«ԱՆԹԱԼԻՈՅ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ»-ԻՆ ԹԱԿԱՐԴԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 16 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն

Խմբագրական 

Նորելուկ համախմբում մըն է «Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»ը (Antalya Diplomacy Forum), կամ, պահելու համար նախաձեռնողին լեզուական կնիքը՝ Antalya Diplomasi Forumu։

Քաղաքական աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահողին համար, յստակ է, թէ հաւանաբար քանի մը օրերու վրայ երկարելիք այս համախմբումը սուլթանամէտ Էրտողանի ձեւած-կարած աշխարհաքաղաքական կառոյցին մէկ շառաւիղն է։

Իւրայատուկ եւ ճարպիկ մօտեցում է լոպիինկի այս բնագաւառը աւելի եւս ընդլայնելն ու, համաշխարհայնացման ներկայ ընթացքին հետ քայլ պահելով, նմանօրինակ ոչ-կառավարական կազմակերպութեան մը ծածկոյթին տակ «ներդրումներ» կատարելը։ Գործելակերպ մը, որուն մէջ կը թուի մասնագիտացած ըլլալ Էրտողանի քարոզչական մեքենան։ Պարզ խօսքով, հոն վարպետ կատու մը կայ, որ մուկ որսալու ելած է…

«Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբում»-ը բարձրաստիճան մասնագէտներու հաւաք մըն է, որուն կիզակէտը դիւանագիտական աշխարհն է։ Հրաւիրեալները քաղաքական առաջնորդներ են, որոնց կարգին՝ երկիրներու նախագահներ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, տնտեսագէտներ, առեւտրականներ, մինչեւ իսկ գիտնականներ։

Այս հարթակը ստեղծուած է միտքեր փոխանակելու, մտայղացումներ բանաձեւելու եւ միջազգային մարտահրաւէրներ դիմակայելու նպատակով: Սակայն, անմիջապէս նկատել տանք, որ սա միայն ծածկոյթն է, երեւութական երեսը:

Անդրանիկ համագումարը կազմակերպուեցաւ Յունիս 18-20, 2021-ին, մասնակցութեամբ քանի մը երկիրներու ղեկավարներու, նախարարներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, մասնագէտ ակադեմականներու։ Մասնակցութիւն բերած էին Քոսովոյի, Մոնթենեկրոյի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Հայիթիի եւ Սոմալիի (անշուշտ՝ եթէ օրինականօրէն գոյութիւն ունի) նախագահները, Ատրպէյճանէն հոծ պատուիրակութիւն մը, ղեկավարութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհան Պայրամովի, թրքամէտութեամբ ծանօթ՝ ամերիկացի դիւանագէտ Մաթիու Պրայզա եւ… շարքը երկար է։

Բացման հանդիսութեան, Էրտողան խօսք առած ու փիլիսոփայած էր, թէ դիւանագիտութիւնը կը մնայ ղեկավարներու եւ պետութիւններու միջեւ հաղորդակցութեան հիմնական գործելաձեւը: Ան նաեւ «գիւտ» մը ըրած էր, թէ՝ միջազգային բեմին վրայ կը շարունակուին կառուցուածքային եւ համակարգային փոփոխութիւններ, որոնց պէտք է արձագանգէ դիւանագիտութիւնը եւ այդ ոլորտին մասնագէտ մասնակցողները։

Այս «think tank»-ը, իր կառուցուածքով եւ նպատակներով, բոլորովին կը տարբերի «Թրքալեզու պետութիւններու կազմակերպութիւն»-էն, որ անցեալ տարեվերջին, Պոլսոյ մէջ կատարած էր հաւաք մը, յաւելեալ գործակցութիւն ստեղծելու համար որոշ երկիրներու միջեւ:

«Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»-ը շատ աւելի դիւրութեամբ կրնայ ներթափանցել ներկայի համաշխարհայնացած դրութեան մէջ, յաւելեալ զարկ տալով համաթրքական եւ համաթուրանական ընթացքին։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան պիտի մասնակցին օր մը ետք նախատեսուած այս խորհրդաժողովին: Չաւուշօղլու նշած էր, որ Անգարան նախապէս անձնական հրաւէրներ ուղարկած էր անոնց: Քայլ մը անդին երթալով, Չաւուշօղլու յայտնած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւս կրնայ Անթալիա այցելել: Այլ խօսքով եւ ըստ թրքական ակնկալութիւններուն, հայրենի բազմանդամ պատուիրակութիւն մը կրնայ ճոխացնել այս ձեռնարկը։

…Հայաստանի մէջ, իշխանութեան մօտիկ «բանգէտներ» կան, որոնք արտառոց բան չեն տեսներ, երբ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն ընելիքն ու չընելիքը կը յայտարարուի Թուրքիայէն: Արդէն դարձած ենք Թուրքիոյ մէկ մասնի՞կը։

Դատապարտելի է ներկայ իշխանաւորներուն դէպի Անթալիա մրցավազքը, որ նոր քարեր պիտի աւելցնէ հայկական պետականութեան քանդումի «կառոյց»-ին վրայ:

Բանականութենէ եւ ազգային տարրական պահանջներէ ձեռքերը չլուացած ոեւէ հայ ակնոցի կամ հեռադիտակի պէտք չունի, տեսնելու համար պատահածը։

Հայութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ աշխարհատարածքին, ամէն գնով պէտք է պայքարի,  ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՊԱՅՔԱՐԻ կործանարար վազքին դէմ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles