-ի Արցախեան պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` բնականաբար նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին՝ տրամադրելով մարդոյժ Հ.Յ.Դ. պահեստազօրի ճամբով, ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային հայանպաստ զօրաշարժ, յայտարարելով քարոզչական պատերազմ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շղթայազերծած քարոզչական գրոհին եւ կարեւոր նպաստ բերելով հանգանակութեան որ արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն:

Կասկած չկար, որ համահայկական այս միասնութիւնը, ազգովին բռնցքուիլը անհրաժեշտ էին պատերազմի ընթացքին: Բայց պատերազմի աղիտալի արդիւնքը ցնցեց բոլորս: Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններուն շղարշը պատրեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ:

Ազգային նուաստացումի առաջնորդած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի պատասխանատուութիւնը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ ընդունեց պարտուողական պայմանները, որոնք այսօր ալ կը դրսեւորուին նորանոր միակողմանի զիջումներու արկածախնդրութեան պիտակով:

Ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու ազգային գաղափարախօսութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու ալ` պատրաստ: Իսկ Արցախի իշխանութիւնն ալ դարձուցած են կամակատար, այսպիսով նսեմացնելով Արցախի ինքնիշխանութեան մակարդակը: Բարեբախտաբար Արցախի մէջ կան նաեւ ազգային եւ ինքնորոյն ոյժեր, որոնք ամուր կանգնած են պատնէշի վրայ եւ կը սատարեն Արցախի իրաւունքներու աներեր հետապնդման:

Առաւել՝ Հ.Հ. իշխանութիւնները անխնայ կը հրահրեն ներազգային բաժանումները իրենց պառակտիչ կոչերով եւ նախաձեռնութիւններով, քանդումի «Բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւն որդեգրելով նաեւ Սփիւռքի նկատմամբ … մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուր միասնականութիւնը:

Հակառակ այս ծանր մթնոլորտին, Հայաստան-Սփիւռք լուրջ յարաբերութիւններու չգոյութեան, Հ.Հ. եւ Արցախի իշխանութեան մօտ համահայկական տեսլականի բացակայութեան, ինչպէս նաեւ թագավարակի գործած եւ շարունակուող աւերներուն, Հ.Յ.Դ. Բիւրօն փորձեց իրագործել իր համահայկական ու հայրենի նախաձեռնութիւններու մեծամասնութիւնը 2021ի ընթացքին:

Այսպէս՝

Ա) Հայաստանի եւ Արցախի կապակցութեամբ՝

Տարին յատկանշուեցաւ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան կողմէ տարուած ջանքերով՝ Հ.Հ. իշխանութեան աղիտալի քաղաքականութեան դէմ ընդդիմութիւն ձեւաւորելու, ժողովրդային ցոյցեր խթանելու, երիտասարդական դիմադրութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային Ժողովի եւ ՏԻՄի ընտրութիւններու աշխոյժ մասնակցութեամբ:

Հ.Յ.Դ.-ի համար Արցախը եղած է եւ կը մնայ առանցքային խնդիր եւ մշտական ուշադրութեան առարկայ։ Հակառակ պատերազմի կորուստի կապակցութեամբ ԱՀ իշխանութեան ալ ունեցած պատասխանատուութեան, 2021-ի ընթացքին աշխատեցանք Արցախին խնայել նորանոր ցնցումներ եւ կեդրոնացանք վերականգնումի աշխատանքներուն վրայ: Առաւել՝ Հ.Յ.Դ. աշխարհասփիւռ ընտանիքը՝ իր հայ դատի կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով, երիտասարդական միաւորներով եւ համակիր շրջանակով, յաւելեալ թափով լծուեցաւ Արցախի դատը հետապնդելու եւ Արցախը վերականգնելու գործին:

Տարուան ընթացքին մշակուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. քաղաքականութիւնը երեք հիմնական հարցերու նկատմամբ

Առաջինը՝ Ատրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քաշուող հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը` Արցախի հիմնախնդրին հետ: Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Հ.Հ. իշխանութեան զգուշացուցած էր, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան խնդրին, որմով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: Հ.Յ.Դ.-ի համար 2020-ի աղէտը ճակատամարտի մը կորուստն է միայն եւ պատերազմը, բոլոր ճակատներով եւ դրսեւորումներով, դեռ կը շարունակուի անկայուն հրադադարի մը քօղին տակ:

Երկրորդը՝ վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք ունեցած ենք տխուր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներու ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ կարգավորել այդ յարաբերութիւնները:

Այն օրերուն մենք յայտարարեցինք, այսօր ալ նոյն կեցուածքը ունինք, որ մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, մինչեւ այն ատեն, որ մենք վար չենք դներ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները, մինչեւ այն ատեն որ չենք արտօներ, որ թրքական տնտեսութիւնը եւ ճնշումները ամբողջովին ողողեն Հայաստանը, եւ որ այդ յարաբերութիւնները չեն մշակուիր պարտադրանքի տակ: Այսօր սակայն մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլեւ այսպէս կոչուած «միջանցքի» բացումն ալ հիմա աւելցուցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում:

Իսկ երրորդը Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնն է. մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է եւ որ ան ՀՀ սահմաններու իսկ պաշտպանութեան առաջին գիծն է: Մեր թշնամիներու ախորժակները այսօր բորբոքած են Արցախի նկատմամբ իրենց ունեցած «յաջողութիւններու» բերումով եւ Ազրպէյճան ու Թուրքիա սկսած են թիրախաւորել նաեւ Հայաստանի տարածքը, նամանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը:

Բ) Հայ Դատի ուղղութեամբ արձանագրուեցան կարեւոր նուաճումներ, որոնց կարգին.-

• Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող Ամերիկեան կոնգրեսի զոյգ պալատի որոշումներէն ետք Նախագահ Բայդենի պատմական յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանին տրամադրուող ռազմական աջակցությունը դադարեցնելու գծով տարուող աշխատանքը.

• Ֆրանսայի Ծերակոյտի կառավարութեան ուղղուած կոչը ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը.

• Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի Արցախի հարցով բարենպաստ որոշումը.

• Եւրոխորհրդարանի որոշումները եւ կոչերը ռազմագերիներու, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, ՀՀ սահմանի նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ Արցախի հիմնախնդրի հարցերով.

• Արցախի կարգավիճակի շարունակական արծարծումը շրջանային եւ միջազգային զանազան ատեաններէ ներս.

• Մեր ստեղծած Հայ Իրաւանց Հիմնարկի տարած աշխատանքները գերիներու վերադարձի եւ Արցախի պատերազմի ընթացքին մեր թշնամիներուն գործած պատերազմական յանցագործութիւններու կապակցութեամբ.

• Սեւրի դաշնագրի նուիրուած առցանց եւ վաւերագրական ժապաւէններու նախաձեռնութիւնները.

• Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու ադրբեջանական ոտնձգութիւնները դադրեցնելու և զայն դատապարտելու արշաւը.

• Արցախի մէջ Հայ դատի գրասենեակի հաստատումը.

• Գիտութիւններու ազգային աակադեմիայի հետ անցեալ հոկտեմբերին կազմակերպուած Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագրերու նուիրուած միջազգային գիտաժողովը.

• Նոյեմբեր 29-էն դեկտեմբեր 3 Երեւանի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ գումարուած մեր համաշխարհային ցանցի Հայ Դատի խորհրդաժողովը:

Գ) Սփիւռքի պարագային, հիմնական նախաձեռնութիւններն էին՝

• Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու համար կազմակերպուած հանգանակութիւնները.
• Սփիւռքին նոր աւիշ եւ կենսունակութիւն ներարկելու համար համահայկական խորհրդաժողով կազմակերպելու առաջարկի ձեւաւորումը եւ նախնական խորհրդակցութիւնները երկու կաթողիկոսներուն, հայ ազգային կուսակցութիւններու եւ ՀԲԸՄի հետ, որոնք կարելի չեղաւ եզրակացնել թագավարակի առթած ճգնաժամին պատճառով: Կը յուսանք, որ այս համահայկական նախաձեռնութիւնը կ’իրականանայ 2022ի ընթացքին:
• Հաղորդակցութեան եւ քարոզչական արդիականացման միտող քայլերու ձեռնարկում. հարց մր ,որմով զբաղեցաւ նաեւ անցեալ հոկտեմբերին գումարուած Հ.Յ.Դ. մամլոյ խորհրդաժողովը:
• Սփիւռքի մէջ նոր պառակտումներ եւ հակակշիռներ ստեղծելու Հ.Հ. իշխանութեան քայլերուն մեր ընդդիմութիւնը. ցաւով ականատեսն ենք, որ Հայաստանի ներքին պառակտումը կը փորձուի տարածել նաեւ Սփիւռքի մէջ, աւելի խթանելով հայրենիքէն օտարելու եւ առհասարակ օտարուելու վտանգաւոր մտայնութիւնը:

Վերոյիշեալ վերլուծումներն ու 2021-ի նախաձեռնութիւնները մեզ կ’առաջնորդեն մեր այսօրուան կարեւորագոյն դիրքորոշումներուն եւ ընելիքներուն՝

• Հայաստանի մէջ պարտինք ընդլայնել դիմադրութեան շարժումը, որպէսզի բարձրանայ վերանորոգ բողոքի եւ ներկան մերժելու անհրաժեշտութեան ալիք. հայրենի ժողովուրդի դժգոհութեան դրսեւորումներուն արդէն միացած են Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը: Պարտինք անդրադառնալ եւ համոզել ժողովուրդը, որ օրուա իշխանութիւնները շեղած են 2018-ին իրենց իսկ քարոզած սկզբունքներէն ու բարեկարգումի խոստումներէն. պայքարը փտախտի ու պետական շարաշահումներու դէմ, ընկերային, տնտեսական իրավիճակներու արմատական բարեփոխումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ ընդլայնումը, ընտրութիւններու ընթացքին լծակներու օգտագործման բացառումը, դատական արդար եւ անկախ համակարգի ստեղծումը եւ անձնական կապերու չարաշահումի վերացումը լոկ լոզունքային, ամբոխավարական դրսեւորումներ էին. Դժբախտաբար, Հայաստանը այսօր դարձած է մենիշխանական ամբողջատիրութիւն, ուր իշխող ընտրեալները կ’օգտուին իշխանութեան ընձեռած հնարաւորութիւններէն ու պարգեւներէն, իսկ ընկերային եւ տնտեսական ցուցանիշները աւելի կը վատթարանան. միաժամանակ՝ հալածանքը քաղաքական ընդդիմութեան դէմ, իրենց հակակշռէն դուրս գտնուող դատաւորներուն եւ արդարադատութեան համակարգի դէմ, բանակի սպաներու եւ արտգործնախարարութեան ազգային մտածողութիւն ունեցող դիւանագէտներու դէմ հասած է ճգնաժամային մակարդակի:

• Որպէս հայկական արեւելումի ջատագով կազմակերպութիւն, հՀամոզումով պիտի սատարենք Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան ամրապնդման. որովհետեւ անկախ պետականութիւնը Հ.Յ.Դ.-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ազատ, անկաշկանդ ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:
• Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ, եւ ինչպէս նշեցինք արդէն, սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացքին մէջ պիտի չարտօնենք որ զոհուի անոր ապագան: Մենք աշխատելու ենք, որպէսզի վերականգնի Մինսքի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որպէսզի շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ որպէսզի բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասէն ներս որեւէ ձեւաչափով: Արցախահայութիւնը, թէեւ վիրաւոր, իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ վերադարձը բացառելու գործին է լծուած: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր հոսանքները եւ խորհրդարանական ուժերը, որպէսզի ԱՀ-ի վճռակամութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները նոր իշխանութեան առաջնորդութեանբ:
• Ամէն գնով պարտինք հզօրացնել հայոց բանակը եւ զայն վերստին դարձնել համահայկական հոգածութեան առարկայ եւ հպարտութեան աղբիւր:
• Վերականգնել ազդեցիկ եւ արհեստավարժ արտգործնախարարութիւնը. արտաքին քաղաքականության մեջ հիմնական կողմնորոշումներէն նահանջն ու պատեհապաշտ պահուածքը հանգեցուցած են Հայաստանի վարկի անկման եւ անվստահութեան՝ այն աստիճան, որ հայրենի ճակատագրի հետ կապուած որոշումներու հարցով Հայաստանի տեսակէտները կամ չեն շրջանառուիր կամ ալ ծանրակշիռ փաստարկներ չեն, քաղաքական-դիւանագիտական սեղաններու շուրջ։
• Հետապնդել որ բարելաւուին եւ նոր մակարդակի բարձրացուին հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները. բացառել թրքական միջամտութիւնները եւ զարկ տալ Արցախի հարցով Մինսկի խումբի համանախագահներով տարուող բանակցութիւններու աշխուժացման:
• Կասեցնել ապազգային քարոզչութիւնը եւ ընդհակառակն՝ նորահաս սերունդներուն մօտ ամրապնդել հայ լեզուի, պատմութեան, արժէքներու եւ մշակոյթի գիտելիքները, հայ դատի հետապնդման անհրաժեշտութիւնը եւ հայրենասիրութեան խոր զգացումը:
• Հետապնդել, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները չըլլան ի վնաս Հայաստանին եւ Արցախի հիմնախնդրին. ամրապնդել Սիւնիքը եւ պայքարիլ Ազրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքի ստեղծման ատրպէճանաթրքական պատկերացումներուն դէմ:
• Սփիւռքին նոր աւիշ եւ կենսունակութիւն ներարկելու համար դիմել համահայկական նախաձեռնութիւններու: Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն հաղորդել նոր թափ, որովհետեւ յանձնառու Սփիւռքը նաեւ գրաւականն է հզօր հայրենիքի: Եւ մենք համոզուած ենք, որ չկայ Սփիւռքի օրակարգ առանց Հայաստանի ու Արցախի եւ հակառակը:
• Հնարաւոր բոլոր միջոցներով շարունակել հասնիլ քաղաքական ու տնտեսական մեծ տագնապներ դիմագրաւող մեր գաղութներու կարիքներուն:
• Շարունակել ներգրաւել երիտասարդութիւնը՝ իր խօսքը, կշիռը եւ գործօն մասնակցութիւնը ունենալու ազգային ու հայրենի հարցերու պարագային:

Սիրելիներ,

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային ընտանիքը պատրաստ է իր բաժինը բերելու որպէսզի կերտուի արդար եւ իսկապէս ժողովրդավար Հայաստան, հզօր բանակ եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած պետութիւն՝ համահայկական օրակարգի եւ ազգային պահանջատիրութեան տեսլականով: Պատրաստ ենք անվհատ աշխատելու նաեւ, որ ողջ հայութիւնը տէր կանգնի Արցախին, վերականգնէ անոր սահմանները, գօտեպնդէ իր հողերուն կառչած ժողովուրդը եւ ամրապնդէ անոր ազգային արժանապատուութիւնը:

Մենք փակած ենք 2020-ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան ու արիութեան վերադրսեւորումներուն:

Այսօր՝ սփիւռք եւ հայրենիք, միաձուլուած, պիտի փարին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, եւ անխնայ պիտի պայքարին թրքա-ատրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ աղէտներէ ետք կերտած` մեծ յաղթանակներ:

Եւ այդ յաղթանակները մեր առջեւն են, որովհետեւ վստահ ենք, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, մենք ազգովին պիտի կերտենք նոր արշալոյս, համախոհութեամբ ճշդելով համահայկական օրակարգ որ կարողանայ համախմբել ողջ հայութիւնը:

Շնորհակալութիւն։

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles